Ազրպէյճանի Մէջ Իրանի Դեսպանը Խաղաղասէրներուն Կը Յորդորէ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Լուծման Օգնելու Համար Համախմբուիլ

Մոհսեն Փաքայի

Aze.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհսեն Փաքայի յայտարարած է, որ հարաւկովկասեան շրջանին մէջ խաղաղութիւնը կրնայ հաստատուիլ միայն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումէն ետք:

Դեսպանը նաեւ «աշխարհի խաղաղասէր երկիրներուն» կոչ ուղղած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծելու համար քայլերու ձեռնարկելու:

Ան Իրանի պետական պատկերասփիւռին` Irib.ir-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ «աշխարհի խաղաղասէր պետութիւնները, մասնաւորաբար շրջանի երկիրները պէտք է համախմբեն իրենց ջանքերը եւ փորձեն նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ ճամբով լուծման»` աւելցնելով, որ «Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը եւս յայտարարած է խնդիրի լուծման աջակցելու իր պատրաստակամութիւնը… Ղարաբաղի հարցին մէջ մեր երկրին դիրքորոշումը կողմերուն միջեւ երկխօսութեան աջակցիլն է»:

Իրանցի պաշտօնեան աւելցուցած է, որ «ղարաբաղեան հարցին լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը արդիւնաւէտ չի գործեր»:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու, անվտանգութեան ապահովման համար արդիւնաւէտ միջոցներու չի ձեռնարկեր: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման նպաստել ուզող իւրաքանչիւր երկիր նախ եւ առաջ պէտք է լրջօրէն վերաբերի այդ խնդիրին», ընդգծած է Փաքայի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )