2014-ի Մոնտիալ. Տոմսակներուն Գինը` 90-էն 900 Ամերիկեան Տոլար

Նախորդ շաբաթավերջին ՖԻՖԱ-ի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 2014-ի Մոնտիալին տոմսակներուն գինը պիտի տարուբերի 90-էն 900 ամերիկեան տոլարի միջեւ:

Տոմսակներուն առաջին հանգրուանը շուկայ պիտի իջնէ յառաջիկայ 20 օգոստոսէն սկսեալ:

Բացման մրցումին տոմսակներուն գինը պիտի սկսի 220 ամերիկեան տոլարէն սկսեալ` հասնելով մինչեւ 330 (Բ. կարգի) եւ 495 (Ա. կարգի) ամերիկեան տոլար:

Իսկ աւարտական մրցումին տոմսակներուն գիներն են 440, 660 եւ 990 ամերիկեան տոլար:

Նշենք սակայն, որ այս գիները սահմանուած են ՖԻՖԱ-ին կողմէ: Բնականաբար, Մոնտիալին ընթացքին այդ գիները պիտի չմնան նոյնը, որովհետեւ անոնք կրնան տասնապատիկը աւելի սուղ գինով ծախուիլ` «սեւ շուկային» մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )