Պենթեքէ Ետդարձ Կատարեց Իր Տուած Որոշումէն

Ասթոն Վիլայի յառաջապահ Քրիսթիան Պենթեքէ նախորդ շաբաթավերջին անակնկալ որոշում մը տալով եւ ետդարձ կատարելով իր նախորդ որոշումէն նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, հակառակ անոր որ նախքան այս մէկը կատարելը, ան իր ակումբէն այլ կազմի մը փոխանցման առաջարկ մը ներկայացուցած էր:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ 22 տարեկան պելճիքացի միջազգային յառաջապահը, որ նախորդ տարեշրջանին «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն նշանակեց 19 կոլ, իր նոր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2017:

Նշենք, որ Պենթեքէով մօտէն հետաքրքրուած էին Չելսի եւ Թոթենհամ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )