«Գլխարկս Կը Հանեմ «Պունտըսլիկա»-ին Դիմաց» Հաստատեց Սեփ Պլեթըր

ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր, խօսելով գերմանական ժամանակակից ֆութպոլի` վերջին տարիներուն արձանագրած զարգացման մեծ թռիչքին մասին, նշեց, որ «Պունտըսլիկա»-ի ակումբները, իր կարծիքով, օրինակելի են միւս երկիրներուն համար:

Ան հաստատեց նաեւ, որ անցեալ տարուան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի աւարտական մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց երկու գերմանական մեծ ակումբներ` Պայէրն Միւնիխը եւ Պորուսիա Տորթմունտը, չզարմացուց զինք, որովհետեւ ընդհանրապէս գերմանական ակումբները առողջ են ու կայուն` տնտեսական գետնի վրայ, եւ իրենց խումբերուն մէջ ունին բազմաթիւ աստղեր:

Ան իր խօսքի աարտին` յարգելով գերմանական խումբերու յաջողութիւնները, ըսաւ, թէ իր գլխարկը կը հանէ «Պունտըսլիկա»-ին դիմաց:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )