Պարսելոնայի Մարզիչ Վիլանովա Կը Հրաժարի` Հիւանդութեան Պատճառով
Պարսելոնայի մարզիչ Թիթօ Վիլանովա կը հրաժարի իր պաշտօնէն` իր հիւանդութեան պատճառով: Այս լուրը կը հաստատէ Պարսելոնայի նախագահ Սանտրօ Ռոսել` արտակարգ ասուլիսի մը ընթացքին:
Վիլանովա (44 տարեկան) արդէն իսկ 2011 թուականէն կը պայքարէր քաղցկեղի դէմ եւ ան երկու անգամ վիրաբուժութեան ենթարկուած էր եւ դարման ստացած:
Սանտրօ Ռոսել նաեւ ըսաւ, թէ Պարսելոնան այն ակումբն է, որ իր բոլոր դժուարութիւններով, կրցած է այսքան տարիներ տոկալ եւ հասնիլ շատ մը յաջողութիւններու:
Այս շաբթուան սկիզբը Վիլանովան պիտի փոխարինեն նոր մարզիչով մը եւ արդէն իսկ կը խօսուի շատ մը թեկնածուներու մասին, ինչպէս` Պարսելոնայի նախկին սպանացի մարզիկ Լուիս Էնրիքէ, սպանացի Ռուպի, հոլանտացի Ֆրանք Ռիքարտ, արժանթինցի Մարքօ Պիելսա, փորթուգալցի Անտրես Վիլլաս Պոաս, շարք մը ուրիշ անուններ եւ ինչու չէ նաեւ` Սըր Ալեքս Ֆերկըսըն: