Ֆորմիւլա-1 – Ռետ Պուլ 2014. Ուեպըր Պիտի Հրաժարի` Այս Տարեշրջանի Աւարտին

Այս տարուան աւարտին Ռետ Պուլի վարորդ Մարք Ուեպըր պիտի հրաժարի Ֆորմիւլա-1-ի աշխարհէն: Այս գծով Ռետ Պուլ որոշած է Ուեպըրին յաջորդող վարորդի երկու անուններ` Քիմի Ռայքոնեն եւ Տանիել Ռիքիարտօ: Սակայն Ռետ Պուլի թիւ մէկ վարորդ եւ աշխարհի ախոյեան Սեպասթիան Վեթել յստակ դարձուց հանրութեան, թէ ինք չունի որեւէ նախընտրութիւն եւ որոշած է յաջորդ տարի նոյն ձեւով շարունակել գործը: Սակայն ան նշեց, որ որոշումի հասնիլը արդէն իսկ դժուար է խումբին համար:

Յստակ է, որ Ռիքիարտօ երկու տարուան փորձառութիւն ունի միայն Ֆորմիւլա-1-ի մէջ, սակայն միւս կողմէ, եթէ Ռայքոնեն նշանակուի Ռետ Պուլի երկրորդ վարորդը, շատ մեծ պայքար պիտի ստեղծուի իր եւ Վեթելի միջեւ, եւ այս պատճառով խումբը կրնայ տուժել եւ նախորդ տարիներու փայլուն օրերը կորսնցնել:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )