Հրայր Մկոյեան Տեղափոխուեցաւ Գանձասար
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կեդրոնի յետսապահ Հրայր Մկոյեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղափոխուեցաւ Գանձասար Կապան` մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով իր նոր կազմին հետ:
Գանձասարի գործադիր տնօրէն Վլատիկ Առաքելեան armsport.am-ին յայտնեց, որ եթէ Մկոյեան առաջարկ մը ստանայ արտասահմանէն, ապա, իր փափաքած ժամանակ, առանց փոխհատուցման կրնայ հեռանալ խումբէն:
26 տարեկան Մկոյեան, որ արդէն իսկ սկսած է իր փորձերուն` իր նոր խմբակիցներուն հետ, նախորդ տարեշրջանին մաս կը կազմէր Տինամոյին (Չեխիա), իսկ նախորդ մայիսին ան ենթարկուեցաւ ծունկի վիրաբուժութեան:
CATEGORIES Մարզական