50 Տարի Առաջ (23 Յուլիս 1963)

Տոմսեր

«Մածուն»-էն Մինչե՜ւ… «Օղի»

Ամերիկեան թերթի մը թղթակիցը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ միակ մեծ մարդուն` Նասրէտտին Հոճայի ծննդեան 700-ամեակին առիթով հանդիսութիւններ կազմակերպուած են Ագշեհիրի մէջ, որ Հոճային ծննդավայրը կը նկատուի: Այս առթիւ, կը պատմուի դարձեալ իր սրամիտ առակներէն մին:

Հոճան, օր մը, նստած կ՛ըլլայ լճի մը եզերքը` խոհուն ու մտածկոտ: Անցորդ մը կը հարցնէ, թէ ի՛նչ կը մտմտայ այդպէս, խորո՜ւնկ-խորունկ:

«Կը մտածեմ այս լիճը… մածունի վերածել», կ՛ըլլայ պատասխանը Հոճային:

– Սակայն անկարելի՜ է…

– Գիտե՛մ, թէ անկարելի է. սակայն ենթադրե՛նք` թէ անկարելի չէ..,- կը յայտնէ դարձեալ Հոճան:

Ամերիկացի թղթակիցը կ՛աւելցնէ, թէ հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր` Հոճային այդ կատակը լուրջ ձգտում դարձած է Թուրքիոյ մէջ, երկրին «անկարելի»օրէն անդարմանելի կացութիւնը բարելաւել փորձողներուն համար…

Տակաւին վերջերս, բանուորական միութեան մը ղեկավարը յայտարարեր է.- Այժմ անկարելի է յառաջդիմութիւն արձանագրել երկրին մէջ. սակայն, ենթադրե՜նք, որ անկարելի չէ»…

Հոճային «փիլիսոփայութիւնը» ժառանգ մնացած է Արեւմտեան դիւանագէտներուն եւս, որոնք դարերէ ի վեր անդադար կը փորձեն «թրքական ջուրը» մածունի վերածել: Հրաշք չէ անշուշտ, որ այդ «ջուրը» իրապէս սկսած է փոխուիլ… նեխած ճահիճի…:

* * *

Էքուաթորի մէջ, զինուորական պետական հարուած մը վերջ տուած է նախագահ Մոնրոյի իշխանութեան` զայն ամբաստանելով իբրեւ «խման»:

Նախագահը չէ՜ մերժած իրեն դէմ կատարուած ամբաստանութիւնը եւ յայտարարած է. «Այո՛, կը խմեմ. բայց գործս ալ լրիւ կը կատարեմ: Իրենց ինչի՞ն է պէտք իմ խմելս: Յետոյ, ինչո՞ւ չեն տեսներ, թէ ինձմէ առաջ որքա՜ն գինովներ կան` աշխարհի գործերը վարողներու մէջ: Օրինակ, հինգ տարիէ կը բանակցին հիւլէական փորձերու համար, եւ քաղաքէ քաղաք կ՛երթան կու գան, առանց զիրար հասկնալու, ճի՛շդ… գինովներու պէս: Չորս տարի է` Լաոսի մէջ, 15 տարիէ ի վեր` Պերլինի մէջ, կը խօսի՜ն, կը վիճի՜ն, կը սպառնա՜ն, յետոյ դարձեալ կը հանդարտին, ատենը անգամ մը նորէ՛ն կը բռնկին…: Ըսէ՛ք, խնդրեմ, գինովի գործեր չե՞ն ասոնք…:

Ամբո՜ղջ աշխարհ գինով է իմ կարծիքով, եւ ամէն մարդ ձեւով մը ինքզինք «կը գինովցնէ», կեանքի իր դառնութիւնները եւ յուսախաբութիւնները մոռնալու համար:

 ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Հետաքրքրական

«Ամօթի Պատ»-ը

Օգոստոս 13-ին, Պերլինի «Ամօթի պատ»-ի կառուցման երկրորդ տարելիցին առթիւ, որոշուած է մասնաւոր հանդիսութիւն մը կատարել Պերլինի մէջ: Ժամ 8:00-ին երկու վայրկեանի լռութիւն պիտի պահուի, եւ ապա պատկերասփիւռէն պիտի ցուցադրուի «Ամօթի պատը»: Արեւմտեան Գերմանիոյ ձայնասփիւռի բոլոր կայանները պիտի հեռարձակեն Պերլին Ազատութեան կոչնակի  ձայնը:

Պայքար Ծխախոտի Դէմ

Անգլիական Բժշկական միութիւններու համադաշնակցութիւնը, առողջապահական նախարարութեան դիմելով` կառավարութեան աջակցութիւնը խնդրած է քաղցկեղի դէմ խաչակրութեան մէջ: Համադաշնակցութեան առաջարկած միջոցներուն կարգին կան նաեւ հետեւեալները. ծխելը արգիլել, ծխախոտին վրայ նոր տուրք դնել եւ այս տուրքէն գոյանալիք գումարով ծխախոտի վնասներուն շուրջ քարոզչութիւն կատարել: Համադաշնակցութիւնը շեշտած է, թէ ծխախոտի դէմ իր սկսած նոր պայքարը արդէն բաւական լաւ արդիւնքներ տուած է: Բժիշկները իրենք ալ, անցեալ տարուան հետ բաղդատելով մէկ երրորդով պակսեցուցած են իրենց ծխած ծխախոտին քանակը` բարի օրինակ տալու համար:

Ամենաբարձր Թոշակը

Աշխարհի մէջ ամէնէն բարձր թոշակ ստացող մարդը ամերիկացի Ֆրետերիք Տոններն է, որ Տիթրոյիտի մէջ ինքնաշարժներու արտադրութեան ամէնէն մեծ գործարաններէն մէկուն տնօրէնն է: Տոններ տարեկան կը ստանայ 791 հազար 475 տոլար:

Նոյն ընկերութեան ուրիշ եօթը տնօրէններ տարեկան մօտաւորապէս 500 հազարական տոլար կը ստանան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )