Հալէպի Մէջ Ռումբի Պայթումէն Հայ Կին Մը Վիրաւորուած Է

Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի թղթակից Զարմիկ Պօղիկեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Հալէպի մէջ ռումբի պայթումէն հայ կին մը վիրաւորուած է: Վիրաւորուած կինը չէ ուզած, որ իր անունը հրապարակուի:

«Հալէպի տարբեր թաղամասերուն մէջ, ներառեալ` հայկական, կը շարունակուին ռումբերու պայթումները», ըսած է Պօղիկեան:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Հալէպի շրջափակումը ճեղքուած է: «Անցեալ շաբաթ Հալէպի շրջափակումը որոշ չափով ճեղքուեցաւ, երբ պետական մարմիններու ջանքերով դէպի Հալէպ անվտանգ ուղի բացուեցաւ սննդամթերքի փոխանցման համար: Անցնող շաբթուան ընթացքին Հալէպ հասան բանջարեղէնի տարբեր տեսակներ պարունակող բեռնատարներ, ինչպէս նաեւ մեծ քանակութեամբ վառելանիւթ», յայտնած է Զարմիկ Պօղիկեան:

Ըստ անոր, տեղական լրատուական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ մէկուկէս միլիոն լիթր մազութ եւ պենզին հասած է Հալէպի քանի մը փուռեր, ինչպէս նաեւ ծառայողական հաստատութիւններ, նամակատուներ, հիւանդանոցներ եւ նահանգային վարչութիւնը ապահովուած են այդ նիւթերով:

«Ութ ամիս փակ մնալէ ետք, քաղաքին մէջ վերջին օրերուն բացուած են վառելանիւթի հինգ կայաններ, ուր պենզինը կը վաճառուի ընդունելի գինով: Քանի մը օրէ այդ կայաններուն մօտ հերթի կանգնած են ինքնաշարժները: Պետական շարք մը փուռեր եւս սկսած են գործել 24 ժամուան դրութեամբ եւ յարմար գինով հաց կը մատակարարեն բնակչութեան», ըսած է ան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )