«Թուրք-Եգիպտական Յարաբերութեանց Մէջ Լարուածութիւնը Անցողակի Դէպք Մըն Է» Կ՛ըսէ Անգարայի Մէջ Եգիպտոսի Դեսպանը

Ապտել Ռահման Սալահէտտին

Անգարայի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ապտել Ռահման Սալահէտտին յայտնեց, որ թուրք-եգիպտական յարաբերութեանց մէջ տիրող ներկայ լարուածութիւնը ժամանակաւոր կացութիւն մը եւ անցողակի դէպք մըն է` նշելով, որ Եգիպտոս աշխատանք կը տանի երկու երկիրներու ներդրողներուն մտահոգութիւնները փարատող պատգամ ուղղելու:

Ան թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին ըսաւ, որ «թուրք բոլոր պաշտօնատարներն ու քաղաքագէտները զիս ուղղակի կերպով կը ճանչնան եւ թուրք-եգիպտական յարաբերութեանց նկատմամբ նախանձախնդրութիւնս կը գնահատեն: Անցեալ շաբաթ հանդիպում ունեցայ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ եւ անոր հետ երկու ժամ ժողով գումարելով անոր ամբողջական կերպով տեղեակ պահեցի Եգիպտոսի զարգացումներէն»:

Ըստ դեսպանին, Կիւլ Եգիպտոսի նկատմամբ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցած է` մաղթելով, որ այդտեղ իշխանութեան խաղաղ փոխանցում մը տեղի ունենայ:

Նշենք, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմի շաբաթ օր յայտնած էր, որ Եգիպտոս Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Եթովպիոյ հետ իր յարաբերութիւնները կը քննէ` ընդգծելով, որ «ամէն ինչ վերագնահատման պիտի ենթարկուի»:

Պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի համակիրները երէկ յարձակում գործեցին Թահրիր հրապարակին վրայ հաւաքուած Մուրսիի հակառակորդներուն դէմ: Բախումներուն պատճառով արձանագրուեցաւ 2 զոհ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )