Լաւրով Սուրիական Կառավարութեան Եւ Ընդդիմութեան Կոչ Կ՛ուղղէ «Ծայրայեղականները» Վտարելու Համար Համագործակցելու
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` բոլոր «ահաբեկիչներն ու ծայրայեղականները» Սուրիայէն վտարելու համար համագործակցելու:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լաւրով Սուրիոյ տնտեսական հարցերով փոխվարչապետ Քատրի Ժամիլի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ անցեալ ամիս Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ «ահաբեկիչներն ու ծայրայեղականները» վտարելու շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը պէտք է առաջարկուած խաղաղութեան «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի հիմնական կէտերէն մէկը ըլլայ:
Ան աւելցուց, որ «մեզի համար ցաւալի է, որ ի տարբերութիւն սուրիական կառավարութեան, ընդդիմութեան մէկ մեծ հատուածը, ներառեալ` Ազգային համաձայնական խորհուրդը, տակաւին այդպիսի պատրաստութեան չէ սկսած»:
Լաւրով շեշտեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Ժընեւի մէջ Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովի կազմակերպման իր ջանքերը` աւելցնելով, որ «կառավարութեան եւ ամբողջ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ մեր հանդիպումները կը շարունակենք բոլորը համոզելու համար, որ ընդունին ռուս-ամերիկեան նախաձեռնութիւնը»: Ան ցաւ յայտնեց, որ ի տարբերութիւն կառավարութեան, ընդդիմութեան մեծամասնութիւնը այդ հարցին վերաբերեալ հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր:
Սուրիոյ փոխվարչապետ Քատրի Ժամիլ իր կարգին Լաւրովի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ «Էս-300» հակաօդային հրթիռներուն շուրջ Ռուսիոյ հետ իր երկրին համաձայնութիւնները «տակաւին կը շարունակուին եւ ի զօրու են»: Ան նշեց, որ Լաւրովի հետ քննարկած է Սուրիոյ վարկի տրամադրման հարցը եւ յոյս յայտնեց, որ այս տարուան աւարտէն առաջ այս հարցին շուրջ կարելի ըլլայ համաձայնութիւն գոյացնել:
Ժամիլ շեշտեց, որ ռուսական փոխատուութեան ծաւալին մասին խօսելու համար տակաւին կանուխ է:
Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց հսկողութեան սուրիական կեդրոնը հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմութեան զինեալները գրաւած են Հալէպի նահանգի արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող Խան Ասալ գիւղը, որ շրջանին մէջ կառավարական ուժերու վերջին դիրքն էր:
Սուրիական ազատ բանակի քարտուղար Ամմար Ուաուի «Սքայ Նիուզ»-ի արաբական ծառայութեան յայտնեց, որ Սուրիական ազատ բանակին կողմէ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Խան Ասալ գիւղին տիրելը «Հալէպ քաղաքի (կառավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող) մնացեալ բաժինները գրաւելու ճամբան կը հարթէ»:
Աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ»-ին տեղեկացուցին, որ Խան Ասալը ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Հալէպ նահանգի արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններուն մէջ կառավարական ուժերու վերջին դիրքն էր եւ անոր տիրելը Հալէպ-Դամասկոս ճամբան կ՛ենթարկէ ընդդիմադիր ուժերու ամբողջական տիրապետութեան:
Թրքական բանակը երէկ յայտարարեց, որ կը հակադարձէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտ զինեալներու եւ Քայիտայի կողմնակից ուժերուն միջեւ բախումներուն ընթացքին սահմանի թրքական կողմին դէմ կատարուած յարձակումներուն:
Բանակը յայտնեց, որ սահմանին սուրիական կողմէն սպառնալիքներու դէմ անհրաժեշտ ապահովական միջոցները որդեգրած է` թրքական կառավարութեան կողմէ իրեն տրուած լիազօրութեան ծիրին մէջ: