Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն վախկոտ է եւ փախուստ տուած է պաշտպանութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նիստին մասնակցելէ` ծածկելու համար Ապրայի դէպքերը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի սանձազերծէ պատերազմ մը, որ կը սկսի Իրանէն եւ ապա թիրախ կը դարձնէ Հըզպալլան` հասնելով Սուրիա:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ:

ՖԱՏԸԼ Շաքեր նշմարուած է Սայտայի փողոցներուն մէջ եւ ապա վերադարձած Թաամիր Այն Հելուէ:

ԸՍՏ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին, Ֆիթրի տօնէն ետք հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի պիտի պաշտօնազրկուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց բոլորին կառչած մնալու լիբանանեան ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ մերժելու ներքին լիբանանեան սադրանքները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը լուսանցքայնացուելէ կամ պախարակուելէ շատ աւելի մեծ է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Խալիլ Հըրաուի յայտնեց, որ կարելի չէ երկիրը դէպի անիշխանութիւն մղել` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է կազմել նոր կառավարութիւն մը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ պարապ օղակի մէջ կը դառնայ, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն շրջագիծէն դուրս չի կրնար գալ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ այս շաբթուան իրադարձութիւնները կարեւոր եւ ռազմավարական պիտի ըլլան` յաջորդ հանգրուանի քաղաքական ուղեգիծերը ճշդելու առումով:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ժետտայի հանդիպումները պիտի ճշդեն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի երկխօսութեան կոչերուն ընդառաջելու կարելիութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին Լիբանան կանչելու իմաստով ուղղուած կոչը եւ վարչապետի պաշտօնին անոր թեկնածութեան հաւանականութիւնը քաղաքական յայտարարութիւններ կը նկատուին:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ իրենք Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայէն կ՛ակնկալեն շօշափելի փաստեր ներկայացնել Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ քննարկել զայն:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին խաղաղ եւ հանդարտ մթնոլորտ մը կը նախատեսուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը համոզուած է, որ կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի մասնակցութիւնը Սուրիոյ բախումներուն վերջինիս մեղսակցութեան հովանաւորութիւնն է:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքին կարելի չէ պայմաններ պարտադրել` օժանդակութիւններ ստանալու համար:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն համաձայնած են մեղմացնել քաղաքական ճառախօսութիւնը եւ խուսափիլ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դէմ յարձակելէ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելէն, շեշտեց, որ Լիբանան մեծ թիւով ապահովական ուժերու կարիք ունի:

ԸՍՏ կարգ մը աղբիւրներու, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ձախողած է հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանին պաշտօնազրկելու իր ջանքերուն մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի` դիմելու յանդուգն քայլերու եւ կազմելու ազգային շահերու կառավարութիւն մը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող հիմնական խոչընդոտը վարչապետ Թամմամ Սալամը ներկայացնող քաղաքական կողմն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ սալաֆական շարժումի ներկայացուցիչներէն շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ Քայիտա եւ Ժապհաթ Նուսրա ցարդ գոյութիւն չունին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )