Վարչապետ Սալամ Ցաւ Յայտնեց Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւններուն Ասեցումին Համար
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ շեշտեց, որ կառավարութիւնը Ռապիէի կամ այլ վայրի մէջ պիտի չկազմուի:
Ան ողջունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտարարութիւնները` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ որոշել վարչապետին հրաժարականը կամ անոր որդեգրելիք ընտրանքները:
Վարչապետ Սալամ ցաւ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները սառած են` նկատել տալով միաժամանակ, որ իր յարաբերութիւնները բոլորին հետ առկայ են եւ բաց:
CATEGORIES Լիբանանեան