Անցեալ Շաբաթ Զինադադարը Խախտուած Է 250 Անգամ
Լեռնային Ղարաբաղի բանակի տուեալներուն համաձայն, 14-20 յուլիս երկարող ժամանակաշրջանին Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է շուրջ 250 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 1000 կրակոցներ:
«Բանակի յառաջապահ զօրամասերուն ձեռնարկած քայլերուն իբրեւ արդիւնք հակառակորդի աշխուժութիւնը կասեցուած է եւ հայ դիրքապահները մարտագիծի ամբողջ երկարութեամբ շարունակած են վստահօրէն իրականացնել մարտական դիրքերու պաշտպանութիւնը», կը հաղորդէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
CATEGORIES Հայկական