Կարճ Լուրեր «Էն. Պի. Էյ.»-էն
Քլիվլընտ Քաւալիրզի կազմին պիտի միանայ 25-ամեայ Էնտրու Պայնըմը, երկու տարուան պայմանագիրով, որ պիտի արժէ 24 միլիոն տոլար: Ան անցեալ տարի որեւէ մէկ խաղ չխաղցաւ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի հետ` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Անոր ամէնէն լաւ տարեշրջանը եղած է 2011-2012 տարեշրջանը, երբ կը խաղար Լէյքըրզէն:
Միւս կողմէ, Հիուսթըն Ռոքեթց երկու նոր խաղցող միացուց իր կազմին, առաջինը` մէկ տարուան պայմանագիրով Աարոն Պրուքս (նախապէս մաս կազմած է խումբին) եւ երկրորդը` Ռեճի Ուիլիըմզը` երկար պայմանագրութեամբ:
Եւ վերջապէս, Տիթրոյիթ Փիսթընզ եւ Սաքրամենթօ Քինկզ յաջորդաբար իրենց կազմին միացուցին նոր եւ պատանի խաղցողներ Քենթավիուս Քալտուել-Փոփ եւ Թոնի Միչչել (Տիթրոյիթ) եւ Ռէյ Մաքքալում (Սաքրամենթօ):
CATEGORIES Մարզական