Մեսսի Եւ Նէյմար Դժուարութեամբ Լեզու Կը Գտնեն Իրարու Հետ

Ֆրանք Տը Պէօր

Այաքս Ամսթերտամի մարզիչ Ֆրանք Տը Պէօր կարծիք յայտնեց, որ Պարսելոնայի երկու յառաջապահները` Լիոնել Մեսսի եւ Նէյմար դժուարութեամբ լեզու կը գտնեն իրարու հետ, որովհետեւ Տը Պէօրի կարծիքով, այս երկու խաղցողներն ալ զգացմունքով լեցուն են:

Օրինակ մը տալով ան իր միտքը աւելի յստակ ձեւով ուզեց բացատրել` ըսելով, որ նոյն այս դժուարութեան հանդիպեցաւ Փեփ Կուարտիոլա, երբ միաժամանակ Մեսսի, Սամուէլ Էթու եւ Զլաթան Իպրահիմովիչ ունէր իր խումբին մէջ:

Ան նաեւ աւելցուց, որ շատ լաւ է նոյն ատեն երկու լաւ խաղցողներ ունենալ խումբին մէջ, որովհետեւ անոնք կրնան բազմաթիւ կոլեր նշանակել ի նպաստ խումբին, սակայն անպայման պահ մը կու գայ, երբ իւրաքանչիւրը ինքզինք եւ իր փառքը աւելի վեր կը դասէ, քան միւսը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )