«Կոլտ Քափ». Միացեալ Նահանգներ Կը Հասնին Կիսաւարտական

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող Քոնքաքաֆի «Կլոտ քափ 2013»-ի մրցումներու քառորդ աւարտականի Միացեալ Նահանգներու հաւաքականը 5-1 արդիւնքով ջախջախեց Էլ Սալվատորը եւ հասաւ կիսաւարտական հանգրուան: Միացեալ Նահանգներու կոլերը նշանակեցին Քանտըն Տոնովան, Էտի Ճոնսըն, Միկել Տիսկերուտ, Քլարընս Կոտսըն եւ Ճօ Քորոնա, իսկ Էլ Սալվատորի միակ կոլը փենալթիով նշանակեց Ռուտոլֆօ Զելայա:

Միւս քառորդ աւարտականի երեք մրցումներուն արդիւնքները հետեւեալներն են`

Փանամա –  Քուպա 6-1
Մեքսիքօ – Թրինիտատ եւ Թոպաքօ 1-0
Հոնտիւրաս – Քոսթա Ռիքա 1-0

Կիսաւարտական հանգրուանի երկու մրցումները տեղի կ՛ունենան 24 յուլիսին` հետեւեալ ժամանակացոյցով.

Միացեալ Նահանգներ – Հոնտիւրաս (11:00 կէսօրէ ետք)
Փանամա – Մեքսիքօ (2:00 կէսօրէ առաջ)

Իսկ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Շիքակոյի մէջ, կիրակի, 28 յուլիսին: Մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ կիսաւարտական խաղերէն յաղթական դուրս եկած երկու խումբերը:

Նշենք, որ բոլոր տրուած ժամերը Պէյրութի ժամանակացոյցով են:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )