Սերկէյ Մովսիսեան «Թագաւոր» Կը Հռչակուի Պանսքա Սթիվանիքայի Մէջ

Հայազգի կրանտմասթըր Սերկէյ Մովսիսեան յաղթելով` կրանտմասթըր Եան Մարքոսի (Սլովաքիա), տիրացաւ թագաւորի տիտղոսին` Սլովաքիոյ մէջ տեղի ունեցած Պանսքա Սթիվանիքայի փառատօնին ընթացքին:

Այս յաղթանակը առաջինը չէր Սերկէյի համար այս մրցաշարքին: Ան թագաւորի իր հինգերորդ կոչումն էր, որ կը ստանար: Նախապէս ան այս տիտղոսը շահած է 2005-ին, 2006-ին, 2007-ին եւ 2008-ին` յաղթելով բազմաթիւ կրանտմասթըրներու, ինչպէս` Սթոհլ, Նաւարա, Հրասեք եւ Մարքոս:

Նաեւ, Չեխիոյ մէջ ան Պլից մրցաշարքին առաջին դիրքին տիրացաւ` հաւաքելով 7,5 կէտ առաւելագոյն 9 կէտերէն: Ան առաջնութիւնը շահելով գերազանցեց 95 ճատրակ խաղացողներու, որոնցմէ 31-ը կրանտմասթըրի տիտղոս կը կրեն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )