Անգլիական Ֆութպոլի Աշխարհէն

Մանչեսթըր Եունայթըտ

Մանչեսթըր Եունայթըտի նոր մարզիչ Տէյվիտ Մոյես հաստատեց, որ բարեփոխուած եւ աւելի բարձր գինով նոր առաջարկ մը ներկայացուցած է ակումբին` ձեռք ձգելու համար Պարսելոնայի մարզիկ Ֆապրեկասը: Այս լուրը կը հաղորդէ espn.co.uk-ը:

Մոյես շեշտեց, որ ինք անձամբ չի հետապնդեր այս հարցը, այլ` ակումբի փոխնախագահ Էտ Վուտվորտը:

Այս լուրին կողքին կը խօսուի նաեւ, թէ Եունայթըտ հետաքրքրուած է Նիւքասըլի կիսապաշտպան Եոհան Քապայէով:

Թոթենհամ Հոթսփըրզ

Թոթենհամը համաձայնութեան եկաւ հոլանտական Թուենթէ ակումբին հետ` իր կազմին միացնելու պելճիքացի Նասեր Չատլին: Չատլի (23 տարեկան) 5 տարուան պայմանագիր մը կը կնքէ լոնտոնեան կազմին հետ եւ կ՛ըսուի, թէ փոխանցումը արժեւորուած է 7 միլիոն եւրոյով: Այժմ Չատլի իրեն հետ պիտի ունենայ իր ազգակիցներէն Մուսա Տեմպելէն եւ Եան Վերթոնկհենը:

Պէտք է նշել նաեւ, որ ան արդէն իսկ իր նոր ակումբին դաշտին վրայ կոլ մը նշանակած է, երբ իր նախկին խումբը երեք տարի առաջ «Չեմփիընզ լիկ»-ի խաղի մը մրցեցաւ Թոթենհամի դէմ:

Միւս կողմէ, Թոթենհամի մարզիչ Անտրես Վիլլաս Պոաս հաստատեց, որ ինք պիտի չբաւարարուի միայն երկու խաղցողներու ձեռք բերումով (Փաուլինիօ եւ Չատլի) եւ կը ցանկայ զօրացնել իր խումբը առաւելագոյն ձեւով, քանի տակաւին «փոխանցումներու պատուհան»-ին փակման համար մէկ ամիսէն աւելի կայ:

Լիվըրփուլ

Լիվըրփուլի կիսապաշտպան Սթիվըն Ճերարտ իր կարծիքը յայտնեց իր ակումբին միացած նոր խաղցողներու մասին, որոնք մրցեցան Ինտոնեզիոյ հաւաքականին դէմ եւ վերջինիս յաղթեցին 2-0 արդիւնքով:

Ան շեշտեց, որ Ինտոնեզիոյ հաւաքականին դէմ տեղի ունեցած խաղը այդ խաղերէն չէր, որ անպայման պէտք էր յաղթէին, այլ անիկա օգնեց, որ խումբը ֆիզիքապէս պատրաստուի յաջորդ տարեշրջանին, որ պիտի սկսի նուազ քան մէկ ամիսէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )