Փորձ-Հարցարան. Ինչպիսի՞ Ուտող Մըն Էք
Պատարաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Իմանալու համար, թէ ինչպիսի՛ ուտող մըն էք, պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 10 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:
1
Ճաշի ժումէ մը ետք կրկին անօթի կը զգաք
ա.- 1 ժամ ետք:
բ.- 2-4 ժամ ետք:
գ.- 6 ժամ ետք:
2
Կը պատահի՞, որ անկողին մտնելէ անմիջապէս առաջ բան մը ուտէք:
ա.- Միշտ:
բ.- Երբեմն:
գ.- Երբեք:
3
Կը պատահի՞, որ ձեր քունէն արթննաք անօթութեան պատճառով:
ա.- Յաճախ:
բ.- Քիչ անգամ:
գ.- Երբեք:
4
Ընդհանրապէս ճաշի սեղանէն կ՛ելլէք
ա.- Կուշտ:
բ.- Շատ կերած ըլլալու տպաւորութեամբ:
գ.- Ոչ բոլորովին կուշտ:
5
Ընդհանրապէս կը սիրէք
ա.- Կարծր ուտելիքները (մսեղէն, հաց, աղցան…)
բ.- Կակուղ ուտելիքները (խիւսի տեսակներ, դդմաճ…)
գ.- Հեղուկ ուտելիքները (ապուր տեսակներ)
6
Երբ ճաշէն առաջ խմիչք մը եւ քիչ մը պիստակեղէն առած էք
ա.- Աւելի եւս անօթի կը զգաք:
բ.- Նոյնքան անօթի կը զգաք:
գ.- Նուազ անօթի կը զգաք:
7
Համեմուած կերակուրները կամ նոր տեսակի կերակուրները կը սիրէ՞ք:
ա.- Այո:
բ.- Երբեմն:
գ.- Երբեք:
8
Ձեր ճաշը քաղցրեղէնով մը կ՛աւարտէ՞ք
ա.- Միշտ:
բ.- Երբեմն:
գ.- Եթէ պանիր չէք կերած:
9
Միջին հաշուով, ձեր ճաշի ժամը ձեզմէ կը խլէ
ա.- Հազիւ 20 վայրկեան:
բ.- 20-40 վայրկեան:
գ.- Աւելի քան 40 վայրկեան:
10
Հոգեկան ընկճուածութիւնը, ջղայնութիւնը
ա.- Չեն ազդեր ձեր ախորժակին վրայ:
բ.- Կ՛ազդեն ձեր ախորժակին վրայ:
գ.- Կը կտրեն ձեր ախորժակը:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, անկուշտ ուտող մըն էք: Տրուած ըլլալով, որ բազմազբաղ անձ մըն էք, յաճախ արագ եւ շատ կ՛ուտէք առանց կշտանալու բաւարարութիւնը զգալու:
Ձեր ժամանակը տրամադրած էք ձեր գործերուն եւ ընտանիքին, կ՛ապրիք հեւքոտ կեանք մը եւ սխալ ձեւով կը սնանիք: Ձեր ժամանակը վերադասաւորեցէք, եոկայի հետեւեցէք, ի հարկին սննդագէտի մը դիմեցէք:
***
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, քիչ թէ շատ չափաւոր ուտող մըն էք: Թէեւ պզտիկ «մեղքեր» կը գործէք եւ փորձութեան երթալու հակամէտ էք, սակայն ընդհանրապէս ձեր սահմանները գիտէք եւ շատակերութեան ծուղակը չէք իյնար:
***
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, տիպար ուտող մըն էք եւ այս պատճառով ալ ձեր մարմնով եւ ծանրութեամբ մտահոգուելու պէտք չունիք: Զուսպ եւ կամքի տէր անձ էք, նախանձախնդիր ձեր վայելչութեան եւ առողջութեան` պատրաստ էք շատ մը բաներէ զրկուելու:
Նորաձեւութիւն
Ո՞ր Լողազգեստը Կը Յարմարի
Ձեր Մարմնին
Լողազգեստի մը ընտրութիւնը բաւական դժուար է, քանի որ ի՛նչ ալ ըլլայ տարուան նորաձեւութիւնը, դուք քիչ թէ շատ պէտք է ընտրէք ձեր մարմնին յարմարողը, այսինքն` լողազգեստ մը, որ թէ՛ ձեր մարմնին առաւելութիւնները շեշտէ եւ թէ՛ ծածկէ որոշ թերութիւններ:
Այս գծով ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն մասնագէտները:
Ա.- Եթէ քիչ մը գէր էք, թելադրելի է որ ընտրէք մէկ կտոր լողագեստ մը, որ առաւելութիւնը ունի ձեր գիրութիւնը ծածկելու եւ մարմինը կոկելու:
Խուսափեցէք «պիւսթիէ» վերի մասերէն, եթէ խոշոր կուրծքեր ունիք: Նախապատուութիւնը տուէք պրէօթելով տեսակներուն, քանի որ աւելի հանգստաւէտ ու գործնական են:
Վերջին թելադրանք մը. ընտրեցէք միագոյն լողազգեստ մը, զգուշացէք յատկապէս գծաւոր եւ ծաղկաւոր տեսակներէն, որոնք աւելի եւս կը շեշտեն որոշ թերութիւններ:
Բ.- Եթէ բարձրահասակ էք, բարեձեւ եւ համաչափ, ձեզի արտօնուած է կրել երկու կտոր լողազգեստներուն բոլոր տեսակները` ձեր նախասիրած ձեւերով եւ գոյներով:
Գ.- Եթէ լայն ուսերով եւ փոքր կոնքով կազմուածք ունիք, ընտրեցէք երկու կտոր լողազգեստ մը, որուն վերի մասի պրէօթէլները կը կապուին ծոծրակին վրայ, այսպիսով կը նուազի ձեր ուսերուն լայնութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի վարի բաժինին, ընտրեցէք քիչ մը բարձր մէջքով տեսակները: Կրնաք կրել նաեւ մէկ կտոր լողազգեստը մը, որուն առջեւի բացուածքը «Վէ.»-ի ձեւ ունենայ:
Խուսափեցէք «պիւսթիէ» վերի մասերէն եւ նախապատուութիւնը տուէք գծաւոր վերի մասերուն:
Դ.- Եթէ նեղ ուսերով եւ լայն կոնքով կազմուածք ունիք, թելադրելի է, որ երկու կտոր լողազգեստ հագնիք: Վերի բաժինը թող ըլլայ այնպէս մը, որ ծաւալ տայ ձեր կուրծքերուն, մինչ վարի բաժինը թող ըլլայ կարելի եղածին չափ պզտիկ:
Խուսափեցէք մէկ կտոր լողազգեստներէն եւ շորթի ձեւով վարի մասերէն, որոնք պիտի շեշտեն որոշ թերութիւններ:
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
Պատկերասփիւռը Կը Քաջալերէ…
«Ճըռնըլ աֆ Փապլիք Հելթ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, այն երեխաները, որոնք երկար ժամեր կ՛անցընեն պատկերասփիւռին դիմաց, աւելի հակամէտ են քաղցր խմիչքներ սպառելու:
Այս եզրակացութեան յանգած են շուէտացի գիտնականներ, որոնք վիճակագրութիւն մը պատրաստած են 1.700 (2-4 տարեկան) երեխաներու վրայ: Անոնց կարծիքով, իւրաքանչիւր ժամը, որ երեխան կ՛անցընէ պատկերասփիւռին դիմաց, 50 տոկոսով կ՛աւելցնէ քաղցր զովացուցիչներ սպառելու հաւանականութիւնը:
Անշուշտ կռահեցիք, որ յանցաւորը պատկերասփիւռէն անցնող ծանուցումներն են, որոնք չեն կրնար անտարբեր ձգել եւ փորձութեան կը տանին թէ՛ փոքրերը եւ թէ՛ մեծերը:
Այս առիթով, անգամ մը եւս եկէք եւ յիշենք, թէ պատկերասփիւռը ի՜նչ աւերներ կը գործէ մեր երեխաներուն.
ա.- Պատկերասփիւռը կ՛ազդէ երեխաներուն երեւակայութեան եւ կ՛աղքատացնէ անոնց ստեղծագործ միտքը:
բ.- Պատկերասփիւռը կը վնասէ երեխաներուն կեդրոնացումին:
գ.- Պատկերասփիւռ կը նպաստէ երեխաներուն սոնքութեան:
դ.- Պատկերասփիւռը վայրագ կը դարձնէ փոքրիկները:
Անշուշտ որ պատկերասփիւռը ունի իր դրական երեսը, եթէ ճիշդ եւ չափաւոր ձեւով օգտագործուի. իսկ այդ մէկը մեծերուն պարտականութիւնն է:
Պահածոյի Տուփեր`
Որպէս Թաղար
Ինչպէ՞ս կարելի է պատշգամի տխուր պատ մը քանի մը ժամուան ընթացքին վերածել ուրախ, խօսուն եւ կեանքով լեցուն պատի մը… պարզապէս օգտագործելով պահածոյի պարապ տուփեր եւ զանոնք վերածելով փոքրիկ թաղարներու:
Այս հետաքրքրական պատը կը գտնուի Մոնրէալ քաղաքի մէկ թաղին մէջ: Ինչո՞ւ «չփոխադրենք» մեր պատշգամը եւ զայն վայելենք ամբողջ ամառը:
Խոհագիր
Դդմաճով Աղցան
250 կրամ զսպանակաձեւ դդմաճ
500 կրամ լոլիկ
Կապոց մը ռոքքա
Պճեղ մը սխտոր
100 կրամ մաքրուած, սեւ ձիթապտուղ
100 կրամ շերտուած փարմըզան պանիր
Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Լոլիկները կեղուել, միջուկը պարպել, իսկ պատեանը խորանարդաձեւ կտրտել: Սխտորին պճեղը առանց կեղուելու ճզմել:
Ռոքքան լուալ, ցամքեցնել: Կաթսայի մը մէջ տաքցնել ձէթը եւ 5-6 վայրկեան մէջը դարձնել մանրուած լոլիկն ու ճզմուած պճեղը, մինչեւ որ լոլիկներուն ջուրը ցամքի: Հանել սխտորին պճեղը, աւելցնել ձիթապտուղները, աղել, համեմել:
Մինչ այդ խաշել դդմաճը եւ քամոցէ անցընել, ապա աւելցնել լոլիկին եւ ձիթապտուղին վրայ:
Խառնուրդին աւելցնել ռոքքան եւ փարմըզանի շերտերը, զգուշութեամբ խառնել եւ հրամցնել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հայաստան
Երկի՛ր իմ գունատ, քեզ պէտք չեն արդէն,
Իմ երգի ճերմակ վերակապերը…
Դու ջահելացար, բայց քո արեան մէջ
Դեռ պիտի ապրեն պապիս պապերը…Աղքատանում եմ ես կամաց, անտես,
Դժուար է ապրել միշտ ծնկած, երկի՛ր,
Դո՛ւ էլ հարուստ չես, քո թռիչքը նոր
Իր բարձունքները դեռ պիտի հերքի…Դու ինձ կորցրիր, ես էլ քեզ, երկի՛ր,
Մենք իրար նայող որբեր ենք երկու,
Խորթ մօր հայեացքով մի՛ նայիր վրաս,
Դեռ որդիական սէր կայ իմ երգում…ՀՌԻՓՍԻՄԷ