Երիտասարդական Ոսպնեակ. Խանասորայ Դաշտի Կարկուտին Կարօտով (25 Յուլիս, 1897)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ      

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Այս պարագային խօսքը կը վերաբերի ամրան տօթակէզ եղանակի կարկուտին, որ այլապէս բնութենական իր գեղեցկութեան առընթեր, պատուհաս էր դարձած վայրագ ու քիւրտ ցեղախումբի մը գլխուն, որ համարձակած էր դարանակալ կերպով սպաննել հայ յեղափոխականներու մեծաթիւ ընտրանի մը` Գարահիսարի լերան լանջին եւ Առաքելոց վանքի շրջակայքին, պատճառ դառնալով ամբողջ ազգի մը կորովի թուլացման, հիասթափութեան եւ մարտունակ ոգիի սասանութեան:

Աւելի՛ն. թշնամի Մազրիկ ցեղը ականատես էր եղած հայ քաջարի յեղափոխականներուն կողմէ արձակուած փամփուշտներու տեղատարափ «կարկուտ»¬ին եւ կայծակնային յարձակումին, որպէս ազդանշան հայ վրիժառու բազուկի ու կամքի հարուածին, եւ իբրեւ պատասխան` անոնց գործած բարբարոս սպանդին:

Այս իմաստով, Խանասորի արշաւանքին ունեցած ազդուութիւնն ու ոգեւորիչ տարողութիւնը ատենին, եթէ երբեք մէկ կողմէ վերաջրդեղեց յուսալքուած ժողովուրդի մը առօրեան, ինքնավստահութեան ցոլքեր պարգեւեց երիտասարդութեան եւ ամրակայեց հայ յեղափոխականներու մարտական ոգին, ապա, հետագայ տասնամեակներուն, դիւցազնական այս եզակի արշաւանքը կրցաւ վարակիչ ուժ դառնալ պատանեկանի ու երիտասարդականի շարքերուն, անոնց մէջ սնուցանելով արութեան, համարձակութեան, խիզախութեան, թշնամին ուղղակի ճակատէն հարուածելու  յեղափոխաշունչ տրամադրութիւն ու կորով:

Փաստօրէն, Խանասորայ դաշտին վրայ տեղացած «կարկուտ»¬ին ուժականութիւնն ու գաղափարական հմայքը ամբողջ սերունդներու ներշնչման աղբիւր, ինքնակերտումի եւ ճանաչումի փարոս եւ անխառն ապրումներու հնոց հանդիսացաւ:

Ահա թէ ինչո՛ւ, եւ առհասարակ ազգային պատմագրութեան ու մա՛նաւանդ դաշնակցական գրականութեան մաս կազմող նուիրական այս արշաւանքին խորհուրդը պէտք է ընդմիշտ առնչել պատանեկան ու երիտասարդական մեր շարքերուն:

Արդարեւ, 116 տարիներ առաջ, Վանայ ծովուն հարաւ-արեւելեան շրջանի Խանասորայ դաշտին վրայ դաշնակցական ֆետայիներու վրիժառական յաջողութիւնն ու երկնած յաղթանակը, պսակադրումն իսկ էր հետագայ բոլոր ռազմական գործողութիւններուն, որոնք պիտի թափ ստանային եւ առհասարակ բարոյահոգեբանական ամուր կռուան հանդիսանային` բարբարոս թուրքին դէմ աննահանջ կռուելու եւ շղթայազերծուած պայքարին յարատեւութիւնը ամրապնդելու:

Իրօք, ատենին անկիւնադարձային համարուեցաւ այս արշաւանքը, պարզ այն հասկացողութեամբ, որ, տակաւին իր ծնունդի հնգամեակը հազիւ բոլորած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը  իր կարգին ծնունդ կու տար այլ հերոսական նուաճումի մը, որով կը պարծենանք առանձնաբար ու պէտք է, որ պարծենայ ազգը համակ` իբրեւ հպարտութեան ու ներշնչումի զուլալ աղբիւր:

Խանասորայ արշաւանքի պատմական սխրանքին առընթեր, անվարան հարկ է շեշտել անոր համազգային պահուածքն ու խոր նշանակութիւնը, որովհետեւ անոր կայացումը էապէս կ՛առնչուի եզակի յեղափոխականներու այն խումբին, որ, երբ թուրքի ճնշումին տակ փորձ կը կատարէր հեռանալ Վանէն դէպի պարսկական սահման, կը թակարդուէր քիւրտ Մազրիկ ցեղախումբին կողմէ, եւ գրեթէ կը բնաջնջուէր` ուժգին հարուած մը տալով հայ յեղափոխութեան:

Արդ, իրարու ետեւէ կը նահատակուէին դաշնակցական Պետոն, արմենական Աւետիսեանը եւ հնչակեան Մարտիկը եւ հոյլ մը նուիրեալ ֆետայիներ, որոնց վիճակուած էր քիւրտ դաւադիր ու նենգ արարքին զոհը դառնալ:

Նման արտասովոր մթնոլորտի ու ստեղծուած կացութեան դէմ յանդիման կը գտնուէր այս անգամ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` պատժական արշաւանքի մը նախաձեռնութեամբ հոգեզինուելու եւ հայութեան կորովի ու ինքնավստահութեան վերականգնումին լծուելու:

Այսուամենայնիւ, գերազանցապէս մարտական այս արշաւանքէն ուսանելին կը մնայ այն, որ դեռ կանուխ ժամանակէն, ազգային ազատագրական պայքարի իսկ սկզբնաւորութեան, դաշնակցական իրականութեան եւ ֆետայական շարքերուն մէջ կը գտնուէին նոյնպէս գերազանց անհատականութիւններ, որոնց ապագայատես ռազմագէտի, յանդուգն, քաջասիրտ, ազգանուէր եւ հայրենասէրի կազմաւորումը պիտի նպաստէր, որ անոնք յաջողէին հայոց պատմութեան վճռորոշ մէկ հանգրուանին ցուցաբերել այնպիսի վճռակամութիւն եւ անյողդողդ կամքի հասունութիւն, որ կարելի պիտի դարձնէր  շրջանցելու անշրջանցելի խոչընդոտներն  անգամ` յանուն ազգային արժանապատուութեան պահպանումին եւ ֆետայիի կերպարին առաւել պայծառացումին:

Փաստօրէն, դաշնակցականի իւրայատուկ ղեկավարի ու հայդուկապետի իր տիպարով յատկանշուող  Նիկոլ Դումանի խանասորեան արշաւանքի մտայղացումը, արդէն իսկ նուաճումն մըն էր ինքնին, իսկ անոր յաջողութեան եւ կենսագործումին համար տարուած աշխատանքը, անասելի դժուարութիւններու (ներքին` տարակարծութիւններու եւ արտաքին` մարդուժի եւ զինամթերքի յանձանցում) յաղթահարումը, կազմակերպչական երկարատեւ աշխատանքի հունաւորումը, եղած էին դաշնակցական գործիչներու ամբողջ մտասեւեռումը` յանուն արշաւանքի յաջողութեան:

Իրօք, պատեհ է արձանագրել, որ, որոշակիօրէն նման արշաւանքի մը իրագործումը  դժուար թէ իրականութիւն դառնար, եթէ երբեք գոյութիւն չունենային Նիկոլ Դումանեան երկաթեայ ու կարգապահ կամքի հզօրութիւնը, ռազմավարի բացառիկ ունակութիւնն ու ստանձնուած գործի հանդէպ  լրջութիւնը, մարդկայնական ըմբռնումներու անոր վեհափառ սկզբունքը` «երբեք չդպչիլ մանուկին, կնոջ ու ծերունիին»: Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել ընկերական ոգիի ամէնէն փայլուն արտայայտութիւնը, ի հարկին ընդունելով յիսնապետի մը պաշտօնը, եւ այս բոլորի վեր ու առանձնաբար , ազգային  արժանապատուութեան տէր կանգնելու ամենավսեմ գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` զազիր թշնամիին հանդէպ բիրտ ըլլալու աներեր կեցուածքը:

24 ¬ 25 յուլիս 1897¬ին Սալմաստէն ընթացք առած արշաւանքը` Արաուլ լերան լանջէն անցնելով ու տարբեր դիրքերէ ռազմադաշտի լաւապէս ուսումնասիրութեամբ, արդէն ահազանգը կու տար հայոց պատմութեան ամէնէն փառահեղ ճակատումներէն մէկուն, ուր պիտի անմահանար հայ մարտունակ դիմագիծի ուժական արտայայտութիւնը:

Խանասորայ դաշտին ամբողջական համայնապատկերը, ուր կայք էին հաստատած քիւրտ Մազրիկ ցեղի հրոսակները իրենց Շարաֆ պէկով, արդէն յստակ էր արշաւախումբին մաս կազմող աւելի քան 250 ֆետայիներուն համար, որոնք յանկարծակիի բերելով դաւադիրները, յարձակումով մը պիտի կարենային ահ ու սարսափի մատնել թշնամին, կոտրել անոր դիմադրելու կարողութիւնն ու կորովը եւ նուազագոյն վնասով իսկ ապահովել դաշնակցական ֆետայիի փայլուն յաղթանակը:

Յաճախ կը հանդիպինք ակնարկութիւններու, հաւանաբար իրաւացիօրէն, թէ անցեալի պատմութեան լուսաւոր էջերու առընթեր այսօրուան կեանքի հետ անոնց առնչութիւնը որքանո՞վ իրենց հնչեղութիւնը կը պահեն, կամ` նորահաս սերունդը ինչպիսի՞ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ նման դէպքերու նկատմամբ, երբ անոնց առօրեան կլանած են արհեստագիտական բազմապիսի երեւոյթներ, կեանքի նորարար մօտեցումներ եւ ապրելակերպի խաժամուժ սովորութիւններ:

Այս առումով, դաշնակցական պատանին ու երիտասարդը, որ ծնունդն իսկ է ճակատագրուած սփիւռքին, եթէ երբեք ժառանգորդն է իր նախնեաց փառքին ու ազգային ըմբռնումներուն, ապա բոլորէն աւելի պարտաւորուած է ինքնաճանաչումի ուղին ջրդեղել եւ վերապրիլ անզուգական հերոսներու կեանքն ու գործունէութիւնը, ոչ թէ սոսկ առիթներով յիշելով զանոնք, այլեւ` առաւել ինքնավստահութեամբ, պայծառ մտածողութեամբ եւ ստեղծագործ ունակութեամբ լծուելու դաշնակցական ամէն արժէքի վերարժեւորման եւ վերանորոգման:

Այսօր, համացանցի սերունդէն մեծ բան է ակնկալել, որ իր ժամանակակից կեանքին ագուցէ նաեւ անցեալի սրբազան արժանիքները, որոնք պիտի ներշնչեն զինք, զօրացնեն առաւել եւս, աւելի ընդունակ եւ համարձակ պիտի դարձնեն զայն` դիմագրաւելու համար կեանքի նոր պայմաններն ու դժուարութիւնները:

Միւս կողմէ, փոխան կարգախօսերու եւ մեղադրանքներու, թէ նորահաս սերունդին մօտ տակաւ կը կորսուին ազգային ու մարդկային արժանիքներ, կը մտածե՞նք հաւաքաբար  պատեհութիւն ստեղծելու ինքնադրսեւորման` պատանեկանի եւ երիտասարդականի տարիքին, նորարար մտածումներու եւ աշխատանքներու թափ տալու համոզումէն թելադրուած:

Նորարար մտքերն ու իրագործումներ կը բացակային, եթէ մեր առօրեայէն վանենք անցեալի սխրանքներուն իրաւութիւնը, անզուգական հերոսներու բացառիկ արժանիքները ու մանաւանդ` կորսնցնենք մեր նախնեաց վաստկած յաջողութիւններուն առանցքը հանդիսացող կամքի, անվեհերութեան, դիմակայութեան ու թշնամիին յաղթելու վճռակամութեան:

Արդար է  ըսել, որ Խանասորայ դաշտին վրայ թշնամիին գլխուն դաշնակցական ֆետայիներու տեղացուցած «կարկուտ»¬ները ուղեցոյց են գալիք սերունդներուն, գօտեպնդող եւ իրենց խորհուրդով այժմէական, որովհետեւ ներկայ թէ ապագայի սերունդներ միշտ ալ կարօտը պիտի ունենան նման սխրանքներու` պաշտպանելու դաշնակցական արժէքները, տիրութիւն ընելու գաղութահայ կեանքի յաջողութիւններուն, պահելու ու պահպանելու ազգային հարստութիւնները, այլապէս ալ դէմ դնելու կանգնելու կործանարար ամէն վարքագիծի:

Կը հաւատանք, որ սերունդներ եթէ երբեք կրցան իրենց հոգիէն վանել ու շպրտել ստրկութեան, անտարբերութեան, յուսալքումի թէ վախկոտութեան արատները, ապա աներկբայօրէն կը պարտին  Խանասորայ դաշտի վրայ տեղացած օրհնաբեր «կարկուտ»¬ին, որ իր կարգին մաքրաջրեց եւ պայծառացուց դաշնակցական ֆետայիի կերպարը:

Արդ, վա˜յ այն հայրենիքին, որ զուրկ է նման ազգակերտ «կարկուտ»¬ի պատուաբեր առանձնայատկութենէ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )