Արուեստի Աշխարհէն. Թանձրաձոյլ Շաղախէ Մարդոց Թաքուն Կեանքը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԼԵՑՈՒՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՆՐԱԿԵՐՏ ԳՈՐԾԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՀԻՒՍԵՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ: «ԹՈՒԻՍԹԸՏ ՍԻՖԹԸՐ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՆՔ ԱՆՈՆՑ ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ԵՒ ՔԱՆԻ ՄԸ ԶԱՐՄԱՆԱՀՐԱՇ ՆՄՈՒՇՆԵՐՈՒ:
Իսաաք Քորտըլ սպանացի արուեստագէտ մըն է, որ 1999-էն ի վեր կ՛իրագործէ արուեստի գործերու իր իւրայատուկ ծրագիրները: Ան իր «Թանձրաձոյլ շաղախէ խաւարումներ» վերնագիրով մանրակերտ քանդակները սկսած է շինել 2002-ին, երբ կը յաճախէր արուեստի դպրոց մը, սակայն իր քանդակները փողոցներու մէջ սկսած է զետեղել 2006-ին` Սպանիոյ Վիկօ քաղաքին մէջ:
Քորտըլ մանրակերտ քանդակները կը շինէ իր բնակարանին մէջ, որ նաեւ իր արուեստանոցն է: Զանոնք զետեղած է Եւրոպայի բոլոր գլխաւոր քաղաքներուն մէջ, ներառեալ` Լոնտոն, Ամսթերտամ, Պարսելոնա, Միլանօ, Պերլին եւ Պրիւքսել: «Անոնք փոքր միջամտութիւններ են` մեծ քաղաքներու մէջ, կ՛ըսէ Քորտըլ` նկարագրելով «Թանձրաձոյլ շաղախէ խաւարումներ» վերնագիրով քանդակներու շարքը:
Կենցաղային նիւթերու վերաբերող ամերիկեան «Աճենտա Մեկըզին» թերթին հետ հարցազրոյցի մը առիթով Քորտըլ հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ իր քանդակները.
«Մեր հայեացքը շա՛տ ուժեղ կերպով կեդրոնացած է գեղեցիկ եւ հսկայական բաներու վրայ, մինչդեռ քաղաքը նաեւ կը պարունակէ այնպիսի շրջաններ, որոնք կարելիութիւնը ունին գեղեցկանալու կամ իրապէ՛ս գեղեցիկ էին անցեալին, ինչ որ կ՛անտեսենք: Շատ հետաքրքրական է ինծի համար երթալ եւ գտնել նման վայրեր եւ փոքր միջամտութիւններու միջոցով զարգացնել իբրեւ ընկերային զանգուած` մեր վարմունքը տարբեր ձեւով դիտելու մօտեցում մը»:
Ստորեւ՝ Քորտըլի նորագոյն գործերէն նմուշներ: