50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 3 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՀԱՅ ԵՐԳԱՀԱՆ ՄԸ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻ
«ՔՈՄՊԱ» ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ԲԱՐՁՐ
ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՍԱՐԳԻՍ ՊԱԼԱՍԱՆԵԱՆԸ
Այս միջոցիս Փարիզ կը գտնուին խորհրդային երեք երգահաններ` Եուրի Շափորին, Ժորժ Սվիրիտով եւ Սարգիս Պալասանեան: Իրենց ի պատիւ սարքուած է երաժշտական ընդունելութիւն մը, եւ ներկայացուած են երեք երգահաններուն կարգ մը գործերը:
Փարիզի «Քոմպա» օրաթերթի երաժշտական քննադատը` Ժան Համոն, ամէնէն աւելի խանդավառուած է հայ երգահանով, որ յայտնութիւն մը եղած է իրեն համար եւ հետեւեալ տողերը կը նուիրէ անոր.
«Սարգիս Արսէնի Պալասանեան ծնած է Աշխապատ, 1902-ին:
Այս հայանուն երաժիշտին յօրինումները աւելի հետաքրքրական են, քան` միւսներունը: Երաժշտագէտ եւ երգահան միաժամանակ` կը փնտռէ եւ կը հաւաքէ Տաճիկիստանի ժողովրդական երգերը, յաճախ պահպանուած բերնէ բերան: Գրած է Տաճիկստանի առաջին օփերաները, դասական պարախաղ մը` ներշնչուած հին աւանդավէպէ մը` «Լէյլի եւ Մեճնուն», «Հայկական ռափսստի» մը, մեղեդիներ եւայլն: Իր գործերէն լսեցինք «Հայկական երեք երգեր նուագախումբի համար» եւ երկու պարեր` «Լէյլի եւ Մեճնունէն», որ տեսակ մը արեւելեան «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ» է: Չափազանց հրապուրուեցայ: Պիտի առարկուի, թէ մենք` արեւմուտքցիներս, միշտ հրապուրուած ենք արեւելեան մեղեդիներով եւ կշռոյթներով եւ, սակայն, շատ ալ չենք փորձուած հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ: Մէկ կողմ ձգելով եղանակներուն հրապոյրը` ըսենք անմիջապէս, որ Պալասանեան արտասովոր
երգահան մըն է, շատ աւելի նուրբ եւ ճարտար համանուագախումբի գործիքաւորումին մէջ, քան իր հայրենակիցը` Խաչատուրեան: Պալասանեան իր յօրինումի արդի ձգտումներով աւելի մօտ կը թուի Քոտալիի, քան` Պարթոքի: Աւելի կ՛ենթարկուի իր ներշնչումին եւ հետամուտ չէ ժողովրդական ատաղձէն վերստեղծել տոհմիկ դրոշմով երաժշտութիւն մը:
ՄԻԼԱՆՈՅԻ ՀԱՅԵՐԸ
Իտալահայ մշակութային միութիւնը Միլանոյի հայկական տան երդիքին տակ մեծ յաջողութեամբ ունեցած է իր տարեկան պարահանդէսը, Իտալիոյ գրեթէ բոլոր քաղաքներէն հայեր եկած են մասնակցելու հանդէսին, որ տեւած է մինչեւ առաւօտեան ժամը 3-ը: Ներկայ գտնուած են նաեւ իտալացի ընտանիքներ: Մեծ տպաւորութիւն թողած են հայկական պարերը եւ ստեղծած` խանդավառ մթնոլորտ:
Մշակութային միութիւնը ամէն առթիւ վառ պահած է Միլանոյի ազգային կեանքը եւ իր շուրջ հաւաքած` գաղութի ամբողջ հայութիւնը:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՏՕՆԱԾ ԵՆ ԱՊՐԻԼ 24-Ը
ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ
Հակառակ Փարիզի մէջ տիրող արտակարգ դրութեան եւ պաշարման վիճակին, ապրիլեան Եղեռնի 46-րդ տարեդարձը ոգեկոչուած է եռեակ հանդիսութիւններով: Մեծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուած է կիրակի գիշեր, 23 ապրիլին, Սալ Քատէ, ուր ապրիլեան սերունդը յիշատակի պատշաճ հանդէս մը կազմակերպած է: Նախագահած է Կ. Մեհեան եւ բանախօսած` Հ. Հանտալեան:
Նոյն օրը Սաքրէ Քէօրի մայր տաճարին մէջ հայ եւ օտար հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը հետեւած է հայածէս պատարագին: Երկուշաբթի հայ նախկին ռազմիկներու միութիւնը յաջողած է ապրիլ 24-ի թուականը ունենալ Անծանօթ զինուորին բոցը արծարծելու համար: Հակառակ աշխատանքի ազգային դադարին եւ քաղաքին մէջ հռչակուած հաւաքոյթներու արգելքին` մեծ թիւով հայեր փութացած են Յաղթանակի կամար, ուր ֆրանսական եւ հայկական եռագոյններու շուքին տակ միութեան նախագահը Պ. Պատկերճեան վերարծարծած է բոցը:
– ՀԱԼԷՊԻ մէջ, ապրիլ 24-ին, Հալէպի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւններ կատարուած են: Երեկոյեան Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիի մէջ ալ յիշատակի հանդէս տեղի ունեցած է` մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական համայնքներուն: