Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Լաւ Ծնողք Ըլլալու Գաղտնիքները
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երբ տան մէջ երեխայ կը ծնի, ծնողները կը ցանկան, որ իրենց փոքրիկ հրաշքը ունենայ երջանիկ մանկութիւն եւ պայծառ յիշատակներ իր մանկութեան մասին, որոնք կը դառնան անոր անհատականութեան զգայական հիմքը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք մասնագէտներու կողմէ տրուած խորհուրդներ, որոնք կ՛օգնեն ձեզի ըլլալու լաւ ծնողներ:
1.- Սէր` Առանց Նախապայմաններու
Դուք երեխան կը սիրէք ոչ թէ պատճառի մը համար, այլ այնպէս, ինչպէս որ է: Երեխան կրնայ նեղացնել կամ բարկացնել ձեզ, սակայն անոր նկատմամբ ձեր սէրը պէտք չէ խախտի: Նաեւ կարելի չէ երեխային ըսել, թէ զինք կը սիրէք, եթէ… Երեխան պէտք է վստահ ըլլայ, որ ինք իր ծնողներուն ուրախութիւնն է` անկախ ամէն ինչէ:
2.- Երեխային Ժամանակ Տրամադրել
Մեծերուն համար երեխային կողքին երկար ժամեր նստիլը ժամանակի կորուստ է: Բայց իրականութիւնը այն է, որ երեխայի հետ անցուցած իւրաքանչիւր ժամը կը հարստացնէ անոր ուրախ մանկութեան յիշողութիւններու շտեմարանը:
Հետեւաբար երկար ժամանակ անցուցէք ձեր երեխային հետ:
3.- Սահմանափակել Արգելքները
Ծնողներուն համար ամէնէն դիւրին բանը երեխային արգիլելն է: Որքան երկար ըլլայ արգելքներուն շարքը, այնքան աւելի հանգիստ կ՛ըլլան անոնք: Սակայն, նման պարագայի, մանկութեան մասին երեխային կը մնան ընդամէնը «բանտային» յիշողութիւններ:
Արգիլեցէք միայն այն, ինչ որ կը սպառնայ երեխային կեանքին կամ անվտանգութեան:
4.- Երեխաները Կը Կապկեն Իրենց Ծնողները
Եթէ կ՛ուզէք, որ երեխան կոկիկ ըլլայ եւ հագուստները սենեակին մէջ չթափառին, ապա դուք պէտք է որ օրինակ ծառայէք եւ միշտ կոկիկ պահէք ձեր հագուստի պահարանը: Երեխաները ամէն ինչով կ՛ընդօրինակեն իրենց ծնողները` թէ՛ լաւ եւ թէ՛ վատ արարքները: Ձեր վարքը ամէնէն արդիւնաւէտ դաստիարակչական միջոցն է:
5.- Յարգեցէք Երեխային Անհատականութիւնը
Ձեր երեխան լուրջի առէք, անոր հետ յաճախ խորհրդակցեցէք, առէք անոր կարծիքը, առիթ տուէք, որ ան կարգ մը որոշումներու կայացման մասնակից դառնայ, զգայ, որ իր կարծիքը հաշուի կ՛առնուի: Այսպիսով, կը բարձրանայ անոր ինքնագնահատականը, ինչպէս նաեւ յարգանքը` ձեզի հանդէպ:
6.- Բացատրեցէք
Յոռեգոյն պատասխանը, որ կրնաք տալ երեխային հարցումին, «դուն դեռ պզտիկ ես, չես հասկնար» է: Փորձեցէք գոհացում տալ անոր հետաքրքրութիւններուն, հարցումներուն, կարելի եղածին կամ պարզացուած, բայց ոչ խեղաթիւրուած ձեւով:
7.- Մի՛ Վախնաք Շատ Հոգատար Ըլլալէ
Չափահաս մը օրական գոնէ 4 անգամ գրկընդխառնութեան կարիք ունի: Իսկ երեխաները` անհամեմատօրէն շա՛տ աւելին:
Անոնք ունին սիրոյ եւ հոգատարութեան կարիք, այս իսկ պատճառով մի՛ վարանիք անոնց տեւաբար ցոյց տալու ձեր սէրը:
8.- Մի՛ Քննարկէք Երեխան Իրեն Ներկայութեան
Մի՛ քննարկէք երեխային վերաբերեալ հարցերը իրեն ներկայութեան, ան կ՛ամչնայ եւ նեղ կացութեան կը մատնուի:
Նաեւ մի՛ քննադատէք երեխան, այլ քննադատեցէք անոր սխալ արարքները:
9.- Երեխային Տուէք Ձեր Լաւագոյնը
Երեխային փորձեցէք տալ ոչ թէ այն, ինչ որ լաւագոյնն է աշխարհի երեսին, այլ լաւագոյնը, որ կայ ձեր մէջ: Երբ կը ձգտիք երեխային նիւթապէս ապահովել, յիշեցէք, որ միշտ ալ կը գտնուին մարդիկ, որոնց երեխաները աւելի ապահովուած են, որոնք աւելի լաւ տուներու մէջ կ՛ապրին, աւելի ճոխ հագուստներ կը հագուին…
Պարզապէս ձեր կարողութեան սահմաններուն մէջ ձեր երեխային կողքին կեցէք, մրցակցութեան մի՛ ելլէք: Երեխան վստահաբար կը գնահատէ ձեր զոհողութիւնը եւ ձեզ կը համարէ աշխարհի լաւագոյն ծնողը:
Նորաձեւութիւն.
Անհրաժեշտ Կտորներ`
Կնոջ Մը Պահարանին Մէջ
Շատեր առտու կ՛արթննան եւ ժամերով շուարած ու գամուած կը մնան պահարանին առջեւ, քանի որ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի կրեն:
Ոմանք ժողովի պիտի երթան, ոմանք` թաղումի, ուրիշներ` ցուցահանդէսի… Առիթները կը տարբերին, սակայն եթէ մեր պահարանին մէջ ունենաք կարգ մը կենսական կտորներ, երբեք պիտի չանճրկինք եւ շատ արագ պիտի կարենանք այդ կտորները իրարու յարմարցնել եւ քանի մը մանր-մունր աքսեսուարով զանոնք կրել տարբեր առիթներով:
Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն մասնագէտները.
ՃԵՐՄԱԿ ՇԱՊԻԿ մը անհրաժեշտ է բոլորին. անիկա պէտք է ըլլայ քիչ թէ շատ դասական, որպէսզի հագցուի թէ՛ գործի վերաբերող ժողովի մը, թէ՛ թաղումի մը եւ թէ՛ քոքթէյլի մը առիթով:
ՍԵՒ ՏԱԲԱՏ մը, որ դարձեալ ըլլայ դասական եւ նոյնպէս հագցուի զանազան առիթներով:
ՊԱԼԸՐԻՆ կօշիկներ, որոնք տակաւին շատ նորոյթ են եւ գործնական, յատկապէս` օրուան մէջ:
ԲԱՐՁՐԱԿՐՈՒՆԿ կօշիկներ` պաշտօնական առիթներու համար:
ՃԻՆԶ տաբատ` զանազան առիթներու կրելու համար:
ԹԻ-ՇԸՐԹՆԵՐ` առօրեայ գործածութեան համար:
Ըստ մասնագէտներուն, եթէ ձեր պահարանին մէջ ունիք այս հիմնական կտորները, կրնանք զանոնք իրարու յարմարցնելով որեւէ առիթի հագուիլ` պարզապէս ֆուլար մը, գօտի մը, զարդասեղ մը կամ մանեակ մը յարմարցնելով:
ԲԱՃԿՈՆ մը կամ վերարկու մը` ըստ եղանակի հագուելու համար, նախընտրաբար` միագոյն (սեւ, լազուարթ, մոխրագոյն, պեժ…):
ՀԱԳՈՒՍՏ մը, նախընտրաբար` սեւ, որպէսզի տարբեր աքսեսուարներով, տարբեր առիթներու հագցուի:
Ինչպէս Ֆուլար Մը Պայուսակի Վերածել
Եթէ ձանձրացած էք ձեր կաշի, ծանր պայուսակներէն, եկէք` պատրաստեցէք նորաձեւ, թեթեւ պայուսակ մը` հետեւելով ճափոնական ֆիւրոշիքի կոչուած թեքնիքին:
Ընտրեցէք ձեր ճաշակին համապատասխանող խոշոր, քառակուսի ֆուլար մը եւ նկարին բացատրութեան հետեւելով` քանի մը վայրկեանի ընթացքին զայն վերածեցէք ուսէն կախուող պայուսակի մը: Իսկ երբ ձանձրանաք, ձեզի կը մնայ քակել հանգոյցները եւ վերադառնալ ձեր նախկին ֆուլարին:
Խոհագիր
Հացի Մէջ Եփած Հաւկիթ
– 4 հաւկիթ:
– 4 կլոր հաց:
– 8 ապուրի դգալ թարմ սեր:
– 4 ապուրի դգալ տաշուած կրիւյեր պանիր:
– Աղ, սեւ փոշի պղպեղ:
Պատրաստութիւն.-
Փուռը նախապէս տաքցնել 150 ջերմաստիճան:
Կլոր, փոքրիկ հացերուն «գլուխները» կտրել զգուշութեամբ, ապա մէջերը փոսիկ բանալ` միջուկէն քիչ մը պարպելով ու շարել փուռի ափսէի մը մէջ:
Չորս հացերուն յատակներուն աւելցնել մէկական ապուրի դգալ թարմ սեր, ապա կոտրել մէկական հաւկիթ, դարձեալ աւելցնել մէկական ապուրի դգալ թարմ սեր, աղել, համեմել եւ երեսները զարդարել մէկական ապուրի դգալ տաշուած պանիրով:
Եփի տեւողութիւնը սկզբունքով 10-15 վայրկեան է, սակայն կրնայ փոխուիլ` նայած հացին մեծութեան, միջուկին թանձրութեան եւ այլն…
Վերջին 5 վայրկեաններուն հացերուն «գլուխներ»-ն ալ փուռ մտցնել եւ հացերուն կողքին եփել, որպէսզի տաք հրամցուին:
Փուռէն հանելէն ետք հացերը ծածկել իրենց «գլուխներ»-ով եւ անմիջապէս հրամցնել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Խեղդուելու չափ պէտք ունիմ ես
Լաւ ընկերոջ ու լաւ մարդկանց.
Ոչ մի թաւիշ շող ու շքեղ,
Ոչ մի գունեղ մետալ ու գանձ.
Ոչ մի թռիչք` երկինք հասնող,
Փառքի կատար ամենախանձ,
Ու պարտադիր սուտ սէրերի,
Ոչ մի կպչուն սոսինձ ու սանձ:
Մաքուր, մաքուր ու լուսնատես,
Լուսաբացի ցուրտ օդի պէս.
Ես յոգնել եմ, յոգնել եմ ես
Ձեւացնելով ու ձգելով,
Չեղած լաւը սուտ փքելով,
Յոյս տալով ինձ, սպասելով,
Ու մեղաներ ինձ ասելով:
Տարիները եկել դիզուել`
Ծանրացել են թռիչք ու թափ,
Լաւ սրտերի պէտք ունիմ ես
Խեղդուելու չափ,
Խեղդուելու չափ:ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ