50 Տարի Առաջ (7 Օգոստոս 1963)

Հայկական Կեանք

Ցիր Ու Ցան Հայեր
Ֆրանսական Գաւառներու Մէջ

Անցորդ մը հետեւեալ տեղեկութիւնները կու տայ Ֆրանսայի գաւառներուն մէջ ցիր ու ցան հայերու մասին.

Վիէնէն դէպի Լիոն երկարող խճուղիին երկու եզերքները կան բազմաթիւ գիւղեր ու գիւղաքաղաքներ, ուր կ՛ապրին բաւական թիւով հայ ընտանիքներ: Ստորեւ կու տանք անոնց ազգային եւ տնտեսական կեանքին ամփոփ պատկերը.

ՍԵՍԻՒԷԼ.- Վիէնէն վեց քիլոմեթր հեռու, լերան մը բարձունքը, բազմած է այս փոքր, բայց օդասուն գիւղը, որուն կից կը գտնուի Իզեր նահանգի թոքախտաւորներու հսկայ ապաքինարան-հիւանդանոցը:

Այս գետահայեաց գիւղին մէջ ունինք երկու տնուոր հայ ընտանիքներ: Մին կը կոչուի Ճուլֆայեան (հաճընցի), իսկ միւսը` Մարտիրոս (արմտանցի):

Երկուքն ալ ունին ագարակներ ու կը զբաղին հողամշակութեամբ եւ անասնապահութեամբ, Երկուքն ալ բարեկեցիկ են ու բազմանդամ:

ՇԱՍ.- Վիէնի մօտիկ, փոքրիկ գիւղաքաղաք մըն է: Հակառակ իր նեղ սահմանին` դարձած է բանուորական շէն քաղաք մը: Ֆրանսայի մեծագոյն պողպատի ձուլարաններէն մին կը գտնուի այստեղ, ուր կ՛աշխատին մօտ 700 երկսեռ բանուորներ, գիշեր ցերեկ: Գործաւորներուն մեծ տոկոսը օտարներ են: Ասոնց կարգին` բաւական թիւով հայեր:

Հոս ունինք հայ գաղութ մը, որ քառասուն տարուան կեանք ունի: Հաճընցիները մեծամասնութիւն կը կազմեն: Կան նաեւ խարբերդցիներ եւ մարաշցիներ:

Առաջին տասնամեակին, երբ գաղութին մէջ կը տիրէր խանդավառութիւն, ազգային եռուզեռ, բազմաթիւ միութիւններ, զանազան անուններու տակ, քաղաքական կուսակցութիւններ, բարեսիրական միութիւններ, Հոկ, Վերաշինաց զիրար կը խաչաձեւէին: Դժբախտաբար երկրորդ տասնամեակին սկսաւ թուլանալ այդ ընթացքը: Նահանջ մը դէպի ետ, երբեմնի այդ շէն գաղութին մէջ, ներկայիս ո՛չ մրցում կայ, ո՛չ ալ գործող որեւէ կազմակերպութիւն: Ամէն ոք լքած է ազգային գործը, Մամոնայի ետեւէն կը վազեն բոլորը: Հաճնոյ հայրենակցական միութեան մասնաճիւղը, որ գոյութիւն ունի սկիզբէն ի վեր եւ անցեալին մէջ շօշափելի գործունէութիւն մը ունեցած է, ներկայիս գրեթէ կազմալուծուած վիճակ մը ունի: Անոր գոյութեան միակ ապացոյցը կը կազմէ տարին մէկ անգամ ժամ-պատարագ ու մատաղ մատուցանել: Այս միութիւնը կը պահէ նաեւ ծաղկոց մը հայ երկսեռ մանկանց, ուր 20-30 երեխաներ կը գեղգեղէին մեսրոպեան տառերով: Կ՛իմանանք, որ այժմ ծաղկոցն ալ իր դռները փակած է:

Շասէն քանի մը քիլոմեթր դէպի Լիոն կայ Ֆեզեն գիւղը, ուր եւ շրջականները կ՛ապրին քանի մը տնուոր հայր, բոլորն ալ` բարեկեցիկ ու գործատէր, Թ. Կարապետեան` խարբերդցի, սափրիչ ու տանտէր. գիր ու գրականութիւն սիրող հայ մը: Պ. Գրիգորեան` պտուղի առեւտրական: Հ. Ապրանեան` սափրիչ, Պօղոսեան եւ ուրիշներ:

 

Տոմսեր

«Ո՞ւմ Է Պէտք Կինը»

Խորհրդային «նոր մարդ»-ը նո՛ր կարծիքներ ունի կեանքի մասին, եւ այդ առնչութեամբ հետաքրքրական վկայութիւն մը կու տան երկու բանուորուհիներ` Բ. Բարոյեան եւ Տ. Մնացականեան, Կիրովականէն:

Այս երկու յուսախաբ բանուորուհիները` «Սովետական Հայաստան» օրաթերթի (յունիս 17) թիւին մէջ երկար բողոքագիր մը ստորագրած են, որ կրնար… ՄԱԿ-ի ընկերային եւ տնտեսական հարցերով զբաղող յանձնախումբին օրակարգի նիւթ դառնալ:

Ի՞նչ կ՛ըսեն երկու հայուհիները:

Նախ` երկար կը պատմեն, թէ ինչպէ՞ս չարաչար աշխատած են` «յաճախ հերթապահելով գիշերներ» մասնագիտանալու համար արհեստական մետաքսի շինութեան գործին մէջ: Ապա աշխատած են նաեւ մետաքսի գործարանի մը շինութեան, «շինաքար շալակելով եւ ծծմբաթթուով ցեխի (գործարան) յատակը մաքրելով»:

Ի վերջոյ, երբ կը պատրաստուէին իրենց հալալ աշխատանքով կառուցած գործարանին մէջ իրենց մասնագիտութեամբ գործի սկսելու, գործարանի վարիչ Ղազարեան կը մերժէ անոնց աշխատանքը` յայտարարելով.

– Չեմ սիրում կանանց հետ աշխատիլ: Դէ, ո՞ւմ է պէտք կինը: Սխալմամբ ընդունում ես մի ջահել աղջկայ, եւ ահա մի տարի անց ամուսնու եւ երեխայի տէր է դառնում: Յետոյ թոյլ տուր, որ գնայ ֆիզիոլոկիական արձակուրդի, առանց աշխատելու աշխատավարձ ստանայ, իսկ գործը ձախողուի»:

Ահա խորհրդային նոր մարդու մը տեսակէտները, որոնք… վերջակէտներ են կնոջ ազատագրութեան եւ աշխատանքի իրաւունքին:

«Ընկեր» Ղազարեան ցեխապետը պարզապէս նոր տեսութիւն մը հրապարակ կը հանէ.

– Նկատելով, որ ջահել աղջիկը կ՛ամուսնանայ եւ երեխայի տէր կը դառնայ, զայն հեռո՜ւ պահելու է տնտեսական կեանքէ:

– Դէ, ո՞ւմ է պէտք կինը,- (որո՞ւ է պէտք) շեշտեր է Ղազարեան, որուն համամիտ են եղեր, ըստ բանուորուհիներու վկայութեան, նաեւ «գործարանի տիրեկտոր» ընկեր «Հախնազարով, եւ կադրերի բաժնի պետ «ընկ.» Օվանեսով»: Այս վերջիններուն մասին եւս բանուորուհիները կը յայտարարեն:

– Բոլորն էլ խօսքները մէկ արած` այն միտքն արտայայտեցին, թէ առաջին հերթին պէտք է մտածել ո՛չ թէ կանանց, այլ գործի մասին, իսկ գործն այդպէ՛ս է պահանջում:

Եզրակացութիւն:

– Դպրոց կը ղրկեն կինը` մասնագիտութիւնը սորվելու, գործարանի մը համար:

– Կնոջ քար կրել տալով` գործարանը շինել կու տան անոր:

– Ծծմբաթթուով մաքրել կու տան անոր գործարանը, եւ յետոյ, երբ ամէն ինչ պատրաստ է, կը պատասխանեն:

– Հիմա յիշեցինք, որ դուք կին էք. կրնաք ամուսնանալ եւ զաւակ ունենալ: Այս գործը ձեզի համար չէ՛…

Ահա թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ արդարութեա՜ն երկիրը…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )