«ԽՈՀԱՆՈՑԱՅԻՆ ՆՈՐ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2011-ին տեղի ունեցաւ  դասախօսութիւն` «Խոհանոցային նոր գիտելիքներ» թեմայով, զոր ներկայացուց սննդագէտ Անի Տեկիրմենճեան-Ժերդիտեան:

Բացման խօսքը կատարեց առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Մկրեան` ներկայացնելով դասախօսը եւ դասախօսութեան նիւթը. ան բացատրեց, թէ որքան անհրաժեշտ է նախազգուշութիւնը խոհանոցի մէջ, իր բոլոր մանրամասնութիւններով:

Սննդագէտ Անի Տեկիրմենճեան-Ժերդիտեան դասախօսութիւնը սկսաւ` բացատրելով խոհանոցի մաքրութեան անհրաժեշտութիւնը: Նախ եւ առաջ ան մանրամասնօրէն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է լուալ մեր ձեռքերը, միջին տեւողութիւնը նկատի առնելով 20 երկվայրկեան, գործածելով հականեխիչ օճառներ: Ան նաեւ թուեց, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ յաճախականութեամբ պէտք է լուացուիլ` ստանալու համար լաւագոյն արդիւնքը, աւելցնելով, որ անպայման մատանիները, ժամացոյցը պէտք է վերցնել, եւ եթէ հարկ է նաեւ եղունգներու ներկը, կամ հակառակ պարագային, գործածել ձեռնոցներ:

Անի Տեկիրմենճեան-Ժերդիտեան խօսեցաւ սեղանին մաքուր ու հականեխուած ըլլալու կարեւորութեան մասին: Այս բաժինով ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս հականեխիչ կարելի է պատրաստել տնային պայմաններուն մէջ. մէկ գաւաթ քացախ եւ մէկ գաւաթ ալքոլ, յանձնարարելով զայն գործածել խոհանոցի մակերեսներու մաքրութեան համար:

Յաջորդ բաժինով սննդագէտը խօսեցաւ մաքրութեան համար գործածուող տարբեր սպունգներու ու լաթէ կտաւներուն մաքրութեան մասին. ան նաեւ յիշեց մաքրութեան կարիք ունեցող բաժիններ, որոնք յաճախ մեր ուշադրութենէն կը վրիպին, ինչպէս` սառնարանի բռնիչները, խոհանոցին դուռն ու ծորակները:

Շարունակելով, թուեց տարբեր գիտելիքներ` խոհանոցի մաքրութեան ու ճաշերու լաւագոյն ձեւով պահպանման վերաբերեալ: Սննդագէտը յիշեց, որ եթէ նոյնիսկ հացը հացամանի մէջ ըլլայ, պէտք է միշտ սառնարանին մէջ պահել:

Խօսելով տուփեղէններու մասին` ան բացատրեց, որ ուռած կամ ճզմուած ըլլալու պարագային, բնաւ  պէտք չէ գործածել զանոնք:

Մրջիւններէ խուսափելու համար ան յանձնարարեց գործածել սիսեռ: Խօսելով այն միջատներու մասին, որոնք յաճախ կը գտնուին կերպասներու, վարագոյրներու, հագուստներու մէջ, Անի Տեկիրմենճեան-Ժերդիտեան ըսաւ, որ անոնց գոյութեան առաջքը առնելու համար կարելի է  կիտրոնի կեղեւ, լաւանտրի ծաղիկներ եւ ծոթրին միասնաբար խառնել ու զետեղել տարբեր տեղեր:

Ճանճերուն դէմ կարելի է պայքարիլ խոհանոցի մէջ պահելով նարինջ ու վրան զետեղելով չոր մեխակ, իսկ սառնարանի անախորժ հոտերը կարելի է նուազեցնել օգտագործելով «Պեյքինկ սոտա»: Ըստ անոր, մանրալիքը պէտք է շաբաթը անգամ մը մաքրել` պատրաստելով հետեւեալը. ջուր , ճերմակ քացախ եւ կիտրոնի հիւթ: Այս խառնուրդը մանրալիքին մէջ պահել,  մինչեւ որ եռայ, ապա օգտագործել մաքրութեան:

Ընդեղէնները միշտ պէտք է պահել ապակեայ ամաններու կամ կտաւէ տոպրակներու մէջ: Ուտիճներու դէմ դնելու համար կարելի է գործածել հետեւեալ պատրաստութիւնը.  Պորիք թթու, խաշած գետնախնձոր եւ հում հաւկիթ: Այս երեքը միախառնելով` պատրաստել փոքր գունդեր, զետեղել զանոնք տարբեր անկիւններ:

Սննդագէտը յիշեցուց,  որ զգուշ պէտք է ըլլալ յատկապէս այն տոպրակներէն, որոնք մեզի հետ կը բերենք շուկայէն, որովհետեւ այդպիսով  տարբեր մանրէններ ու տարբեր հիւանդութիւններ կը մտնեն տուն:

Կերպընկալէ շիշերու ու ամաններու մասին խօսելով` սննդագէտը ըսաւ, թէ անոնք պէտք է գործածուին մէկ անգամ միայն, որովհետեւ յաճախակի կերպով նոյն կերպընկալէ ամանի գործածութիւնը քաղցկեղի պատճառ կրնայ ըլլալ: Ան նախընտրեց ապակեայ շիշերու ու սրուակներու գործածութիւնը` մեր տուներուն մէջ:

Աւարտին ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Share this Article
CATEGORIES