Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մեր Մեծ Եղեռնի Հարիւրամեակին
ԱԶՆԻՒ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Երկինքը մութ էր
Լուսինը` մահիկ.
Սարսռալու բան կար
Տե՛ս ճակատագիր:
Ու անյայտ ձեռքեր
Անկիւնադարձին,
Սեւ պատի եզրին,
Կտաւի վրայ
Արիւնոտ մատներ
Նկարած էին:
Ի՜նչ սարսափելի…:
Լեռներու լանջին
Կանգնած խաչքարին
Մանգաղով, մուրճով
Հողմացիր ըրին:
Պարեցին շուրջպար,
Ան ալ ի՜նչ շուրջպար…
Մահերգ էր կարծես
Ճակտին Հայ ազգին
Որ կ՛այրի ի սպառ:
Այդ եղերական
Օրերէն ասդին,
Միլիոն ու միլիոն
Նոր կամքեր ծնան
Պատմութեան սրտին:
Դէմ դրինք մահուան
Ու ճակատագրին:
Այսօր մենք չունինք
Լաց ու կոծ, բնա՛ւ:
«Կեզի» պարտէզին
Աճիւնները մեր
Մնացին անմեռ.
Ու հարիւր տարի
Պոռթկալու են դեռ.
Է՜հ, հարիւրամեակ…
«Թաքսիմ» կը վխտայ
Ցուցարարներով,
«Կի՞ւլը» պիտ՛ ողբայ
Իր անուան գնով.
Մօտ է գարունը
Իմ հայ ժողովուրդ:
Դուն ժառանգորդն ես
Մեր հողին, քարին
Ու սուրբ խաչքարին,
Ինչո՞ւ կը պարպես
Հողըդ Նայիրեան
Արդէն ուզածն է
Թուրքին ցեղասպան.
«ՀՈՂԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԲԱՅՑ ԱՌԱՆՑ ՀԱՅՈՒ»:
Կ՛երդնում հաւատա՛
Օրը պիտի գայ
Ու ցեղասպանը,
Իր հաշիւը տայ
Ու բացայայտէ
Ամբողջ աշխարհին,
Որ ի՛նք անխնայ
Ջարդեց Հայ Ազգը:
2013