ՎԵՐՋ ԳՏԱՒ… SON BULDU! ԹՈՒՐՔԻՈՅ «ՄԵՂՐԱԼՈՒՍԻՆ»Ը ԱՐԱԲՆԵՐՈՒ ՀԵՏ… (*)
Մեր արաբական աշխարհին մէջ Քեմփ Տէյվիտէն ետք, ստեղծուած քաղաքական մեծածաւալ պարապը լեցնել փորձեց նոր օսմանականութիւնը` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի առաջնորդութեամբ, որ շահագրգռուած էր շրջանի բնական ռազմավարական արժէքով առատ հարստութիւններով: Տաւութօղլու, գերազանց վարպետութեամբ, կրցաւ տեսաբանել այս գործողութեան շուրջ, այնքան ատեն որ արաբական վերազարթնումը կը մնար մահաքունի մէջ…: Սակայն այսօր արաբ ժողովուրդներու եւ մասնաւորաբար Ումմ-ուտ-տունիա (աշխարհի մայրը) նկատուած Եգիպտոսի ժողովուրդին զանգուածային աշխուժ ու հետեւողական եռուզեռին շնորհիւ` նոր-օսմանականութիւնը սկսաւ խարխափել, նաեւ, իբրեւ հետեւանք, այս գաղափարախօսութեան շինծու եւ հաւաքաբանական բնոյթին պատճառով ունեցած իր ներքին հակասութիւններուն: Նախ` Սատաթի եւ Մուպարաքի քեմփտէյվիտեան շեղումին պատճառով ապազգայնութեան օրրանին վերածուած Եգիպտոսը վերադարձաւ արաբականութեան հարազատ գիրկը, յետոյ` պարզուեցաւ, որ պարզապէս ցանկատեսութիւն մըն էր Տաւութօղլուի այն խիստ յաւակնոտ վարկածը, թէ Թուրքիա կրնար միաժամանակ ազդու դերակատարութիւն ունենալ` ըլլա՛յ Եւրասիոյ (Եւրոպայի եւ Ասիոյ) մէջ, ընդդէմ` Ռուսական Դաշնութեան, թուրանական վարդապետութեան դրօշին տակ, եւ ըլլա՛յ Միջին Արեւելքի մէջ, ընդդէմ` արաբներու, օսմանականութեան եւ «չափաւորական իսլամ»ի կեղծ դիմակին տակ, որուն ծաւալուն գովազդումը կը կատարէր ամերիկեան կայսերապաշտութիւնը…: Այս խարխափումը առաւել շեշտուեցաւ, երբ արաբներու վերազարթնումին եկաւ միանալ նաեւ, մէկ կողմէ, Ռուսիոյ կեցուածքին տակաւ կարծրացումը Եւրասիոյ մէջ, եւ միւս կողմէ` Ամերիկայի տակաւ ծանրադող ճնշումը Թուրքիոյ վրայ, ՕԹԱՆ-ի գծով…:
Միջին Արեւելքի նոր սահմաններու ստեղծումի ծրագրին մէջ` Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի ծաւալապաշտական շահերուն համընկնումը առաւել ակնբախ դարձաւ, երբ Տաւութօղլու, 2009 թ. նոյեմբերի սկիզբներուն, Իրաք այցելելէ ետք, ըրաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Անհրաժեշտ է վերստեղծել Նոր Միջին Արեւելք մը` շրջանի պետութիւններուն միջեւ: Որովհետեւ շրջանի սահմաններուն մեծ մասը, պետութիւններուն միջեւ, արուեստական են…: Այնպէս` ինչպէս սահմանները ԱՆԻՄԱՍՏ դարձան Եւրոմիութեան պետութիւններուն համար, հարկ է զանոնք անիմաստ դարձնել նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ…: Ֆրանսացիներն ու գերմանները դարեր շարունակ պատերազմեցան, սակայն այսօր անոնք միաւորուած են, ինչո՞ւ նոյնը չընենք նաեւ մենք…»: Ծանօթ է, որ ամերիկեւթրքական «Նոր Միջին Արեւելք»ին մէջ ներառուած է սիոնական տարատնկեալ պետութիւնը եւս, Պաղեստինի հաշուոյն… Պաղեստինեան դատի լուծարումին գնով, նաեւ` անկէ դուրս մղելով Իրանը…, որպէսզի տարածաշրջանի երկու միակ կենսունակ մղիչ ուժերը մնան Թուրքիան եւ Իսրայէլը…:
Յստակ էր, թէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) ներկայիս վարած մարտավարութիւնը` «դաշնակցիլ` առանց կցորդուելու»… Ամերիկայի եւ Իսրայէլի… անվերջօրէն պիտի չթոյլատրուէր Թուրքիոյ` ամերիկեան կայսերապաշտութեան եւ սիոնական պետութեան կողմէ: Ուշ կամ կանուխ Թուրքիա ստիպուած պիտի ըլլար հրաժարելու իր այս մարտավարութենէն եւ հրապարակելու` իր անխախտ զինակցութիւնը Ամերիկայի եւ Իսրայէլի հետ, երբ արաբական վերազարթնումը հասնէր իր լիութեան եւ անդարձելիութեան…: Բայց հարց է, թէ արդեօք կա՞ն արաբ իշխանաւորներ, որոնք կ՛անդրադառնան, որ Թուրքիա տակաւ կը փորձէ դառնալ օսմանեան նոր Պապը ալի մը (Բարձր դուռը), որ արդէն իսկ իր թելադրութիւնները հրահանգի հանգոյն կը յղէ արաբ դիւրահաւան ղեկավարներուն, բան մը, որ վայել չէ իրաւահաւասար պաշտօնական պատասխանատուներու մակարդակին վրայ, քանի որ ատիկա կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ Թուրքիա կը շարժի իբրեւ հոգատար իշխանութիւն` Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Լիպիոյ եւ բոլոր արաբ պետութիւններուն վրայ… Կոպտօրէն միջամտելով մեր ներքին գործերուն, այն աստիճան, որ մարդ կը տարուի մտածելու, թէ Թուրքիան է, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով, յուշողը` Սուրիոյ (Տարաա) ցուցարարներու բարձրացուցած «Իսլամ էմիրութեան» եւ Լիբանանի (Թրիփոլի) մէջ ալ` «Իսլամական Խալիֆաթ»ի կարգախօսներուն…
Վերջապէս դիմազերծուեցաւ ամերիկեան կայսերապաշտութեան կողմէ քարոզուած այն սուտը, թէ ԱԲԿ-ի Թուրքիան շրջանի երկիրներուն համար «դեմոկրատական պետութեան եւ չափաւորական իսլամի օրինակելի տիպար» պետութիւնն է, երբ վարչապետ Էրտողան ունեցաւ խաւարամիտ յարանուանամոլական ելոյթը, որով կը շեշտէր «կարեւորութիւնը այն փաստին, որ Սուրիոյ նախագահին հակառակ ալեւի ըլլալուն` անոր կինը սիւննի է…»: Նաեւ, երբ Թուրքիա Պոլսոյ մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ Իսլամ եղբայրներու վերահսկիչ Մոհամետ Ռիատ Շաքֆաթը, որուն արտօնեց տալու մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան ողջունեց «սուրիական յեղափոխութիւնը», Սուրիոյ վարչակարգին դէմ… եւ երբ հիւրընկալեց նաեւ «սուրիական ընդդիմութեան» ներկայացուցիչներ, որոնց արտօնուեցաւ ցոյց կազմակերպել Սուրիոյ օրուան իշխանութեան դէմ…: Այս բոլորէն ետք, արդեօք կարելի՞ է հաւատալ Թուրքիոյ բարի մտադրութեան, երբ ան արաբ վերազարթնումի ներկայ շարժումը բնութագրէ որպէս «Արաբներու Գարուն»ը… Եթէ երբեք այս շարժումը իրօք դառնայ ճշմարտապէս ժողովրդավարական շարժում…, քանի որ այդ պարագային շարժումը արաբական երկիրներէն դուրս վտարած պիտի ըլլայ օտար ամէն ներթափանցում… ներառեալ` թրքական ներթափանցումը…: Տակաւին, ի՞նչ ըսել, երբ Էրտողանի կառավարութիւնը հետեւողականօրէն պետական զգայուն պաշտօններուն վրայ կը զետեղէ նորանոր քատրեր «Նուրսիական» շարժումէն (ծայրայեղ իսլամականներու եւ ցեղապաշտներու շարժումէն)… ամէն անգամ, որ ապակրօնական պաշտօնեայ մը հրաժարի կամ հրաժարեցուի իր պաշտօնէն… զայն մեղադրելով որպէս անդամը Էրկենեքոն կոչուող իբր թէ դաւադրական ցանցին…, ինչպէս կը բացայայտէ նոյնիսկ աջակողմեան «Հայաթ» օրաթերթը իր 26 մարտ 2011 թուակիր համարին մէջ:
Թուրքիա կը շարունակէ մնալ` ֆաշական տարատնկեալ, ցեղապաշտ ու ծաւալապաշտ պետութիւն մը, եւ այս իսկ պատճառով մինչեւ օրս իր ռազմավարական զինակցութեան կապերը չէ խզած թէ՛ ամերիկեան կայսերապաշտութեան, եւ թէ՛ ալ սիոնական պետութեան հետ, քանի որ այս վերջին երկուքն ալ, պատմական իրականութեան մէջ, նոյնպէս տարատնկեալ պետութիւններ են… համհարզները Թուրքիոյ:
Թուրքիոյ հետապնդած «բացուելու» մարտավարութիւնը` Սուրիոյ, Իրաքի, նաեւ Իրանի վրայ, նպատակ ունի լուծարելու քրտական դատը, մասնաւորաբար` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ), գործակցելով այս երեք պետութիւններուն հետ, նաեւ` քրտական քաղքենիութիւն ներկայացնող կուսակցութիւններուն հետ` Մուսթաֆա Պարազանիի եւ Ճելալ Թալապանիի ղեկավարութեան տակ, քանի որ ՔԱԿ կը ներկայացնէ քիւրտ աշխատաւոր դասակարգը եւ անոր քաջամարտիկները կը կրեն թրքական, իրաքեան, իրանեան եւ սուրիական անձնագրեր: Եւ ՔԱԿ կը պայքարի` զինեալ կերպով, ի խնդիր` Թուրքիոյ մէջ ճշմարիտ ժողովրդավարական պետութեան մը ստեղծումին, առկայ ֆաշական ու ցեղապաշտական պետութեան փոխարէն եւ, հետեւաբար, նեցուկ կը կանգնի այս տարատնկեալ եւ ոչ միատարր պետութեան մէջ բնակող ազգային եւ կրօնական ոչ թուրք հաւաքականութիւններու մղած քաղաքական ժողովրդավարական պայքարին, ընդդէմ` ցեղային ու կրօնական խտրականութեան քաղաքականութեան, զոր կը վարէ այս պետութիւնը երկրի բնակչութեան (աւելի քան 70 միլիոն) մեծամասնութեան դէմ, քանի որ բուն թուրքերը փոքրամասնութիւն կը կազմեն, երբ քիւրտերը կը կազմեն շուրջ 20 միլիոն, ալեւիները` 20 միլիոն «թաքուն հայերը», շուրջ 4 միլիոն եւ տարագիր արեւմտահայերը` 6 միլիոն, բացի միւս ազգային ու կրօնական խումբերէն: Այս պատճառով է, որ թուրք փոքրամասնական տարրը այսօր կ՛ապրի ինքնութեան սուր տագնապ մը…: Այս պատճառով է, որ Աթաթուրք (այսինքն` թուրքերու հայրը…) առաջին օրէն (1923) կ՛երազէր ստեղծել միատարր թուրք պետութիւն…: Երազ մը, որ բնա՛ւ չիրականացաւ ստուգապէս մինչեւ օրս` հակառակ ի գործ դրուած բռնի թրքացումի, ցեղային մաքրագործումի, զանգուածային տեղահանութեան եւ մայրենի լեզուի ու մշակոյթի արգիլման քաղաքականութեանց, ինչ որ անելանելի դարձուց Թուրքիոյ ինքնութեան սուր տագնապը եւ պետութիւնը մղեց վազելու դէպի դուրս` ծաւալապաշտական ծրագիրներու ետեւէ… քողարկելու համար երկրին մէջ կիրարկուող բռնութեան եւ ճնշումի քաղաքականութիւնը` ընդդէմ ոչ թուրք ցեղային, կրօնական ու մշակութային խումբերուն, եւ ընդհանրապէս` բոլոր ազգային ճշմարտապէս ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն ու խմբաւորումներուն եւ, գլխաւորաբար, Թուրքիոյ երիցագոյն Համայնավար կուսակցութեան…:
Իսկ միւս կողմէ, Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ «բացուելու» կեղծ մարտավարութիւնը մնաց ապարդիւն, հակառակ զուիցերիական նախաձեռնութեան, ամերիկեան ու եւրոպական աննախընթացօրէն մեծաչափ ճնշումներուն եւ` հակառակ Զուիցերիոյ (Ցիւրիխ) մէջ փրոթոգոլներու հանդիսաւոր ու ցուցադրական ստորագրումի թատրոնին, քանի որ Արեւմտահայաստանէն բռնահանեալներով կազմուած սփիւռքը վճռապէս հակադրուեցաւ փրոթոգոլներուն եւ մերժեց ճանաչում տալ` զաւթիչ Թուրքիոյ այսօրուան փաստական սահմաններուն, որոնց մէջ կը գտնուի զաւթեալ Արեւմտահայաստանը…
Կը կրկնենք. Թուրքիոյ ներքին ճակատի վրայ ֆաշական եւ արտաքին ճակատի վրայ ծաւալապաշտութեան կառավարութիւնը մինչեւ օրս կապուած կը մնայ, ռազմավարական զինակցութեան կապերով, ամերիկեան կայսերապաշտութեան ու սիոնական տարատնկեալ պետութեան հետ, որուն նորագոյն եւ հին փաստերէն վերյիշենք միայն հետեւեալները. նորագոյններէն` Ամերիկայի վերջին որոշումն է, մօտերս ամերիկեան զօրքերը պարպել Քոսովոյի ամերիկեան ռազմախարիսխէն (Պոնտսթիլ), որ կը նկատուի մեծագոյնը` ամերիկեան դուրսի ռազմախարիսխներուն, Վիեթնամի պատերազմին աւարտէն ասդին…, եւ զայն յանձնել Թուրքիոյ բանակին…, նաեւ` հայրենադաւ Ապտիւլ Հալիմ Խատտամի վերջին հրապարակային խոստովանութիւնը` իսրայէլեան «Քանալ – 2»էն, թէ Ամերիկա ՕԹԱՆ-ի միջոցով Թուրքիայէն պահանջած է գրաւել Սուրիան` մինչեւ Դամասկոս, այն պարագային, երբ ձախողելու ըլլայ Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու ընթացիկ դաւադրութիւնը…: Տակաւին, ծանօթ հին փաստեր են նաեւ այն, որ մինչեւ օրս Թուրքիոյ Ինճիրլիք ռազմական օդակայանին մէջ գտնուող ամերիկեան օդուժի խարիսխին մէջ տեղակայուած են շուրջ 90 վիթխարի հրթիռներ` հիւլէական գլուխներով…: Եւ որ մինչեւ օրս ուժի մէջ կը մնան Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած «1996 թ. ռազմավարական համագործակցութեան համաձայնագիր»ը, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ սպառազինութեան համաձայնութիւններ, որոնց համաձայն, Իսրայէլ կը զինէ թրքական բանակը այնպիսի մեծ համեմատութիւններով, որ այսօր Թուրքիա կը հանդիսանայ Իսրայէլի ռազմական արդիւնաբերութեան մեծագոյն շուկան: Եւ` թուրք-իսրայէլեան ռազմափորձերու յայտագիրները կը շարունակուին գործադրուիլ նախածրագրուած կերպով, բացի քանի մը հատին մարտավարական նպատակով յետաձգումէն, քանի որ ՕԹԱՆ շարունակ կը պնդէ, որ սիոնական բանակը մշտապէս մաս կազմէ թրքական բանակի միջոցառումներուն, տրուած ըլլալով, որ Թուրքիա կը նկատուի ՕԹԱՆ-ի սիւներէն մին: Եւ այս տուեալներով զօրացած Թուրքիան քաջալերուած կը զգայ հետապնդելու իր ծաւալապաշտական ծրագիրները, որոնցմէ մէկն է «Իսլամական Խալիֆաթ»ը վերադարձնել Թուրքիա… որպէսզի դառնայ «Սիւննիներու Իրան»ը` տարածաշրջանին մէջ…:
Տակաւին, Թուրքիա արաբներուն հանդէպ իր սնուցած թշնամանքը ցոյց տուաւ, երբ վերջերս Անգարայի մէջ կայացող եռակողմանի ժողովի ընթացքին կոպտօրէն մերժեց ստորագրել որեւէ համաձայնագիր` Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ, Տիգրիս եւ Եփրատ գետերու ջուրերուն վերաբաշխումին շուրջ…: Թուրքիոյ ներկայացուցիչը կտրականապէս մերժեց ընդունիլ, թէ այս երկու գետերը «միջազգային գետեր» էին, այլեւ առարկեց, թէ ասոնք «հարիւր տոկոսով թրքական գետեր էին», եւ թէ` Թուրքիա բնա՛ւ պատրաստ չէր յաւելեալ ծաւալով ջուր թող տալու դէպի Սուրիա եւ Իրաք, քանի որ այս գետերուն ջուրերը «հազիւ թէ գոհացնէին Թուրքիոյ ներքին պահանջները»: (Ծանօթ փաստ է այն, թէ Թուրքիա շարք մը մեծագումար համաձայնութիւններ ստորագրած է Իսրայէլի հետ` Տիգրիսի եւ Եփրատի ջուրերով Իսրայէլը մատակարարելու նպատակով…):
Արդ, այս քանի մը պերճախօս բացայայտումներուն լոյսին տակ հարցում մը` արդեօ՞ք այսպիսով վերջ գտած է Թուրքիոյ «մեղրալուսինը» արաբներու հետ:
Նոյնինքն թուրք լրագրողը` Ճենկիզ Չանտար, այս հարցումին պատասխանելով, «Ռատիքալ» թերթին գրեց. «Թուրքիա կանգնեցաւ Լիպիոյ Քազզաֆիի կողքին, եւ Սուրիոյ Պաշշարի դէմ: Այսպիսով, տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ «մեղրալուսին»ը վերջ գտաւ…: Որովհետեւ, իրապաշտօրէն, Թուրքիա չի կրնար անտեսել Սուրիոյ ժողովուրդին ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան պահանջները, եւ միւս կողմէ` չի կրնար անտեսել իր շահերը Լիպիոյ մէջ: Եւ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ հանդէպ իր ցուցաբերած այս իրատեսութեան շնորհիւ` Թուրքիա դուրս եկաւ զգացումներու աշխարհէն եւ մտաւ իրապաշտութեան աշխարհ…», յայտնօրէն գոհունակութիւն ցուցաբերելով Թուրքիոյ խաղցած «մեղրալուսնային» դերակատարութեան վերջ գտնելուն համար:
Իսկ լիբանանցի վերլուծաբան թրքագէտ Մոհամետ Նուրէտտին, «Սաֆիր» օրաթերթի 17 մայիս 2011 թուակիր համարին մէջ, երկարօրէն վերլուծելով թուրք-արաբ փոխյարաբերութիւններու վերջին մէկ դարու պատմութիւնը եւ վերջին ամիսներուն Թուրքիոյ ունեցած դիմափոխութիւնը, «Թուրքիա եւ Սուրիա. «Ռազմավարական խորք»ի վախճանը» վերնագիրին տակ գրուած իր ուսումնասիրութիւնը եզրակացուց այսպէս. «Իրօք դժբախտութիւն է, որ ձախողած ըլլայ` «միեւնոյն հեռաւորութիւնը պահել» բոլոր կողմերուն միջեւ սկզբունքը` Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հանդիպած առաջին լուրջ քննութեան մէջ, եւ Տաւութօղլուի պաշտպանած «Ռազմավարական խորք»ի տեսութիւնը չկարենայ դիմանալ փոքրաթիւ տարիներու փորձին: Կարծէք` պատմութիւնը չի փափաքիր, որ արաբ եւ թրքական յարաբերութիւնները շտկուած ըլլային` այդ յարաբերութեանց փլուզումին հարիւրամեակի նախօրէին, որուն ազդանշանները տրուեցան 1911 թուականէն` Իթթիհատ վէ թերաքքը կազմակերպութեան վարած քաղաքականութեան կիրարկած միջոցներով եւ «ծանրակշիռ սխալներով…»: Իսկ մենք կ՛աւելցնենք, որ արդարութիւն եւ բարգաւաճում շողշողուն եզրերով դիմայարդարուած կուսակցութիւնը իր էութեամբ ոչինչով կը տարբերի Իթթիհատ վէ թերաքքը կոչուող թուրանա-սիոնական կազմակերպութենէն…:
Այո՛, բռնատէր Քազզաֆին նախապէս յայտարարած էր` «Մենք եւ թուրքերը` բոլորս օսմանցիներ ենք»…: Մինչդեռ «աշխարհի մայր» նոր Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը` Նապիլ Արապին (արաբերէն իմաստով` արաբ ազնուականը…), պաշտօնապէս յայտարարեց. «Թուրքիա մեր երէց եղբայրը չէ, մենք կարիքը չունինք անոր թելադրութեանց, ոչ ալ զինք կը նկատենք մեր շրջանի ժողովուրդներուն օրինակելի տիպարը»: Եւ իրաւացիօրէն Նապիլ Արապին ընտրուեցաւ Արաբական լիկայի նոր ընդհանուր քարտուղարը…
ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
(*) Այս թարգմանութեան արաբերէն բնագիրը ուղարկուած է «Նիտա» շաբաթաթերթին, իսկ թարգմանութիւնը մեր կողմէ` յատուկ «Ազդակ» օրաթերթին եւ «Նայիրի» շաբաթաթերթին: Գ. Տ.