«Ի՜նչ Զուգադիպութիւն…»

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Ասոնք մեր Այնթապի տան կալուածաթուղթերն են»:

Կար ժամանակ, երբ յաճախակիօրէն Հալէպ կ՛այցելէի, գրեթէ ամսական դրութեամբ: Թէեւ ընտանիք, ընտանեկան կապեր եւ արմատներ կան հոն, բայց կան նաեւ բարեկամներ, հայկական լայն շրջանակ: Այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին հօրեղբայրս` տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեան, իր արխիւներուն մէջէն հանեց իրենց-մեր Այնթապի պապենական տան փաստաթուղթերը եւ ինծի ցոյց տալով` սկսաւ բացատրել. «Հայրդ եւ ես հոս ծնած ենք»: Յատկանշական էր, որ նոյն տարին` 1996-ին, ինչպէս սովորութիւն էր իւրաքանչիւրին Նոր տարուան առիթով միշտ հետաքրքրական եւ իւրայատուկ շնորհաւորական բացիկներ ղրկել, հօրեղբայրս իրենց պապենական տան նկարը բաժնեկցեցաւ մեզի հետ` որպէս լաւագոյն բարեմաղթութիւն… Բայց այդ բացիկը շրջանցեց լաւագոյն բարեմաղթութեան սահմանները: Արդարեւ, ան մնաց ու դրոշմեց մտքիս եւ հոգիիս մէջ նախ ինքնութիւնը, ապա` ժառանգը, մշակոյթը, որ կը շարունակէ այսօր որպէս պահանջատիրութիւն: Ասիկա իմ եւ իւրաքանչիւր հայու պատմութիւնն ու ժառանգութիւնն է, որ տեղ մը` Կիլիկիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ունինք նմանօրինակ պապենական տուն, ինքնութիւն եւ մշակոյթ:

Այնթապի մեր պապենական տան պատմութիւնը կը սկսի մեծ մեծ հօրս` Յովհաննէս Ճէպէճեանով: Իբրեւ պիստակի վաճառական ծանօթ եւ վաստակ շահած ըլլալով` ան կրցած էր իր բարւոք տեղը եւ դիրքը ունենալ Այնթապի մէջ: Ստեղծած էր այդ օրերուն համար բարձր ու պատկառելի երկու յարկանի տուն` մեծ բակով, որ «հայկական շրջանին» մէջ իր հաստատ դիրքը գրաւած է: Իր տան կողքին կայ ծանօթ Գարամանուկեաններուն տունը: Անոնց ընտանեկան շառաւիղները եւս հասան Հալէպ, իսկ այսօր` մինչեւ Հայաստան, Եւրոպա եւ Ամերիկաներ:

Հօրեղբայրս այս տան մէջ ապրած է մանկութենէն դէպի պատանեկութիւն տանող տարիները: Բայց հայրս շատ փոքրիկ` արդէն դուրս եկած է անկէ 1915-ի տեղահանութեան օրերուն: Այնթապի մէջ այդ տունը մնաց պապենական, ձեւով մը անհասանելի, մօտիկ-հեռու, զգացական-պահանջատիրական եւ արդարութիւն-անարդարութիւնը գրգռող իրականութիւն մը, որ կը շարունակէ այդպէս ըլլալ մինչեւ օրս:

Բայց շարունակեցի հետապնդել մեր պապենական տան «ոդիսականները»: Տակաւին առիթ չունեցայ ես ալ մաս կազմելու այն մեծաթիւ հայորդիներուն, որոնք ուխտագնացութեան, զբօսաշրջութեան կամ այլ «փնտռտուքներու» նպատակով այցելեցին ու տակաւին կ՛այցելեն Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա: Բարեկամներէ կը տեղեկանայի, որ անոնք այցելած են ու վերադարձին կը պատմէին, թէ` «գացինք եւ տեսանք մեր մեծ հայրերուն տուները»:

Մէկ կողմէ տեղեակ կ՛ըլլայի, բայց նաեւ կը հետեւէի իրադարձութիւններուն` նոյնինքն Այնթապի քարաշէն, բայց հին ու պատմական ժառանգ ունեցող տուներու «ճակատագիրին»: Ժամանակ մը լսեցի, որ ծրագիրներ կան այդ շրջանի տուները պանդոկ-ճաշարանի վերածելու: Բայց աւելի ուշ «շշուկները» սկսան աւելիով կեդրոնանալ զանոնք թանգարանի վերածելու վրայ, իսկ քանի մը ամիս առաջ` ապրիլ 2013-ին, յստակացաւ, որ մեր պապենական տունը արդէն վերածուած է մանուկներու խաղալիքներու թանգարանի:

Մինչեւ հոս պապենական տան պատմութիւնն էր ու անոր հոլովոյթները, բայց ասկէ ետք կը սկսին յայտնուիլ նոր տուեալներ եւ տեղի ունենալ նոր իրադարձութիւններ:

Արմէն Արոյեանը լոսանճելըսաբնակ հայորդի մըն է, որ երկար տարիներէ ի վեր կը կատարէ ազգային պարտականութիւն-առաքելութիւն մը` խումբեր կազմելով եւ ուղեւորուելով Արեւմտեան Հայաստան ու Կիլիկիա: Տարիներու ընթացքին ան նաեւ կրցած է տեղական կապեր ստեղծել տարբեր քաղաքներու մէջ, ներառեա`լ Այնթապի: Տեսնելով Այնթապի մէջ Ճէպէճեաններուն պապենական տան մանուկներու թանգարանի վերածուիլը` ան առաջարկած է Ալիծ Ճէպէճեան-Աղպապեանին, որ պատմասաց եւ հեղինակ է հայ մանուկներու համար յատուկ կերպով պատրաստուած ազգագրական-մշակութային-կենցաղային գիրքերու, իր հրատարակութիւնները տեղադրել թանգարանին մէջ` տեղւոյն պատասխանատուները «համոզելով», որ` «Ալիծին հայրը այս տան մէջ ծնած է…»: Արմէն կրցաւ տեղաւորել Ալիծին գիրքերը Խաղալիքներու թանգարանին մէջ:

Թրքական մամուլին մէջ այս առնչութեամբ անդրադարձը չուշացաւ` Խաղալիքներու թանգարանին, Ալիծին գիրքերուն եւ անոնց միջեւ կապին ու մէկտեղման վերաբերող:

Այֆեր Ունսալ Պոլիս ապրող թուրք լրագրողուհի մըն է: Ծնած է Այնթապ եւ հօրմէն լսած է հայերուն մասին: Տարիներու ընթացքին անոր հետաքրքրութիւնը աւելցած է հայ ժողովուրդի պատմութեան նկատմամբ եւ «սորված է» Ցեղասպանութեան եւ անոր արհաւիրքին մասին: Այֆեր 19 յունիս 2013-ին «Սապահ» թերթին մէջ անդրադարձած է թանգարանին եւ Ալիծին, անոր գիրքերուն` իր գրութիւնը վերնագրելով «Ի՜նչ զուգադիպութիւն»:

Չուշացաւ նաեւ իմ եւ Այֆերի միջեւ հանդիպումը:

«Հայրս լրագրող էր, մեզ մեծցուց եւ սորվեցուց այնպէս, որ սիրենք համերաշխութիւնը եւ խտրականութիւն չդնենք մարդոց միջեւ»: Այֆերն է պատմողը.: «Հայրս կ’ըսէր, թէ Այնթապ շատ բան կորսնցուց, երբ հայերը ձգեցին ու գացին: Հայերէն ետք մէկ հատ փռապան չմնաց քաղաքին մէջ», ըսաւ Այֆեր:

Մեր զրոյցը սկսաւ հետզհետէ «տաքնալ», որովհետեւ կարելի չէր չխօսիլ Ցեղասպանութեան մասին: «Թուրք նոր սերունդը իր պատմութիւնը չի գիտեր եւ չէ սորված: Չի գիտեր Ցեղասպանութեան մասին…»: Այֆեր կը պատկանի այն խմբակին, որ ստորագրած է ներողամտութեան աղերսագիր¬նամակին տակ` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող: «Ես Անատոլուն կը սիրեմ իր բնիկ ժողովուրդներով: Այդ պատճառով է նաեւ, որ կը գրեմ հայերուն մասին»:

Փորձեցի բացայայտել Այֆերի «Ի՜նչ զուգադիպութիւն» յօդուածին միտք բանին:

«Տունը վերածուած է մանուկներու խաղալիքի թանգարանի: Ալիծն ալ մանկապատանեկան գրող է, եւ իր հայրը այս տան մէջ ծնած է: Ասիկա շատ գեղեցիկ զուգադիպութիւն է…», կը բացատրէ Այֆեր: «Այնթապը հիթիթներու ժամանակաշրջանէն եղած է խաղալիք արտադրող քաղաք»:

Այֆեր սկսաւ բացատրութիւններ տալ թրքական մշակոյթին մէջ պատմասացութեան տարբեր երեւոյթներու մասին:

«Մասալները այն պատմասացներն էին, որոնք ոչ անպայմանօրէն իրական պատմութիւններ կը պատմեն: Հիքայէն ճիշդն  է ու իրականը: Ալիծի որդեգրած պատմասացութիւնը հիքայէն է` ճիշդն է: Սիրեցի Ալիծին արուեստը, քանի որ տեսայ իր ջանքը` պատմելու արմատներուն եւ հայուն ինքնութեան մասին»:

Մեր խօսակցութեան մէջ տեղ մը կար նաեւ քաշքշուք մը: Բան մը, որ ինծի համար յստակ էր: Պատմութեան իրականութիւնները եւ անոր պատասխանատուութիւնները ընդունիլ-չընդունելու խուսափողական երկընտրանքը զգալի էր: «Աթաթուրքը կերտեց նոր Թուրքիան», ըսաւ Այֆեր: «Անջատեց մեր պատմութիւնը օսմանցիներէն, եւ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար, եթէ ինք այն ժամանակ ընդունէր Ցեղասպանութիւնը… Շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլար այն ժամանակ», ըսաւ ան: «Ճիշդ չէ, որ ես ու ներկայ սերունդը մեղադրուինք Ցեղասպանութեան յանցանքով…», եզրափակեց Այֆեր:

Հանդիպումս աւարտած էր Այֆերին հետ: Եթէ մէկ կողմէ ունէի շնորհակալական զգացում` Այֆերի հետաքրքրութիւններուն եւ ջանքերուն համար, բայց միւս կողմէ նաեւ առկայ էին նոյն հանդիպման «հանգոյցները» եւ զանոնք մէկիկ-մէկիկ քակելու անհրաժեշտութիւնը:

Ցեղասպանութիւնը հայուն եւ թուրքին (նաեւ` միջազգային ընտանիքին) պատմութիւններուն մէկ իրական եւ ահաւոր-ողբերգական իրադարձութիւններէն է: Հայուն, որ կորսնցուց մարդուժ, կալուած եւ հող, իսկ թուրքին, որ գործադրեց զայն… Եթէ ներկայիս հայուն համար իր նախնիներն էին, որ նահատակուեցան, թուրքին համար ալ նոյնն է. իր նախնիներն էին, որ գործադրեցին: Նժարին երկու կողմերը համահաւասար, հակադիր իրավիճակ-իրողութիւններն են այս երեւոյթին:

Այս իմաստով, Այֆե՛ր, դուն եւ իւրաքանչիւրդ պատասխանատուութիւն մը ունիք ոչ միայն ներողութիւն խնդրելու ձեր սխալներուն համար, այլ նաեւ` ընդունելու, սրբագրելու եւ հատուցելու ձեր պատմութեան համար:

Բայց մինչ այդ ճշմարտութիւնը եւ անոր կանչը պիտի հետեւի իւրաքանչիւր անցուդարձի: Ալիծի գիրքերուն տեղադրումը «զուգադիպութիւն» չէ, այլ պատմութեան ճշմարտութեան եւ արդար հատուցման մէկ փոքր նմուշն է: Ալիծին գիրքերը վերադարձան հոն, ուր սկսած է իր պատմութիւնը, հոն, ուր կան նոյնինքն իր` Ալիծին ակունքները:

Ճիշդ ես, Այֆե՛ր, այս ակունքները իրական են, եւ Ալիծ այս իրական պատմութիւնն է, որ կը պատմէ ու կը գրէ: Ասիկա զուգադիպութիւն մը չէ, այլ` իրական պատմութիւն, որ կը վերադառնայ իր իսկական ու հարազատ տունը:

Թէեւ վերջացաւ Այֆերի հետ խօսակցութիւնը, բայց կան տակաւին հօրեղբօրս խօսքերը, որոնք զօրաւոր կերպով լսելի են. «Ասոնք մեր Այնթապի պապենական տան կալուածաթուղթերն են: Հայրդ եւ ես հոս ծնած ենք»:

Իւրաքանչիւր հայ իր ականջին ու հոգիին մէջ ունի այս խօսքերը. «Ասոնք մեր տուները եւ կալուածներն են: Մեր մեծ հայրերը եւ մեծ մայրերը հոս ծնած են: Ասոնք մեր հողերն են»:

Ասիկա արդէն հայուն այսօրուան օրակարգն է: Ճանաչումէն` պահանջատիրութիւն:

Ուրեմն «զուգադիպութիւն» չէ, այլ` պատմութեան ու ներկայ օրերու ճշմարտութեան եւ արդարութեան «տունդարձ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )