Ախոյեան Օլիմփիաքոս Նոր Տարեշրջանին Սկսաւ Յաղթանակով
Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Յունաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Ախոյեան Օլիմփիաքոս յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանին, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ նոր Ա. դասակարգ բարձրացած ԱԷԼ Քալոնիի դաշտէն:
Նշենք, որ Օլիմփիաքոսի մաս կը կազմէ արժանթինցի յառաջապահ Խաւիէ Սաւիոլա, փոխանցուած` Մալակայէն:
Իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց Փանաթինայքոս` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Փանայթոլիքոսը:
CATEGORIES Մարզական