Փարքըր Թոթենհամէն Միացաւ Ֆուլհեմի
Անգլիացի միջնապահ Սքոթ Փարքըր, լքելով իր ակումբը` Թոթենհամը, միացաւ Ֆուլհեմի, երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ: 32 տարեկան Փարքըր, որ երկու տարի մաս կազմեց Թոթենհամի, Անգլիոյ մէջ կատարած է «Փրեմիեր լիկ»-ի աւելի քան 300 մրցում:
18 անգամ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած Փարքըր մաս կազմած է նաեւ Չարլթընի, Չելսիի, Նիւքասըլի եւ Ուեսթ Համի:
Նշենք, որ Փարքըր այս շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Արսենալի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին:
CATEGORIES Մարզական