Տոնովան Կը Մտադրէ Մեկնիլ Արտասահման, Եթէ…
Ամերիկացի յառաջապահ Լենտըն Տոնովան կը մտադրէ մեկնիլ արտասահման, եթէ համաձայնութեան չկարենայ գալ «Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի իր ակումբին` Լոս Անճելըս Կալաքսիի հետ:
Տոնովան, որ նախապէս փոխ տրուած է «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Էվըրթընի եւ «Պունտըսլիկա»-ի խումբերէն Պայէրն Միւնիխի, դեկտեմբերին պիտի ըլլայ ազատ մարզիկ, եթէ Կալաքսի անոր պայմանագրութիւնը չնորոգէ:
Նշենք, որ նախապէս Կալաքսիէն հեռացած էր անգլիացի միջնապահ Տէյվիտ Պեքհամ:
Այս լուրը փոխանցող «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կ՛եզրափակէ, որ պրազիլցի Քաքա (Ռէալ Մատրիտ) եւ անգլիացի միջնապահ Ֆրանք Լամփար (Չելսի) շատ հաւանաբար տեղափոխուին Կալաքսի:
CATEGORIES Մարզական