Քրիստափոր Իֆատեան Իր Անուանակոչութեան Հաւատարիմ Ղեկավարը
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Այսօր հեռաւոր Լոս Անճելըսի մէջ հողին կը յանձնուի սուրիահայութեան քսաներորդ դարու վերջին քառասնամեակի անզուգական ղեկավարներէն Քրիստափոր Իֆատեանը: Ան զաւակն էր Սեբաստիոյ Զիլէ գիւղէն Սենեքերիմ Իֆատեանին եւ Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղէն Ռոզա Ֆիլհաննէսեանին: Ծնած էր Գամիշլի, 1938-ին, դառնալով հինգ քոյրերու միակ եղբայրը եւ յաճախած` տեղւոյն ազգային վարժարանը: Հալէպի մէջ Ֆրանսական Լայիք դպրոցի միջնակարգին չորս տարի հետեւելէ ետք, 1960-ին կը վկայուի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն որպէս առաջին պետական պաքալորէայի շրջանաւարտներէն մին: Այս շրջանին Հալէպահայ ուսանողական միութեան հիմնադիր եւ եռանդուն վարիչներէն մէկն էր ան: Բարձրագոյն ուսման հետամուտ, Հալէպի պետական համալսարանի ճարտարագիտական բաժինը երկու տարի յաճախելէ ետք, կ՛ընդհատէ ուսման ընթացքը եւ կը նետուի կրթական ասպարէզ,որպէսզի նիւթապէս նեցուկ կանգնի իր ընտանիքին:
1960-1963 տարիներուն կը պաշտօնավարէ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին մէջ` իբրեւ այցելու ուսուցիչ ուսողութեան եւ գիտութեան: 1963-1965 եղած է տնօրէն Ազգային Սահակեան վարժարանի: 1965-1970 կրկին ճեմարան է իբրեւ մնայուն դաստիարակ-ուսուցիչ եւ հաշուապահ: 1967 փետրուարին, տնօրէն Գէորգ Տօնապետեանի մեկնումէն ետք, տնօրէն խորհուրդի անդամ է, իսկ 1967-1968 տարեշրջանին կը նշանակուի տնօրէն: Քրիստափոր Իֆատեան եղած է ճեմարանաւարտ առաջին տնօրէնը եւ առաջինը, որ պետութեան մօտ կոչուած է «վարժարանի սեփականատիրոջ ներկայացուցիչ» ու գործակցած է կրթական այդ տարեշրջանին նորնշանակ առած առաջին պետական տնօրէնին հետ: 1968-1970 կը շարունակէ մնալ միջնակարգի թուաբանութեան մնայուն ուսուցիչ: Երրորդ անգամ, 1972-1975, կը մտնէ ճեմարան ու կը պաշտօնավարէ իբրեւ ուսողութեան այցելու ուսուցիչ: Համալսարանական կեանքին կը վերադառնայ1970-ին ու կ՛աւարտէ ճարտարագիտական բաժինը: 1975-ին կը նշանակուի Ռաքքայի մէջ որպէս Ջուրի ընկերութեան տնօրէն:
1976-ին կ’ամուսնանայ Վարդուհի Հարպոյեանին հետ ու կը բախտաւորուին երկու դուստրերով` Շաղիկ եւ Նանոր:Անոնց ազգային շունչով հայաբոյր Հալէպի մէջ կրթութիւն ջամբելու նախանձախնդրութեամբ, 1982-ին կը հրաժարի Ռաքքայի պաշտօնէն եւ կը վերահաստատուի Հալէպ` աշխատանքի կոչուելով Բանակային գործարաններու հաստատութեան «Մաամել տիֆաը»-ի մէջ, ուր կը մնայ մինչեւ իր հանգստեան տարիքը: Տեղացի իր պաշտօնակիցներէն ականջալուր եղած ենք Քրիստափորի պարկեշտ, առաքինի եւ անկաշառ նկարագրին մասին:
2001-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներ` միանալով իր հարազատներուն: Հոն կը շարունակէ իր գործունէութիւնը կուսակցական զանազան յանձնախումբերու մէջ եւ մաս կը կազմէ Փասատենայի Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան: 2007-ին Նանորը կ՛ամուսնանայ եւ Քրիստափոր կ՛ըլլայ մեծ հայր երկու թոռներու` Քրիստափոր եւ Արէն: Մեծ հաճոյքով կը լծուի անոնց հայեցի դաստիարակութեան օտար ափերու վրայ:
Դժբախտաբար անողոք հիւանդութիւնը շատ արագ խլեց զինք իր հարազատներէն եւ ընկերներէն. այստեղ Քրիստափոր անգամ մը եւս հաստատեց իր վեհանձնութիւնը եւ քաջ նկարագիրը, երբ մերժեց բժշկական ժամանակաւոր զանազան ձեւի դարմանումներն ու խնամքները եւ իրապաշտ մօտեցումով հաշտուեցաւ դառն ճակատագրին հետ:
***
Բերիոյ թեմի ազգային կեանքին մէջ Քրիստափոր Իֆատեան ընտրուած է Ազգային գաւառական ժողովի երեսփոխան, վարած է Դատաստանական խորհուրդի ատենապետութիւնը, Հալէպ իր ապրած վերջին տարիներուն մաս կազմած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան` որպէս Բերիոյ թեմի ներկայացուցիչ:
Վաթսունական թուականներու սկզբնաւորութեան սուրիահայ գաղութի տագնապալից տարիներուն եւ քաղաքական վերիվայրումներու շրջանին, երբ ղեկավար ընկերներ ակամայ կը մեկնէին երկրէն, Քրիստափոր Իֆատեան այն սակաւաթիւ նուիրեալ երիտասարդներէն մէկն էր, որ մնաց պատնէշի վրայ:
Լուռ, խոհուն, զուսպ արտայայտութեամբ եւ մտիկ ընողի յատկութիւններով ղեկավարի մը կորուստը կ՛ողբանք, որ յաճախ պաշտօնի կը կոչուէր ներքին տարակարծութիւններ հարթողի իր իւրայատուկ կարողութիւններով, խնդրայարոյցներ եւ շահադէտներ կը դժգոհէին իր մեղմ կեցուածքներէն, սակայն այդ մեղմութիւնը ներողամտութեան եւ սխալողին առիթ ընծայելու ազնիւ մտածումի արդիւնք էր: Յետ մահու ակնարկ մը նետելով իր գործելակերպին վրայ կ՛եզրակացնենք, որ իր ժամանակէն դէպի առաջ մտածող անձնաւորութիւն մըն էր ան, որուն արժանիքները ունեցողներու քիչ կը հանդիպինք այս օրերուն:
Դէպքեր եւ կեցուածքներ յաճախ իրենց թելադրականութեամբ սերունդներու դաստիարակութեան շօշափելի օրինակներ են: Բերիոյ թեմի շինարարական աշխուժ տարիներուն, երբ բազմաթիւ շէնքեր կառուցուեցան հայաշատ թաղերու մէջ, բնակարանները կը յատկացուէին նորապսակ զոյգերուն եւ կրթական ասպարէզի կոչուած մշակներուն ու ազգային վարչամեքենայի պաշտօնէութեանց: Քրիստափոր Իֆատեան իր ծնողքին եւ երկու քոյրերուն հետ, որոնք դաստիարակներ էին ազգային վարժարաններէն ներս, կենցաղային տարրական պայմաններով կ՛ապրէր փոքր տան մը մէջ: Ան այդ օրերուն ղեկավարութեան գլխաւոր դէմքն էր,երբ մօտիկ ընկերներ առաջարկեցին տունի մը ընտրութեան մասին , պատասխանը ժխտական եղաւ` բացատրելով, որ իր նիւթական կարելիութիւններէն վեր է մասնավճարներու ճշդապահ գործադրութիւնը:
Այսօր, երբ «վէրքերովլի» Հալէպի ընկերները քու յիշատակդ ոգեկոչելու ընթացքին պիտի երգեն այս երգը` առ ի երախտագիտութիւն քու կուսակցական կրթական եւ ազգային վաստակիդ, այդ պահուն անկասկած է, որ հոգիդ պիտի սաւառնի աղէտեալ քաղաքիդ վրայ, ուր ապրեցար տաք ու պաղ օրեր, գործեցիր, դաստիարակեցիր, հանգիստի եւ հաճոյքի ժամերէդ զրկուեցար, յանուն պաշտած գաղափարիդ, որուն հիմնադիրին անունով կոչուելու պատիւին արժանի էիր:
Երեւան 22 օգոստոս 2013