Լիբանանի Աթլեթիզմի Պատմութեան Մէջ Ոսկեայ Էջեր Կերտած Վարդգէս Էսքիպաշեան
ՔՐԻԵՍԹԵԼ ՍԱՆՆԵՀ
(Լիբանանի մէկ քայլ ոստումի ախոյեան)
Վարդգէս Էսքիպաշեան. անուն մը, որ ոսկեայ տառերով արձանագրուած է Լիբանանի աթլեթիզմի պատմութեան էջերուն մէջ: Ան եղած է 60-ական, 70-ական եւ 80-ական տարիներու ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի զօրաւոր խումբին մարզիչը: Հազուագիւտ այն մարզիչներէն, որ իր ուսումը եւ պատրաստութիւնը ստացած է Եւրոպայի մէջ` Փորթուգալ. մարզած է բազմաթիւ ախոյեաններ, ինչպէս` Արտա Գալփաքեան, Եսթեր Մեծմօրուքեան, Անահիտ Սաաթչեան եւ ուրիշներ, մեծ ներդրում ունենալով Լիբանանի աթլեթիզմի զարգացման մէջ:
Այս տարուան ապրիլին ներկայ գտնուեցայ ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած միջդպրոցական աթլեթիզմի մրցումներուն, Պուրճ Համուտի դաշտին վրայ: Մրցումներէն ետք մրցանակաբաշխութիւնը կատարեց տարեց, բայց աշխուժ մարդ մը, յարգուած ու պատուըւած բոլորին կողմէ` կազմակերպիչ, մարզիչ, մարզիկ թէ ծնողք: Քովս կանգնած էր խմբակիցս` Լոռի Թաշճեանը (Լիբանանի 400 մ վազքի ախոյեան), որուն հարցուցի այդ մարդուն ինքնութեան մասին: Ան անմիջապէս պատասխանեց, թէ ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիչ Վարդգէս Էսքիպաշեանն է: «Վարդգէս» այս անունը շատ անգամ լսած էի իմ առաջին մարզիչէս` Արտա Գալփաքեանէն, որ միշտ գովասանքով եւ յարգանքով կ՛արտայայտուէր անոր մասին:
Մրցանակաբաշխութենէն ետք խնդրեցի Էլի Տաքեսեանէն (Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնի անդամ), որ նոյնպէս Վարդգէսին մարզիկը եղած է, որ ինծի ծանօթացնէ մարզիչին: Միասին մօտեցանք իրեն. հիւանդ էր, խօսելու դժուարութիւն ունէր, իր կինը` Անահիտը կը բացատրէր ըսածը: Ան նայեցաւ աչքերուս ու հարցուց. «Քեզ կը ճանչնա՞մ». ըսի` «ոչ, բայց Արտա Գալփաքեանը ինծի շատ բաներ պատմած է ձեր մասին»: Ժպտեցաւ, փաթթուեցաւ եւ համբուրեց` ըսելով. «Բարեւներս փոխանցէ Արտային, շատոնց չենք տեսնուած»: Յետոյ հարցուց, թէ ի՞նչ մարզաձեւ կը կիրարկեմ. երբ ըսի` մէկ քայլ ոստում եւ եօթնամարտ, բռնեց թեւերս եւ քանի մը շարժում ընել տուաւ ու բացատրեց, թէ եօթնամարտ-ին մէջ նիզակ արձակել կայ. «Պէտք է ձեռքերուդ վրայ աշխատիս, որպէսզի ճկուն ըլլան». արդէն նախկին փորձառու մարզիչն էր խօսողը: Զրոյցը շարունակուեցաւ կնոջը` Անահիտին (40 տարիներ առաջ Լիբանանի 4×100 մեթրի մրցանակակիր) օգնութեամբ ու բացուեցան անցեալի յուշեր` ախոյեաններու, ախոյեանուհիներու անուններ, մրցաշարքեր, արդիւնքներ, փորձեր ու մանրամասնութիւններ, որոնք ինծի համար շատ օգտակար էին:
Իրարմէ բաժնուեցանք կրկին հանդիպելու խոստումով, բայց այս անգամ` Արտային հետ. սակայն այդ հանդիպումի առիթը դարձաւ անկարելի: Վարդգէս Էսքիպաշեանին ծանօթանալս մեծ հպարտութիւն պատճառեց ինծի:
Վարդգէս Էսքիպաշեան եւ իրեն նմաններու նուիրեալ աշխատանքը եւ յիշատակը յարգելով է, որ պիտի յաջողինք Լիբանանի մէջ ստեղծել ու պահպանել մարզական մշակոյթ, որ այդքան կը պակսի մեզի: