Քաթարի Իշխանէն Շնորհակալական Հեռագիր Արամ Ա. Կաթողիկոսին
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս
Սիրալիր բարեւներ,
Խոր շնորհակալութեամբ ստացանք Ձեր ազնիւ շնորհաւորական գիրը մեր ընտրութեան առիթով` իբրեւ Քաթարի իշխան: Ձեզի կը յայտնենք մեր խոր յարգանքն ու անկեղծ զգացումները, եւ կը մաղթենք Ձեզի քաջառողջութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն:
Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի
Իշխան Քաթարի
18 օգոստոս, 2013
CATEGORIES Գաղութային