Եգիպտոս Այսօրուընէ Սկսեալ Օրական 4 Ժամով Պիտի Վերաբանայ Ռաֆահի Անցքը

Կազայի մէջ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ եգիպտական իշխանութիւնները զիրենք տեղեակ պահած են, որ կը մտադրեն այսօրուընէ սկսեալ օրական չորս ժամով վերաբանալ Եգիպտոսի եւ Կազայի միջեւ Ռաֆահի սահմանային անցքը:

Կազայի մէջ սահմաններու եւ սահմանային անցքերու ընդհանուր տնօրէն Մահեր Ապու Սուպհա «Եու.Փի. Այ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Ռաֆահի անցքը քաղաքացիներուն առջեւ պիտի բացուի շաբաթ օրուընէ սկսեալ օրական չորս ժամով եւ մարդասիրական պարագաներու համար»:

Ան աւելցուց, որ եգիպտական կողմն է, որ պիտի ճշդէ, թէ որո՛նք կրնան անցքի ճամբով ճամբորդել, ինչպէս` ամէնէն կարիքաւորները, հիւանդութեան ծանր պարագաները, արտասահմանի մէջ կեցութեան արտօնութեան տէր եւ այդտեղ բնակողները, որոնք այցելութեամբ Կազա կու գան, արտասահմանի մէջ ուսանող աշակերտներն ու համալսարանականները:

Ապու Սուպհա յայտնեց, որ եգիպտական կողմը շաբաթ օր պիտի արտօնէ ճամբորդութիւնը անոնց, որոնք անցեալ շաբաթ սահմանէն ետ դարձուած էին` նկատի ունենալով, որ առաջնահերթութիւնը անոնցն է, ապա վերոնշեալ խմբակներուն մաս կազմողներուն արտօնութիւն պիտի տայ:

Կազայի մէջ կառավարութեան փոխվարչապետ Զիաք Զազա յայտարարած էր, որ Ռաֆահի անցքը վերաբանալու համար եգիպտական իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: Ան նաեւ յայտնած էր, որ Կազայի կառավարութիւնը համաձայն է, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութեան պահակներու ներկայացուցիչներ սահմանային անցակէտին վրայ ներկայ ըլլան:

Եգիպտական իշխանութիւնները անցեալ երկուշաբթի օր Ռաֆահի անցքը փակած էին անյայտ ժամկէտով: Անոնք այդ քայլը որդեգրած էին Ռաֆահի եգիպտական կողմին վրայ անծանօթ զինեալներու կողմէ 24 եգիպտացի զինուորներու սպանութեան եւ Սինայի թերակղզիին ու Արիշի շրջանին մէջ լարուածութեան շարունակման լոյսին տակ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )