ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ` «ԱՅԳ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵՒ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՎԵՐԵԼՔԻ ՄԸ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ

Մշակութային կեանքի իւրաքանչիւր բնագաւառ իր մէջ պարփակելով հանդերձ իւրայատուկ իմաստ եւ ընկալում, նաեւ կը զգենու հոգիները կախարդելու գրաւչութիւն մը, առինքնող կարողականութեամբ յագեցած ներքին կշռոյթ եւ  գեղարուեստասէր հանրութեան ներաշխարհը լուսաւորող հոգեպարար գրգիռ մը:

Ի դէպ, յստակացնել է պէտք, թէ արժեչափերու նման աստիճանաւորում, թէեւ կը վերաբերի էապէս գեղարուեստի բարձրորակ կատարումներու, այդուհանդերձ, հարկ է խոստովանիլ, թէ գաղութահայ կեանքի մէջ արձանագրուած արուեստի բնորոշ տարբեր նախաձեռնութիւններ, թէեւ հազուադէպ, սակայն արդարօրէն կը համընկնին վաստկելու ամբողջ շրջապատի մը գնահատանքին ու ինչու չէ աւելիին ձգտելու երազանքին:

Արդարեւ, խանդավառութեամբ եւ բերկրանքով լիացած պահ մը հանդիսացաւ «Այգ» երգչախումբի եւ նուագախումբի համերգը, որ տեղի ունեցաւ 22 մայիս 2011-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»ին մէջ, ուր համախմբուած էին հոյլ մը երիտասարդներ, որոնք մատուցեցին հայ թէ օտար երգերու փունջ մը` ժողովրդային գործիքներու նուագակցութեամբ:

Այս առիթով ընդգծելի են կարգ մը երեւոյթներ, որոնք առաւել եւս կ՛ամրապնդեն գեղարուեստասէր հանրութեան յարգանքն ու խանդաղատանքը, աւելի՛ն. կը ցոլացնեն դէպի արուեստի բարձունքներ նուաճելու խոր գիտակցութիւն մը եւ երազի մը իրականացումին նպաստող մղում մը:

Իրօք, առաջին հերթին խրախուսելի էր երգչախումբի բաղկացուցիչ տարրը` երիտասարդութիւնը, որ ցուցանիշն է կեանքի թարմութեան, եռանդին, համակ նուիրումին,  ներուժին եւ աւելի լաւին ձգտելու խորհրդանիշին:

Բեմին վրայ անոնց ներկայութիւնը կը փոխանցէր ինքնավստահութեան ցոլք մը, երաժշտութեան բնագաւառի հանդէպ սիրոյ եւ գուրգուրանքի հրայրք մը եւ առհասարակ նախանձախնդիր մօտեցում` հայ թէ օտար երաժշտական յօրինումները գեղեցկօրէն եւ վայելչօրէն կատարելու իմաստով:

Այս ծիրին մէջ, ինչ կը վերաբերի յայտագիրի այլազանութեան, այսինքն` հայ թէ օտար երաժշտական գոհարներու մատուցումին, խորքին մէջ երիտասարդական խանդին ու ներաշխարհին ամէնէն վաւերական ծալքերը ճառագայթելու պատեհութիւն մը կ՛ընծայուէր` սիրոյ եւ գեղեցկութեան բազմաշերտ զգացումներու լիարժէք փոխանցումով:

Փաստօրէն, Սայաթ Նովայի, Ռուբէն Հախվէրտեանի, Շարլ Ազնաւուրի, Էլվիս Փրեսլիի եւ հայ թէ օտար  ժողովրդային երգերու ընդգրկումը ո՛չ միայն համերգին կու տար մշակութային գունագեղ արտայայտչականութիւն, այլ նաեւ` արուեստի բարձրաթռիչ եւ համարժէք ընկալչութիւն, յանուն անխարդախ ապրումներու եւ նուիրական արժէքներու:

Սա ինքնին պերճախօս գրաւական մըն է հաստատագրելու այն իրողութիւնը, թէ երգչախումբին առընթեր դաշնամուրի եւ ժողովրդային գործիքներու (շուի, տուտուկ, քանոն, ձեռնադաշնակ) տպաւորիչ ներկայութիւնը առանձնապէս համերգին կու տային հոգեզմայլ հնչեղութիւն եւ հայ մշակութային կենարար մթնոլորտի մը անխառն զգացողութիւն:

Պարտք կը զգանք արձանագրելու, թէ նման մշակութային իրագործումներու ետին կանգնողը, հոգատարն ու մղիչ ուժը, եթէ երբեք մէկ կողմէ լիբանանահայ գաղութի Համազգայինի միաւորն է իր բարերար անհատներու աջակցութեամբ, ապա միւս կողմէ, հարկ է միանշանակ արձագանգել, թէ այս բոլորի պսակադրումին, արուեստի ճաշակի յանձանձումին եւ գեղարուեստական նուաճումին խթանն ու կորով հայթայթողը մեր գաղութի բազմաշնորհ արուեստագէտն է, Լիբանանի բարձրագոյն պետական երաժշտանոցի դասախօսը, «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի տարիներու խմբավարը, Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի ստեղծիչը, այլապէս բազմաթիւ ելոյթներու գեղարուեստական ղեկավարն ու ուսուցիչը, արժանավայել պարգեւատրումներու  տիրացած հայորդին, բոլորիս սիրելի Զաքար Քէշիշեանը:

Փակագիծ մը բանալու անհրաժեշտութեան առջեւ գտնուելով` յստակացնենք, թէ գաղութահայ կեանքի յամեցող դժուարութիւններու, օտարաբոյր եւ խենեշ յորձանուտերու, այլասերող եւ համայնակուլ երեւոյթներու դէմ յանդիման, ճիշդ է, որ նման մշակութային իրագործումներ փրկութեան լաստեր են, ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը փայլատակող արարքներ, հպարտութեան եւ ինքնավստահութեան կռուաններ, այդուհանդերձ, մատնանշելին եւ անխուսափելին կը մնայ այն իրականութիւնը, թէ գաղութահայ կեանքի վերականգնումին, վերածաղկումին, վերահայացումին, մէկ խօսքով` զարթօնքին համար, աւելի քան երբեք պարտաւորեցնող է դէպի արհեստավարժութեան տանող սրբազան ճանապարհի անյապաղ որդեգրումը:

Միւս կողմէ, գնահատական չափազանցութիններու որոգայթէն հեռու մնալու դիտաւորութեամբ, հարկ է մատնացոյց ընել նաեւ այն, թէ բացթողումներու որոշակի երեւոյթներ կը յամենային համերգին, ինչպէս` երգչախումբի անդամներու միջեւ կատարողական յաւելեալ ներդաշնակութիւն, բեմական աւելի կարգապահ կեցուածք, նուագակցութեան առնչուող հարցեր, ու մանաւանդ` դէպի արհեստավարժ ունակութիւն ուղղուելու խոր գիտակցութիւն:

Եւ, ճիշդ այս մեկնակէտով է, որ արուեստասէր հասարակութեան երազանքին խայծ մը տուած կ՛ըլլանք, երբ ունենանք արուեստի չափանիշները կենսաւորող երիտասարդական երգչախումբ մը, որ միայն պատիւ կը բերէ գաղութահայ կեանքին:

Իրագործում մը, որուն կը պակսի պայծառատես մտածողութեան եւ տիրական ուժի համապարփակ կարողականութիւն` նիւթաբարոյական նեցուկի կողքին:

Աւարտին, «Այգ» երգչախումբն ու նուագախումբը ունի այն բոլոր կարողական ստորոգելիներն ու գեղարուեստական հմայքը, որպէսզի նուաճէ արուեստի նոր գագաթ մը, յանուն հայ երգի ու երաժշտութեան վեհափառ յաղթանակին:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES