ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. «ՎԷՐՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ» ՎԷՊԻՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՎԵՐԱԾՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Ուշացա՞ծ ենք արդեօք մտածելու «Վէրք Հայաստանի» վէպին արեւելահայ- բարբառային լեզուն արեւմտահայերէնի վերածելու աշխատանքը իրագործելու մասին: Գուցէ այո եւ` ոչ: Հոս կարելի է մխիթարուիլ «լաւ է ուշ քան երբեք» իմաստութեան դիմելով:
Խաչատուր Աբովեան 170 տարիներ ետք այցելեց Լիբանան, ուր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Ազդակ» օրաթերթի նախաձեռնութեամբ «Վէրք Հայաստանի»ն լոյս տեսաւ եւ յանձնուեցաւ ընթերցողին: 2011 թուականը բախտաբեր եղաւ այս իմաստով: Տպագրութիւնը յստակ ու տառերը` կը հրաւիրեն հեզասահ ընթերցման:
6 յունիս 2011. հրաւիրուած ենք «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահը, որ լեցուած է ընթերցասէրներու եւ հայ գրականութեամբ հետաքրքուած հայորդիներով: Հոս կը տեղեկանանք հատորին լոյս ընծայման, արեւմտահայերէնի վերածման, հատորը հրապարակի վրայ տեսնելու յղացման համար կատարուած աշխատանքներուն: Նախ` միտքը կամ գաղափարը կու գայ ՀԱՅՈԳԻ մատենաշարի նախաձեռնութիւնը ստանձնած Խաժակ Գալուստեանէն, որուն առաջարկը կ՛ընդունի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան:
Երրորդ անձը, որ հարկ է իրագործէ վերածման թարգմանչական-արեւմտահայացման պարտականութիւնը, տոքթ. Արմենակ Եղիայեանն է: Ան կը ստանձնէ աշխատանքը, թէեւ վարանումով (որովհետեւ պատասխանատու եւ յանձնառութիւն պահանջող գործ է): Մօտաւորապէս տարուան մը ընթացքին իրագործուած աշխատանքներէ ետք ահաւասիկ հատորը` «Վէրք Հայաստանի»ն, արեւմտահայերէնով:
Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան բացատրութիւններ տուաւ վէպին լեզուական, քերականական, Քանաքերի բարբառին, 2000-է աւելի անհասկնալի բառերու, նաեւ թրքերէնի, արաբերէնի եւ մասամբ պարսկերէնի առկայութեան «Վէրք»ին բովանդակութեան մասին: Այսօր ունինք այս աշխարհաբար առաջին վէպին մեզի փոխանցուած արեւմտահայերէն հրատարակութիւնը: Նոր սերունդը, մեր երիտասարդութիւնը բախտաւոր պէտք է զգայ ինքզինք, որ դիւրութեամբ պիտի ծանօթանայ Խաչատուր Աբովեանին եւ անոր ապրած ճգնաժամային դարաշրջանին, հայրենասիրական ոգիին եւ ճակատագիրին:
Հայրենի բանասէր, արուեստաբան եւ գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, այս առիթով հրաւիրուած էր Լիբանան, մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Խաչատուր Աբովեանի կեանքին, ուսումնական եւ ուսուցչական, նաեւ գրական գործունէութեան վերաբերեալ: Ան շեշտը դրաւ Աբովեանի հայրենասիրական ոգիին ու տագնապներուն, ապա` անոր խորհրդաւոր անհետացման վրայ:
«Վէրք Հայաստանի» վէպէն հատուած մը ընթերցեց Հեղնար Եղիայեան:
Լիբանանահայ 50-60ական սերունդի ընթերցասէրները չկրցան իրաւամբ ըմբռնել ընթերցանութիւնը «Վէրք Հայաստանի»ին: Այսուհանդերձ ունեցանք բախտաւորութիւնը ասմունքով ներկայացուած ունկնդրութեան, զոր իրագործեց հայ գրականութեան նկատմամբ պաշտամունք ունեցող Յակոբ Կիւլոյեան: Ան ասմունքի ներկայացումներ կատարեց` գոց սորվելով յիշեալ հատորին մեծ մասը:
Առաջին ասմունքի ցերեկոյթ, Ամերիկեան համալսարանին «Ուեսթ Հոլ» սրահին մէջ` 1959-ի փետրուարին: Օրն է Բարեկենդանի տօն:
«Վէրք Հայաստանի»ին առաջին նախադասութիւնը հետեւեալն է.
«Բարեկենդան էր: Ձիւնը եկեր, դիզուեր, սառ ու ձոր բռներ էր»:
Երեք ժամ եւ աւելի տեւած է ասմունքի «արարողութիւնը»:
Յ. Կիւլոյեանի այս յանդուգն նախաձեռնութիւնը շարունակուեցաւ 12 անգամ ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ Սուրիոյ մէջ: Պէյրութ, Պուրճ Համուտի «Սինեմա «Արաքս» սրահին մէջ, Այնճար, Զահլէ, Թրիփոլի: Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա: Կրկնուած ձեռնարկներ ալ եղած են: Տակաւի՛ն. Յ. Կիւլոյեան «Վէրք Հայաստանի»ն «տարաւ» աւելի հեռուները, իր միջոցով այդ յատկանշական ասմունքը հնչեց Միացեալ Նահանգներու, Լոնտոնի, Քանատայի, Կիպրոսի, Իրանի, Վենետիկի եւ Եգիպտոսի մէջ:
Յիշեցինք այս եղելութիւնը` 50 տարիներ առաջ պատահած, յիշելու համար, թէ լիբանանահայերուն համար օտար անուն մը չէր Խաչատուր Աբովեան: Գոց սորված էին անոր քանի մը նախադասութիւնները, հայրենասիրական պատգամները:
«Ա՜խ վաթան, վաթան, քո հողին ղուրբան, քո ջրին ղուրպան, քո ծխին ղուրպան»: Կամ` «Լեզուդ մոռցիր, հաւատդ ուրացիր, էլ ինչպէ՛ս ասեմ, թէ ո՛ր ազգիցն ես»…
Ասմունքի ունկնդիրներուն ականջին մէջ մնաց անունը` վէպին հերոս Աղասիին: Ու մեր սերունդը կարծես լիացաւ Խաչատուր Աբովեանի հայրենասիրութեամբ:
Հերթը հիմա մեր նոր սերունդինն է: Մեր վարժարաններուն եւ մեր ուսուցիչներուն պարտքն է հետապնդել այս վէպին ընթերցանութիւնը, որովհետեւ մօտ օրէն պիտի յայտարարուի այս առիթով աշակերտական եւ ժողովրդային մրցանք մը: Շահողը պիտի հարստանայ…
Շնորհակալութիւն այս իրագործումը յղացողին, թարգմանիչին, եւ հրատարակիչին: Նաեւ աչքը լոյս մեր ընթերցասէրներուն:
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ