Ակնարկ. Սպասել Երկրորդ «Թէ՛»-ին

Մաքսային միութեան մաս կազմելու Երեւանի պաշտօնական համաձայնութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ կտրուկ շրջադարձի համազօր երեւոյթ  չի նկատուիր, երբ հաշուի կ՛առնենք Ռուսիոյ հետ Հայաստանի յատուկ ռազմավարական գործընկերութիւնը, մեր երկրին երկկողմանիօրէն շրջափակուած ըլլալը եւ տասնամեակներու ընթացքին ուժանիւթի, կապի, հաղորդակցութեան եւ մանաւանդ ռազմական ոլորտներուն մէջ Մոսկուայի հետ Երեւանի կնքած պայմանագրային համաձայնութիւններու չափերն ու տարողութիւնները:

Միաժամանակ պէտք է արձանագրել նաեւ, որ ռազմավարական յատուկ գործընկերէ ակնկալուած դրսեւորումներով չէ, որ կը յատկանշուէր Մոսկուայի պահուածքը Երեւանի նկատմամբ: Միայն վերջին փաստը, իր գործընկերը շրջափակած եւ անվերջ թշնամանքի  ու պատերազմ վերսկսելու հռետորաբանութեամբ հանդէս եկող Պաքուին նոյն Մոսկուան տրամադրեց հսկայ տարողութեամբ եւ գերարհեստագիտութեամբ յագեցած զինուժ:

Այստեղ տարատեսակ էին մեկնաբանութիւնները. քաղաքագէտներ ռուս-ազրպէյճանական նորագոյն գործարքը կը նկատէին սպառնալիք Երեւանին` Եւրոպական Միութեան հետ իր յարաբերութիւնները հաւասարակշռելու եւ շատ արագ չվազելու այդ ուղղութեամբ: Իսկ պաշտօնական Երեւանը ամէն առիթի կը փորձէր ցոյց տալ, թէ այդ գործարքը որեւէ ձեւով խնդրոյ առարկայ չի դարձներ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները:

Այս երկուութիւնը բացատրող բանաձեւը «թէ՛, թէ՛» փոխան «կա՛մ-կա՛մ»-ի կարգախօսով շրջանառութեան մէջ մտած էր քաղաքական ելոյթներուն եւ հրապարակումներուն մէջ: Իսկ «թէ՛, թէ՛»-ն արդէն կը նշանակէր, որ Երեւանը պիտի համաձայնէր մտնել թէ՛ Մաքսային միութեան մէջ եւ թէ՛ ստորագրէր Եւրոպական Միութեան Ընկերակցութեան փաստաթուղթը: «Թէ՛»-ի առաջին բաժինը իրականացած է արդէն: Եթէ Մաքսային միութեան համաձայնութեան մերժէր մաս կազմել Երեւանը, այդ պարագային էր, որ «կա՛մ, կա՛մ»-ի տրամաբանութիւնը պիտի աշխատէր:

Եթէ երկրորդ «Թէ՛»-ն  չարձանագրուի, արդարացուած կ՛ըլլան այն բոլոր խիստ քննադատութիւնները, որոնց համաձայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը կտրուկ շրջադարձ կատարած է իր արտաքին քաղաքականութեան առաջնային  օրակարգով ամրագրուած դէպի Եւրոպա համարկումի քայլեր իրականացնելու առաջադրանքէն:

Քաղաքական իրատեսութիւնը հարցումի կարգով կը յուշէ, որ Երեւանը ունէ՞ր քաղաքական շռայլութիւնը մերժելու Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը: Այստեղ սակայն պէտք է յարգուէր որոշումին միանձնեայ բնոյթ տուած չըլլալու սկզբունքը: Քաղաքական շրջանակներու հետ հրապարակային խորհրդակցութիւնները, բացատրողականները, փոխլրացուցիչ քաղաքականութիւն կիրարկելու մօտեցումները սեփականութիւնը պէտք է դառնային հասարակութեան: Ի վերջոյ երկրի համար ճակատագրական ուղղութիւններ ճշդելու պահեր են ասոնք, որոնց մասին նախապէս տեղեկացումը քաղաքական մշակոյթի մաս կը շարունակէ չկազմել մեր երկրին մէջ: Յանկարծակիութեան գործօնը ինքզինք կը կրկնէ, երբ մտաբերենք հայ-թուրք յարաբերութիւններու նոր մղում տուող հաղորդագրութեան յանկարծակի հրապարակումը:

Վիլնիուսի հանդիպումը սարերու ետեւը չէ: Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը պարզ դարձուց, որ Հայաստանի համար օրակարգային կէտ կը մնայ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցական քաղաքականութեան նուիրականացումը: Մինչ, Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնը հաստատեց, որ Եւրոպական Միութեան  առեւտուրի եւ Մաքսային միութիւնները անհամատեղելի են, միաժամանակ բացատրութիւն պահանջելով Երեւանէն իր առած վերջին քայլին ուղղութեամբ: Իսկ  Եւրոպական յանձնաժողովը պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրած է յայտարարութիւն, ուր հաշուի առնելով Հայաստանի կայացուցած որոշումը, համատեղելի որակած է Եւրոպական Միութեան հետ ազատ առեւտուրի գօտիին ներգրաւուիլը եւ ԱՊՀ շրջանակներուն մէջ  տնտեսական համագործակցութիւնը:

Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան փաստաթուղթը հազար էջէ աւելի է, որուն մէկ բաժինն է առեւտրային միութիւնը: Չի բացառուիր, որ Երեւանը նախաստորագրէ այդ փաստաթուղթի ոչ առեւտրային բաժինը, որ իր հերթին Եւրոպական Միութեան հետ համարկումի քաղաքականութեան ընթացքը թէեւ որոշ դանդաղեցումով, այսուհանդերձ ի զօրու կը պահէ:

Ի վերջոյ Եւրոպան եւս կովկասեան տարածաշրջանին մէջ գործընկերներու պէտք ունի, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Երեւանն էր ամենապատրաստը իբրեւ թեկնածու այդ փաստաթուղթի ստորագրման:

«Թէ՛, թէ՛»-ն պէտք է աշխատի Երեւանի համար: Եւրոպական Միութեան գերհզօր տէրութիւնը այսօր Գերմանիան է: Գերմանիան է, որ եղանակ կը ճշդէ Եւրոպայի տնտեսական հարցերուն, առեւտուրի միութեան ձեւաւորման, ընկերակցումներուն եւ Եւրոպական Միութեան ազդեցութեան գօտիի զարգացման եւ գործընկերութիւններու հաստատման ընդհանուր ուղղութիւններուն մէջ: Կը թուի, որ Երեւանը կ՛որոշէ իր դիւանագիտական ներկայութիւնը աշխուժացնել Գերմանիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան հետ համարկումի քաղաքականութեան թափ տալու եւ առհասարակ «թէ՛, թէ՛»-ի փոխլրացումի հիմունքով ընթանալու համար` իբրեւ կարեւոր բաղադրիչ իր արտաքին քաղաքականութեան:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )