50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 10 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ
ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կիրակի, 4 յունիս 1961, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, տեղի ունեցաւ Հազմիէի Վիեննական մխիթարեան երկրորդական վարժարանի մանկապարտէզի տարեկան հանդէսը:

Հոծ բազմութիւն մը` ծնողներու, բարեկամներու եւ ազգականներու, լեցուցած էր վարժարանին հանդիսասրահը: Հանդէսին կը նախագահէր Մխիթարեան վարժարանի նախկին բազմավաստակ տնօրէն եւ մեծաւոր Համազասպ վրդ. Ոսկեան:

Յայտագիրը ճոխ էր եւ բաղկացած` երկու մասերէ: Կը մասնակցէին Ծաղիկ, Ծիլ եւ Կոկոն դասարանները:

Շնորհիւ մանկապարտիզպանուհիներ Զեփիւռի, Լուսինի եւ Ծիածանի, փոքրիկները շատ յաջող ելոյթներ ունեցան` արժանանալով ներկաներու ծափահարութիւններուն:

Մեր սիրտերը անհուն յուզումով եւ բերկրանքով լեցուեցան, երբ Ծաղիկ դասարանի երգչախումբը լիբանանեան հայրենիքը եւ դրօշը խորհրդանշող կենդանի պատկեր մը ներկայացնելով` հանդէսին բացումը կատարեց լիբանանեան եւ Մխիթարեան զոյգ քայլերգներով:

Ապա գործադրութեան դրուեցաւ այլազան եւ ճոխ յայտագիրը:

Գօգօ Աղարեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց օրուան պատուոյ նախագահին: Ապա Ծաղիկ դասարանը ներկայացուց համաչափ եւ գեղեցիկ մարզանք մը` նուագի ընկերակցութեամբ, յայտնի երաժիշտ Գրիգոր վրդ. Հեպոյեանի եւ Գահիրէի Մխիթարեան նախկին սաներէն Գէորգ Գասպարեանի:

Ծիլ եւ Կոկոն դասարանները մեզի շատ հաճելի ժամանց մը պարգեւեցին իրենց թիթեռնիկներու պարով: Անոնք ժիր ու աշխուժ երգեցին, պարեցին ու արտասանեցին հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն: «Երկինքը փուլ կու գայ» տրամախօսութիւնը անսպասելի արդիւնք մը տուաւ:

Սիլվա Պէօյուքեանի մենապարը եւ անոր յաջորդող հայկական պարը խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուցին:

Յայտագրի երկրորդ մասին սկսելէ առաջ, տասը վայրկեանի դադար մը տրուեցաւ ներկաներուն, որուն ընթացքին Գէորգ Գասպարեան ձեռնադաշնակի վրայ նուագեց «Րաֆֆի» քայլերգը, ընկերակցութեամբ հեղինակին` Գրիգոր  վրդ. Հեպոյեանի:

Դադարէն ետք Ծաղիկ դասարանը կրկին բեմին վրայ տեսնելու հաճոյքը ունեցանք: «Բժիշկն ու հիւանդը» թատրերգութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց ներկաներուն մօտ:

Ծաղիկ դասարանի երկսեռ երգչախումբը երգեց «Հրաժեշտի երգը», հրաժեշտի ուղերձ մը կարդաց նաեւ Գասապեան Թոնի:

Ապա բեմ բարձրացաւ Վիեննական Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն Օգոստինոս վրդ. Սիքուլեան` մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն յանձնելու իրենց վկայականները:

Ան խօսքը ներկաներուն ուղղելով` շեշտը դրաւ այն մեծ ծառայութեան վրայ, որ Վիեննական Մխիթարեան միաբանութիւնը կը բերէ հայ լեզուի եւ հայ մշակոյթի ուռճացման:

ՄԵԼՔՈՆ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ

Պր. Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ մեզի Նիւ Եորքէն.

Պրոտուէյի վրայ բացուեցաւ նոր երաժշտական թատրերգութիւն մը, որ կը կոչուի «Տոնիպրուք»: Այս խաղին տեսարանները պատրաստուած են Ռուբէն Տէր Յարութիւնեանի կողմէ, որոնք մեծապէս գնահատուեցան Նիւ Եորքի քննադատներու կողմէ:

ՓԻԹԸՐ ՍՈՒՐԵԱՆ

Փիթըր Սուրեան նոր վէպ մը գրած է, որ կը կոչուի «Տը պեսթ էնտ ուորսթ օֆ թայմզ»:

Լիօ Համալեան ու Էտմոնտ Ուալֆ խմբագրած են «Փուլիցըր փրայզ ռիտըր» հատորը, որ կը բովանդակէ ամերիկեան պատմուածքներ, թատրերգութիւններ` 55 հեղինակներէ:

ՌԻՉԸՐՏ ՊԱՔԱԼԵԱՆ

Հոլիվուտի հայ դերասան Ռիչըրտ Պաքալեան գլխաւոր դերը պիտի խաղայ պատկերասփիւռի նոր շարքին մէջ, որ կը կոչուի «Լաս Վեկաս պիթ», որ պիտի ցուցադրուի ՆՊՔ կայաններու վրայ:

ՎԱՀԱՆ ԹՈՒԼԱՃԵԱՆ

Վերջերս բաւական թիւով հայ արուեստագէտներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն զանազան նուագախումբերու կամ երգչախումբերու:

Վահան Թուլաճեան, պաս, «Սէյնթ Թոմաս» երգչախումբին մենակատարներէն մին էր, Թուլաճեան տուաւ նաեւ իր առանձին երգահանդէսը ու գնահատուեցաւ: Քալիֆորնիացի է: Որպէս մենակատար իր մասնակցութիւնը բերաւ «Սէյնթ Թոմաս» երգչախումբի հնգամեայ նուագահանդէսին, ուր ներկայացուեցաւ ֆրանսական կրօնական երաժշտութիւն:

– Կլորիա Պալիոզեան, դաշնակահարուհի: Նուագեց Քուինզ քոլեճ երգչախումբին հետ, նուագախումբի մասնակցութեամբ:

– Պերճ Քալամեան, երգահան, իր «Սոնաթ ֆոր ֆլութ էնտ փիանց»ը վերջերս նուագուեցաւ ու գնահատուեցաւ որպէս գործ մը, որ ձեւ ու կեցուածք ունի:

– Եդուարդ Քարաքայեան, սրնգահար, նուագեց Մանես երաժշտական քոլեճի խումբին հետ:

Share this Article
CATEGORIES