Հոլլանտի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծում Մը Գտնելու Իր Սկզբունքին» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը կ՛ամրապնդուին` բոլոր մարզերուն մէջ եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով լիբանանեան բանակին յատկացուելիք օժանդակութիւնները, որպէսզի վերջինս կարենայ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը` ներքին եւ սահմանային առումով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ մէջ:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումներ գտնելու իր սկզբունքին:
Սլէյման եւ Հոլլանտ քննարկեցին նաեւ Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խորհրդաժողովին նախապատրաստութիւնները: Անոնք ընդգծեցին, որ այդ երկիրներու օժանդակութիւններուն նպատակն է ամրապնդել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, օժանդակել անոր հաստատութիւններուն, տնտեսութեան եւ բանակին, որպէսզի ան կարենայ տոկալ զինք ծանրաբեռնող սուրիացի գաղթականներու հոսքին:
Իր կարգին, Հոլլանտ շեշտեց, որ Ֆրանսա Լիբանանին կը զօրակցի բոլոր մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնայ յաջողցնելու Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խորհրդաժողովը:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման Նիս մեկնած էր Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մարզախաղերուն ջահը փոխանցելու Ֆրանսայի, որ պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Է. մարզախաղերը: