Եւրոպական Միութիւնը «Կը Դժուարանայ Պատկերացնել» Ընկերակցութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հայաստանի Հետ

Փիթըր Սթանոն

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի բանբեր Փիթըր Սթանոն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը հաւանական չի նկատեր Հայաստանի հետ նախաստորագրել Ընկերակցութեան, ինչպէս նաեւ Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիրները: Ան պարզաբանեց, որ այդ փաստաթուղթերը համատեղելի չեն Մաքսային միութեան անդամակցութեան հետ, ինչ որ կը պատրաստուի ընել Հայաստան:

«Ես կը հաստատեմ, որ նախարար Նալբանդեան եւ յանձնակատար Ֆիւլէ հանդիպած են եւ քննարկած վերջին զարգացումները, որոնք յստակ ազդեցութիւն ունեցան Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն վրայ: Մենք կը շարունակենք վերլուծել այս նոր իրադրութիւնը` մեր գործընկերներուն հետ խորհրդակցելով: Այժմ մենք կը գտնուինք Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները այս նոր իրավիճակին մասին տեղեկացնելու եւ անոնց հետ խորհրդակցելու հանգրուանին մէջ: Այս պահուն դժուար է պատկերացնել, որ Արեւելեան գործընկերութեան Վիլնիուսի վեհաժողովին ընթացքին Հայաստան պիտի նախաստորագրէ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը: Մեր ունեցած տեղեկութիւններով` Մաքսային միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ պարտաւորութիւններու համատեղելիութիւնը Ընկերակցութեան համաձայնագիրին, ներառեալ` Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի համաձայնագիրին հետ խնդրայարոյց է», յայտարարեց պաշտօնեան:

Աւելի կանուխ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ իր հաղորդագրութեան մէջ յայտնած էր, թէ «Մաքսային միութեան միանալու մասին` Հայաստանի կողմէ յայտարարուած ընտրութեան լոյսին տակ դժուար է երեւակայել, թէ Վիլնիուսի նոյեմբերեան վեհաժողովին պիտի նախաստորագրուի Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի Ընկերակցութեան համաձայնագիրը, ինչպէս ատիկա նախընթաց բանակցութիւններով նախատեսուած էր»:

Ֆիւլէի բանբերը հաստատեց անոր ուղերձը եւ յայտնեց, որ իրենք կը յարգեն իրենց գործընկերներուն գերիշխան կամքը` որոշելու, թէ համագործակցութեան կամ համարկման ո՛ր ձեւաչափով անոնք կը ցանկան շարժիլ: «Մեր բոլորին հետաքրքրութիւններէն կը բխի սերտացնել քանի մը տարիներու ընթացքին կուտակած ձեռքբերումներուն վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները»:

Անդրադառնալով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն ճշդումին, թէ արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞, թէ անկարելի դարձած է թէ՛ Ընկերակցութեան, թէ՛ Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի համաձայնագիրի ստորագրումը` եւրոպացի յանձնակատարին բանբերը ընդգծեց, որ Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի համաձայնագիրը Ընկերակցութեան համաձայնագիրի այն մասն է, որուն շուրջ իրենք բանակցած են եւ բանակցութիւնները աւարտած են յուլիսին, եւ ջանքեր կը գործադրուէին զանոնք նոյեմբերին` Վիլնիուսի վեհաժողովին մէջ նախաստորագրելու:

Բանբեր Սթանոն յայտնեց, որ այժմ իրենք կը գտնուին տեղեկատուութիւն հաւաքելու հոլովոյթին մէջ:

«Երբ մենք բաւականաչափ տեղեկութիւն ունենանք, մեր վերլուծութիւնը պիտի ներկայացնենք: Ինչպէս գիտէք, յանձնակատար Ֆիւլէ յաջորդ շաբաթ կը մեկնի Երեւան` Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներուն ոչ պաշտօնական հանդիպման, այսինքն` ան յաջորդ շաբաթ Երեւանի մէջ պիտի գտնուի, եւ կը կարծեմ, որ այս շրջագիծին մէջ հարցին քննարկումը պիտի շարունակուի: Առայժմ մենք այս հարցին շուրջ տարբեր բեմերու վրայ կը խորհրդակցինք մեր գործընկերներուն հետ», նշեց Սթանոն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )