50 Տարի Առաջ (10 Սեպտեմբեր 1963)

Հայ Կեանք

Դանիէլ Վարուժանի
Ձեռագրերը

Երեւանի մշակութային հիմնարկութեանց մէջ այցելուներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը: Այս հիմնարկութիւնն էր, որ հայ թատրոնի 2000-ամեակին նուիրեց մնայուն ցուցահանդէս մը, հայ գրողներուն նուիրեց յիշատակի ցուցահանդէս մը: Թանգարանը դարձած է արդէն հայագիտական կեդրոն մը: Եթէ Մատենադարանին մէջ հաւաքուած են հայ հոգեւոր մշակոյթին գանձերը` ամենահին ժամանակներէն մինչեւ ԺԸ. դար, միւս կողմէ` թանգարանին մէջ հաւաքուած են ԺԹ. եւ Ի. դարերու հայ գրականութեան, երաժշտութեան եւ թատերական գործունէութեան յիշատակները: Այս ձեւով թանգարանը կը հանդիսանայ Մատենադարանին շարունակութիւնը: Սփիւռքէն եւ Խորհրդային Միութեան խորերէն նորանոր նիւթեր կը հասնին ամէն օր` Աբովեանի, Տէրեանի, Չարենցի, լեզուաբան Լեւոն Մսիրեանի, բանահաւաք Ձիթունիի, բանաստեղծ Սիամանթոյի, գրագիտուհի Անայիսի վերաբերեալ: Մինչեւ այժմ հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու ձեռագրերը, որոնք կը պահուին թանգարանին մէջ, կը հասնին մինչեւ կէս միլիոնի:

Այս ձեռագրերուն հիման վրայ ժամանակակից գրողներու գործերուն գիտական հրատարակութեանց պիտի ձեռնարկուի յառաջիկային: Արեւմտահայ գրողներու ձեռագրերը շատ փոքր թիւ մը կը կազմէին, վերջերս մեծապէս աւելցաւ անոնց թիւը:

Նոր ստացուած ձեռագրերուն մէջ հետաքրքրութեան արժանի է բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի դիւանը, զոր Ամերիկայէն Երեւան ղրկած է բանաստեղծին աղջիկը` Վերոն Սաֆրազեան:

Այս դիւանը կը բաղկանայ բազմաթիւ ձեռագրերը, բանաստեղծին ինքնագրութիւններէն, «Սարսուռներ» հատորին քերթուածներուն տարբերակներէն, որոնք մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Վարուժանի գործերուն գիտական հրատարակութեան համար: Այդ սեւագրութիւններէն իւրաքանչիւրը կը կրէ գրութեան թուականը եւ վայրը, օգտակար` ամէն մէկ քերթուածի ստեղծագործական պատմութեան տեսակէտով:

Վարուժանի դիւանին մէջ յայտնութիւն մը եղաւ. մինչեւ այժմ բանասիրութեան եւս անծանօթ, սկզբնական շրջանի գործ մը` «Ծաղկեփունջ» կամ «Բրգնիկցիի մը նուագները» քերթուածներու ժողովածու մը, որ պատրաստուեր է հրատարակութեան համար, բայց լոյս չէ տեսած` թրքական գրաքննութեան կողմէ արտօնութիւն ստացուած չըլլալով:

Բանասիրական մեծ արժէք կը ներկայացնէ նաեւ բանաստեղծին նամականին: Դիւանին մաս կը կազմեն Վարուժանին գրած բոլոր նամակներուն պատճէնները, ինչպէս եւ ժամանակին` իր գրչի ընկերներէն ստացուած նամակները:

Երեւանի Ժամացոյցի
Գործարանը

Ժամացոյց շինող գործարանը տենդագին կ՛աշխատի: Երեւան այցելողները, իբրեւ յիշատակ, երեւանեան զարթուցիչներ կը բերեն արտասահման: Իսկապէս սիրուն են այս ժամացոյցները: «Երեւան» թերթը կը գրէ (28 օգոստոս), թէ մեծ քանակութեամբ ապսպրանքներ կ՛ըլլան` Ռումանիայէն, Յունաստանէն, Պուլկարիայէն, Քուպայէն, Անգլիայէն, Հոլանտայէն, Կիպրոսէն, Իտալիայէն, Դանիայէն եւ դեռ բազմաթիւ այլ երկիրներէ: Ժամացոյցի գործարանը այս տարի 256 հազար նման ժամացոյց ղրկած է արտասահման: Այս տարի Ռումանիա ապսպրած է 108 հազար ժամացոյց, մինչեւ այժմ ղրկուած է 73 հազար, Քուպա ղրկուած է 35 հազար, Թունուզ` 5000, Թուրքիա պիտի ղրկուի 3000, Իրան ապսպրած է նուագող ժամացոյցներ:

ՅուշԵրեկոյ` Հ. Աճառեանին
Նուիրուած

Երեւանի համալսարանին մեծ դահլիճին մէջ վերջերս, տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ մը` Հրաչեայ Աճառեանին նուիրուած, մեծանուն հայագէտին ու լեզուաբանին մահուան տասնամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ բանասիրութեան եւ գիտութեանց ուսումնարաններու վարչութեանց:

Համալսարանին նախագահը` Վաչէ Նալբանդեան, բացման խօսքին վերջաւորութեան հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս յարգել վաստակաշատ լեզուաբանին յիշատակը:

Գիտութեանց ակադեմիայի թղթակից-անդամ Է. Աղայեան, որ աշակերտած է Հ. Աճառեանին, ներկայացուց վարպետին կեանքը եւ այն կոթողական գործերը, որոնք կը մնան իբրեւ արժէքաւոր նպաստ մը համաշխարհային լեզուաբանութեան մէջ:

Վրաստանի գիտութեանց ակադեմիային կողմէ խօսեցաւ Ա. Չիկորաւա` ներկայացնելով Հ. Աճառեանը իբրեւ լազերէնի հետազօտութեան հեղինակ: Հայաստանի գիտութեանց ակադեմիային կողմէ` Լ. Մելիքսեթ-Բէկ` նիւթ ունենալով «Հ. Աճառեանը եւ Սայաթ Նովայի հարցը», որ նոր լոյս կը սփռէ լեզուաբանութեան եւ սայաթնովայագիտութեան վրայ:

Խօսեցան նաեւ փրոֆեսէօրներ` Հ. Բարսեղեան (Հր. Աճառեանը հայոց լեզուի պատմութեան ուսումնասիրող), Գ. Սեւակ եւ Գ. Ջահուկեան, Աշոտ Յովհաննիսեան, Մօրուս Հասրաթեան եւ Ս. Բարխուդարեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )