Հոգեւոր Խորհրդածութիւն. Ինչո՞ւ Անհրաժեշտ Է Աստուածաշունչ Կարդալը

ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ

Ամէն երկիր ու ազգ, ամէն կառոյց ու կազմակերպութիւն, ամէն հաստատութիւն ու հիմնարկութիւն ունի իր կանոնագրութիւնը, որ կը ճշդէ, թէ ինչպէս իրեն անդամ կամ հպատակ եղող անձ մը պէտք է ապրի ու գործէ: Ահա նոյնպէս ալ քրիստոնեայ աշխարհը ունի իր աստուածապարգեւ կանոնագրութիւնը` Աստուածաշունչը: Արդարեւ, Աստուածաշունչը քրիստոնեայ աշխարհին կանոնագրութիւնն է, անոր հաւատքին աղբիւրն է, անոր կեանքին ուղեցոյցն է, առանց որուն` քրիստոնեայ աշխարհը չի կրնար Աստուծոյ կամքը գիտնալ ու կատարել: Արդ, ինչո՞ւ անհրաժեշտ է Աստուածաշունչ կարդալը: Բազմաթիւ պատճառներով.

1) Անհրաժեշտ է Աստուածաշունչ կարդալը, որովհետեւ անիկա մարդուն սիրտն ու հոգին կշտացնող կենսատու հացն է: Յիսուս ինքն իսկ կը վկայէ, թէ` «մարդ միայն հացով չ՛ապրիր, այլ` բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է» (Բ. Օրինաց 8.3: Մատթէոս 4.4): Յիսուս իր այս խօսքով, կ՛ուզէ ցոյց տալ մեզի, թէ Աստուծոյ Խօսքը ի՛նքն է, որ կ՛ապրեցնէ մարդը, կը կշտացնէ անոր հոգին, կը յագեցնէ անոր սրտի ծարաւը: Աստուծոյ Խօսքին աննիւթական հացը միայն կրնայ գոհացնել մարդուն աննիւթական հոգին: Յիսուս Աստուծոյ Խօսքը «հաց» կոչելով` մեզ կը հրաւիրէ ճաշակելու զանիկա, որպէսզի անով կենդանանանք, կենսաւորուինք եւ լիցքաւորուինք:

2) Անհրաժեշտ է Աստուածաշունչ կարդալը, որովհետեւ անիկա Սուրբ Հոգիին սուրն է, զոր պէտք է ամուր բռնել մեր ձեռքերուն մէջ: Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Առէք… Սուրբ Հոգիին սուրը, այսինքն` Աստուծոյ Խօսքը» (Եփեսացիս 6.17): Ո՛չ ոք կրնայ իր հոգեւոր պատերազմին մէջ յաղթել ու յաղթական դուրս գալ, եթէ երբեք իր ձեռքին ու սրտին մէջ չունի Աստուծոյ Խօսքին սուրը: Յիսուս իր երեք փորձութեանց ընթացքին Աստուծոյ Խօսքին սուրով էր, որ դէմ դրաւ սատանային հնարքներուն (Մատթէոս 4.3-10): Տէրը իր այս վերաբերմունքով սորվեցուց մեզի, թէ պէտք է Աստուծոյ Խօսքին սուրովը կռուիլ Չարին ու անոր չար հնարքներուն դէմ:

3) Անհրաժեշտ է Աստուածաշունչ կարդալը, որովհետեւ անիկա Աստուծոյ քաղցր Խօսքն է ու մեր կեանքը քաղցրացնողը. «Անգամ մը որ Տիրոջ Խօսքին համը առնէք, պիտի տեսնէք, թէ քաղցր է ան» (Ա. Պետրոս 2.3): Ինչպէս ճաշի մը համը կրնանք գիտնալ միայն այն ատեն, երբ ուտենք զայն, այնպէս ալ, Աստուծոյ Խօսքին համը կրնանք գիտնալ, եթէ սերտենք ու ճաշակենք զայն: Դարձեալ, ինչպէս երբ մտերմանանք անձի մը հետ, կրնանք ճանչնալ անոր քաղցրութիւնը, նոյնպէս ալ, եթէ մտերմանանք Աստուծոյ Խօսքին հետ, այն ատեն միայն կրնանք տեսնել ու ճաշակել անոր քաղցրութիւնը:

4) Անհրաժեշտ է Աստուածաշունչ կարդալը, որովհետեւ անիկա մեր կեանքը այլակերպելու զօրութիւնը ունի: Պօղոս առաքեալ խօսքը Տիմոթէոսին ուղղելով` կ՛ըսէ. «Մանուկ հասակէդ գիտես Սուրբ Գիրքերը, որոնք զօրութիւնը ունին քու միտքդ իմաստութեան բանալու, որպէսզի Քրիստոս Յիսուսի հաւատաս եւ փրկուիս» (Բ. Տիմոթէոս 4.15): Առաքեալը կը վկայէ, որ Սուրբ Գիրքերը զօրութի՛ւն ունին: Վկայութիւն մը, որ կը պարզէ,  թէ Աստուածաշունչը սովորական գիրք մը չէ, անզօր գիրք մը չէ, խեղճերուն ու տկարներուն համար գրուած գիրք մը չէ, այլ զօրութիւն ունեցող գիրք մըն է: Ի՞նչ տեսակ զօրութեան մասին է, որ կը խօսի առաքեալը. կը խօսի մեր միտքը իմաստութեան բանալու զօրութեան մասին: Խօսքը սովորական իմաստութեան մասին չէ, այլ` Սուրբ Հոգիով լեցուած իմաստութեան մը մասին, որ կ՛օգնէ մեզի ճանչնալու Քրիստոսը ու հաւատալու անոր` նպատակ ունենալով մեր փրկութիւնը:

5) Անհրաժեշտ է Աստուածաշունչ կարդալը, որովհետեւ անիկա ճշմարտութիւնը կ՛ուսուցանէ. «Սուրբ Գիրքերը օգտակար են… ճշմարտութիւնը ուսուցանելու» (Բ. Տիմոթէոս 3.16): Հաւատացեալ մարդուն համար Աստուածաշունչէն զատ չկայ ուրիշ գիրք մը, որ բացարձակ ճշմարտութիւնը կը պարունակէ ու կ՛ուսուցանէ: Աստուածաշունչին խորքը կազմող աստուածային յայտնութեան հեղինակը Աստուած ինքն է, եւ Աստուած անսխալական ըլլալով` իր Գիրքն ալ անսխալական է: Աստուածաշունչը որպէս երկնային յայտնութեան աղբիւր` ճշմարտութիւնը կը յայտնէ. ճշմարտութիւն մը, որ ազատութիւն կը բերէ, ինչպէս մեր Տէրը ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի ճանչնաք եւ ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհաննէս 8.32):

6) Անհրաժեշտ է Աստուածաշունչ կարդալը, որովհետեւ անիկա մեր հոգիները փրկելու զօրութիւնը ունի: Յակոբոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Հեզութեամբ ընդունեցէք ձեր մէջ սերմանուած Աստուծոյ Խօսքը, որ կրնայ ձեր հոգիները փրկել» (Յակոբոս 1.21): Աստուածաշունչ չկարդացող եւ անոր խօսքերը հեզութեամբ իր սրտին մէջ չընդունող մարդը իր հոգիին փրկութիւնը կորսնցնելու ենթակայ է: Առաքեալը Աստուծոյ Խօսքը հեզութեամբ ընդունելու մասին կը խօսի, որովհետեւ ա՛յս է մեզ դէպի փրկութիւն առաջնորդող ճամբան:

7) Անհրաժեշտ է Աստուածաշունչ կարդալը, որովհետեւ անիկա Աստուծոյ կենդանի եւ մշտնջենական Խօսքն է, որ հոգեւոր ծնունդ կու տայ մեզի. «Աստուծոյ կենդանի եւ մշտնջենական Խօսքով վերստին ծնաք» (Ա. Պետրոս 1.23): Ճշմարիտ ծնունդը մարմնաւոր ծնունդը չէ, այլ` հոգեւոր ծնունդը: «Հոգեւոր ծնունդ» ըսելով` կը հասկնանք մեղքի մէջ մեռած հոգիի մը վերածնունդը, այլ խօսքով` նորոգութիւնն ու արթնութիւնը Աստուծոյ կենդանի եւ մշտնջենական Խօսքին միջոցով:

8) Անհրաժեշտ է Աստուածաշունչ կարդալը, որովհետեւ անիկա մարդս սրբագործելու, այլ խօսքով` զայն ներքնապէս մաքրելու եւ Աստուծոյ ընծայելու զօրութիւնը ունի: Այս մասին մեր Տէրը կ՛ըսէ. «Հա՛յր, սրբագործէ զանոնք քու ճշմարտութեամբդ, որովհետեւ քու Խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհաննէս 17.17): Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ, թէ` «ամէն ինչ Աստուծոյ Խօսքով եւ աղօթքով կը սրբուի» (Ա. Տիմոթէոս 4.5): Այլուր առաքեալը կը վկայէ, թէ Քրիստոս իր կեանքը տուաւ եկեղեցիին համար, «որպէսզի ջուրի լուացումով զայն մաքրէ եւ իր Խօսքով սրբէ» (Եփեսացիս 5.25-26):

9) Անհրաժեշտ է Աստուածաշունչ կարդալը, որովհետեւ անիկա մեր կեանքի ճամբան լուսաւորող ճրա՛գն ու լո՛յսն է. «Քու Խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս` լոյս» (Սաղմոս 119.105): Ինչո՞ւ համար սաղմոսագիրը Աստուծոյ Խօսքը կը նմանցնէ ճրագի: Քրիստոսի ժամանակ սովորութիւն էր, որ իւրաքանչիւր ընտանիք ձէթով վառուող ճրագ մը ունենար եւ մթննալէ ետք զայն կախէր դուռին մէկ անկիւնը, որպէսզի տուն վերադարձող տնեցիին կամ իրենց քով այցելութեան եկող մարդուն տան ճամբան ցոյց տար: Սաղմոսագիրը Աստուծոյ Խօսքը ճրագի կը նմանցնէ ցոյց տալու համար, որ Աստուծոյ Խօսքը ի՛նքն է մարդուն Աստուծոյ տան, այլ խօսքով` անոր արքայութեան ճամբան ցոյց տուողը: «Ոտքերուս» բառը ցոյց կու տայ, թէ հաւատացեալ մարդը իր ամէն մէկ քայլին մէջ Աստուծոյ Խօսքով է, որ պէտք է առաջնորդուի: Իսկ «շաւիղներուս` լոյս» բացատրութիւնը, կը պարզէ թէ Աստուծոյ Խօսքը ի՛նքն է, որ կը լուսաւորէ ու ցոյց կու տայ այն ճամբան, ուրկէ պէտք է քալէ հաւատացեալ մարդը:

10) Անհրաժեշտ է Աստուածաշունչ կարդալը, որովհետեւ անիկա ունի բժշկարար ու ազատարար զօրութիւն, ինչպէս սաղմոսագիրը կը վկայէ. «Իր Խօսքը կը ղրկէ ու կը բժշկէ զանոնք ու կ՛ազատէ զանոնք կործանումէ» (Սաղմոս 107.20): Ամէն մարդ բժշկութեան կարիքը ունի: Ոմանք մարմնաւոր բժշկութեան կարիքը ունին, ուրիշներ` հոգեւոր բժշկութեան, ուրիշներ` սրտի բժշկութեան, ուրիշներ` մտքի բժշկութեան: Աստուծոյ Խօսքն է, որ կը բժշկէ կոտրած սիրտերը: Աստուծոյ Խօսքն է, որ կը բժշկէ մեղքով վիրաւոր հոգիները: Աստուծոյ Խօսքն է, որ կը բժշկէ ալեկոծ կեանքերը: Աստուծոյ Խօսքն է, որ կը բժշկէ խզուած յարաբերութիւնները ու «կ՛ազատէ զանոնք կործանումէ»: Այո՛, Աստուծոյ Խօսքը կ՛ազատէ մարդը կործանումէ, եթէ երբեք մարդը ուշադրութիւն դարձնէ Աստուծոյ Խօսքին ու հնազանդի անոր: Առանց Աստուծոյ Խօսքին առաջնորդութեան ապրող մարդը դէպի կործանում է, որ կ՛երթայ:

11) Անհրաժեշտ է Աստուածաշունչ կարդալը, որովհետեւ անիկա «կենդանի է եւ ազդու» (Եբրայեցիս 4.12): Կենդանի կը նշանակէ` ապրող, օրուան մարդուն անմիջական կեանքին հետ սերտ առնչութիւն ունեցող: Աստուածաշունչը անցեալին գրուած է, բայց անցեալին չի պատկանիր, այլ կը պատկանի բոլոր դարերուն: Ան կենդանի Աստուծոյ կենդանի Խօ՛սքն է, կենսատու Աստուծոյ կենսատու Խօ՛սքն է: Աստուծոյ նման` Աստուծոյ Խօ՛սքն ալ կեանք կը շնորհէ. ան կենդանարար զօրութիւն ունի, այլ խօսքով` մեղքի մէջ մեռածը կեանքի կոչելու երկնային զօրութիւն:

12) Յիսուս իր խօսքերը լսող եւ զանոնք գործադրող մարդը կը նմանցնէ «այն իմաստուն մարդուն, որ իր տունը ժայռի վրայ կը շինէ» (Մատթէոս 7.24): Յիսուս ո՛չ միայն իր խօսքերը լսելու, այլ նաեւ ու մանաւանդ` իր խօսքերը գործադրելու կարեւորութեան մասին է, որ կը խօսի: Հաւատացեալ մարդը ոչինչով կ՛օգտուի, եթէ երբեք Յիսուսի խօսքերը ունենայ իր մտքին մէջ, բայց չթարգմանէ զանոնք իր կեանքին մէջ: Այս ուղղութեամբ վեհափառ հայրապետը կ՛ըսէ. «Աստուածաշունչին բոլոր ուսուցումներն ու պատուիրանները պէտք է մարդու առօրեայ կեանքին մէջ գործնապէս թարգմանուին: Ի՞նչ կ՛արժէ ամէն օր Աստուածաշունչ կարդալ ու Աստուածաշունչը լաւապէս ճանչնալ, երբ Աստուածաշունչը մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը հունաւորող ու պայծառակերպող ներկայութիւն չէ մեր կեանքին մէջ: Պէտք է ապրիլ Աստուածաշունչը: Եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին սուրբ ու նահատակ դարձան անոնք, որոնք մարդկային կեանքի ամէնէն դաժան պայմաններուն մէջ իսկ Աստուածաշունչը կեանքի վերածեցին ու զայն աղօթքի, վկայութեան, պայքարի ու կենդանի թէ արեան նահատակութեան ճամբով վկայեցին. այլ խօսքով` Աստուածաշունչը գո՛րծնապէս ապրեցան: Ա՛յս պէտք է ըլլայ քրիստոնեային կեանքը»:

Անթիլիաս

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )