Խաչքար Ի՞նչ Կը Նշանակէ

ԵԱՍԵՄԻՆ ՉՈՆԿԱՐ
«Նոր Մարմարա»

Յայտնի թուրք լրագրող ու սիւնակագիր Եասեմին Չոնկար, որ անգլերէն յօդուածներ կը հրատարակէ համացանցի վրայ, հրատարակեց նոր յօդուած մը, որ կը վերաբերի Եգիպտոսի հետ առնչուած եւ Հայկական հարցը յուզող վերջին իրադարձութիւններուն: Եգիպտոսի առժամեայ նախագահ Ատլի Մանսուրի վերագրուած էր յայտարարութիւն մը, ըստ որու` Եգիպտոս, վրէժ լուծելու համար Թուրքիոյ կեցուածքէն, պիտի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս նիւթին շուրջ իր վերլուծումներն է, որ կ՛ընէ Եասեմին Չոնկար: Բայց այս վերլուծումէն առաջ ունի դիտարկութիւն մը, որ շատ ուշագրաւ է: Ան մօտաւորապէս հետեւեալը կը պատմէ (համառօտ կերպով կը թարգմանենք անգլերէնէն).

«Ես առաջին անգամ Եգիպտոսի մէջ է, որ սորվեցայ, թէ գաչքար ինչ կը նշանակէ: Անկէ առաջ, ինչպէս Թուրքիոյ մէջ բոլորը գիտեն, ինծի համար գաչքարը Անատոլուի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ լերան մը անունն էր: Թէ ինչո՛ւ այդպէս կոչուած էր այդ լեռը, լաւ չէինք գիտեր, բայց իմ երիտասարդի տրամաբանութիւնս ինծի մտածել կու տար, որ այս լեռը, որ ձիւնածածկ էր միշտ, Գաչքար կոչուած էր թրքերէն «գաչ» (խոյս տուր) եւ «քար» (ձիւն) բառերէն: Իմ այս տպաւորութիւնս յանկարծ բոլորովին տապալեցաւ, երբ օր մը Եգիպտոսի հայոց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնեցայ կանանչ մարմարեայ պատի մը առջեւ: Այդ պատին վրայ, աչքի բարձրութեան վրայ քանդակուած էին երկու աղաւնիներ, որոնց արանքին մէջ ալ քանդակուած էր խաչ մը: Եգիպտահայ պաշտօնակիցս Կարէն Մուրատեան, որ կ՛ընկերանար ինծի, ըսաւ.

– Գեղեցիկ խաչքար է, չէ՞:

Ես ցնցուեցայ այս բառը իմանալով: Կարէն զարմացաւ:

– Այս բառը լսած ես, գիտես, թէ ինչ կը նշանակէ, չէ՞,- ըսաւ:

Յետոյ ան ինծի բացատրեց, թէ խաչքարը միջնադարեան քրիստոնէական աւանդութիւն մըն է, որ քանդակուած ու զարդարուն խաչ կը նշանակէ: Այն ատեն հասկցայ, որ մեր ձիւնածածկ լերան անունը հայկական անուն մըն էր, ան հայկական անուն կը կրէր, ինչպէս կը կրեն Անատոլուի մէջ բազմաթիւ բնակավայրեր ու տեղեր: Մենք` թուրքերս, կամ գոնէ` ինծի նման հետաքրքիր թուրքեր, իւրաքանչիւրս տարբեր պատահարով մըն է, որ յանկարծ կ՛արթննանք ու կը սկսինք սորվիլ բաներ, որոնք մեզմէ թաքնուած էին աւելի առաջ: Եւ ասիկա ինքնազարգացում մըն է ընդդէմ այն տգիտութեան, որ կրթական մեր դրութեան մէջ մեզ կոյր դարձուցած է մեր նախնիներուն կողմէ գործուած ոճիրներու դիմաց: Գահիրէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի իմ այցելութիւնս ինծի համար առաջին քայլ մըն էր ահաւասիկ: Այնուհետեւ բազմաթիւ հայերու հետ հարցազրոյցներ ըրի 1915-ի մասին, յատկապէս եկեղեցի այցելեցի տեսնելու համար մէկուկէս միլիոն հայերու ի յիշատակ զետեղուած յուշարձանը: Կարէնը ինծի կը թարգմանէր այդ յուշարձանին վրայ գրուածները»:

Այս հետաքրքրական մուտքէն վերջ է, որ Եասեմին Չոնկար կը վերլուծէ նաեւ Եգիպտոսի այսօրուան կեցուածքը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կապակցութեամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )