Թրքական Ոստիկանութիւն- Ցուցարարներ Բախումներ
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ եւ Ատանայի մէջ թրքական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած է` ցրուելու համար ցուցարարները, որոնք կը բողոքէին Անգարայի ուսումնական կեդրոններէն մէկուն տարածքին մէջ ծառեր կտրելու իշխանութիւններու ծրագիրներուն դէմ:
Կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերը տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին ձերբակալուած է շուրջ տասը մարդ:
Ատանայի մէջ քանի մը տասնեակ մարդ հաւաքուած է Աթաթուրքի անուան այգիին մէջ` դէպի քաղաքի կեդրոն երթ կատարելու նպատակով: Երբ փողոցներէն մէկուն մէջ ոստիկանութիւնը փակած է ճամբան, ցուցարարները պատնէշներ հաստատած են եւ սկսած ոստիկաններու վրայ քարեր նետել: Անոնց դէմ օգտագործուած են արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ, ինչի պատճառով քանի մը վիրաւոր արձանագրուած է:
Պոլսոյ մէջ հարիւր հոգի խարոյկ վառած են եւ պատնէշներով փակած երթեւեկը Իսմեթ փաշա պողոտային մէջ:
Ցուցարարները դէմ են համալսարանի տարածքին մէջէն անցնող ինքնաշարժի ճամբայ կառուցելու Անգարայի իշխանութիւններու ծրագիրներուն, որոնք ծառերու հատում կ՛ենթադրեն: Ուսանողները արդէն քանի մը անգամ փորձած են դիմադրութիւն ցոյց տալ ոստիկանութեան, սակայն վերջիններս յաջողած են ցուցարարները ցրուել: