Սուրիան Ամերիկեան Հարուածէն Փրկելու Ձգտող Ռուսական Առաջարկ

Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր սուրիացի պաշտօնակից Ուալիտ Մոալլեմին յանձնած է սուրիական քիմիական զէնքերը վնասազերծելու եւ զանգուածային քանդումի զէնքերու տարածման արգիլման միջազգային համաձայնագիրին միանալու առաջարկ մը: «Եթէ քիմիական զէնքերուն վրայ միջազգային հսկողութեան հաստատումը զինուորական ուղղակի հարուածները կ’արգիլէ, սուրիական կառավարութեան հետ այդ ուղղութեամբ պիտի աշխատինք», ըսաւ ան` նշելով, որ «սուրիական կառավարութենէն արագ ու դրական պատասխանի մը կը սպասենք»:

Սուրիական պատասխանը չուշացաւ: Մոալլեմ, որ տակաւին Մոսկուա կը գտնուէր, յայտարարեց, որ իրենք կ’ողջունեն ռուսական առաջարկը` նշելով, որ իրենք «մեր ժողովուրդը ամերիկեան յարձակումէն փրկելու ռուսական իմաստութեան վրայ վստահութիւն» ունին:

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն ողջունեց Սուրիոյ քիմիական զէնքերը միջազգային հսկողութեան տակ դնելու համաձայնութիւնը եւ զայն «դէպի յառաջ մեծ քայլ մը» նկատեց: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ ռուսական առաջարկը մանրամասն ուսումնասիրութեան արժանի եւ ընդունելի է, «սակայն պայմաններով»:

Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածի ամերիկեան «հաւաստի սպառնալիքը» ռուսական առաջարկին առաջնորդած է, սակայն այդպիսի ծրագիր մը մանրակրկիտ քննարկումի կը կարօտի եւ Ուաշինկթըն սուրիական վարչակարգին վրայ վստահութիւն չունի: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են սուրիական քիմիական զէնքերու հարցը:

Քերրի երէկ Լոնտոնի մէջ յայտարարած էր, որ Ասատ ամերիկեան հարուածէն փրկուելու համար կրնայ իր բոլոր զէնքերը մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ միջազգային ընտանիքին յանձնել, «սակայն այդպիսի բան պիտի չկատարէ եւ արդէն ատիկա իրագործելի ալ չէ»: Ամերիկացի պաշտօնատարներ աւելի ուշ յայտնեցին, որ Քերրի ճոռոմաբանութիւն կը կատարէր եւ ոչ թէ լուրջ առաջարկ մը կը ներկայացնէր:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի դեմոկրատական մեծամասնութեան ղեկավար Հարրի Ռիտ երէկ գիշեր յայտարարեց, որ Ծերակոյտը չորեքշաբթի օր պիտի քուէարկէ Սուրիան հարուածելու Օպամայի առաջարկ¬բանաձեւին շուրջ: Այդ առաջին քուէարկութիւնը բանաձեւի քննարկումը արտօնելու շուրջ պիտի ըլլայ: Բանաձեւը 100 աթոռներէ բաղկացած Ծերակոյտին կողմէ նկատի առնուելու համար պէտք է 60 քուէ ստանայ, իսկ հետագային որդեգրուելու համար` 51 քուէ:

Քերրի. «Ասատ Կրնայ Յարձակումի Ենթարկուելէն Խուսափիլ,
Եթէ Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Իր Բոլոր
Քիմիական Զէնքերը Միջազգային Ընտանիքին Յանձնէ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ եւրոպական մայրաքաղաքներ իր շրջապտոյտին վերջին հանգրուանին Լոնտոնի մէջ բրիտանացի իր պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերը պէտք է բանակցութեանց սեղանին շուրջ հաւաքել, իսկ առաջնահերթութիւնը Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելն է: Ան ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը քաղաքական է եւ ոչ թէ զինուորական:

Քերրի ըսաւ, որ Օպամա գիտէ, թէ Քոնկրեսի լիազօրութիւնը խնդրելով դժուար որոշում մը տուած է եւ այդ լիազօրութեան որդեգրումը դիւրին պիտի չըլլայ: «Վստահ եմ, որ Քոնկրեսը ուշադիր կերպով պիտի լսէ Սուրիոյ վերաբերեալ Օպամայի բանաձեւը», նշեց ան` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին «քաղաքական լուծումի մը հասնելու համար տարիներու պիտի կարօտինք, եթէ հիմա Ասատը չդիմակայենք»:

Ան ընդգծեց, որ «քիմիական զէնքը անգամ մը եւս օգտագործելու առիթ պէտք չէ տրուի Ասատին»` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ ձեռնածալ մնալու վտանգը աւելի մեծ է, քան քայլերու ձեռնարկելը:

Քերրի ըսաւ, որ «Դամասկոսի մէջ Ղութայի դէմ արձակուած քիմիական հրթիռներու աղբիւրը հետապնդեցինք, եւ Սուրիա ու Իրան ընդունեցին, որ քիմիական զէնքով յարձակում կատարուած է, սակայն կը փորձեն ամբաստանել կողմեր, որոնք այդ զէնքը չունին»` աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը քիմիական զէնք չունի եւ զայն օգտագործել չի գիտեր:

Քերրի ըսաւ, որ «նոր պատերազմի մասին չենք խօսիր, այլ կը փորձենք Ասատը հաշուետուութեան կանչել` առանց որեւէ զինուոր ուղարկելու եւ նպատակասլաց, սահմանափակ եւ կարճաժամէտ ձեւով»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Ասատ կրնայ յարձակումէն փրկուիլ, եթէ քիմիական զէնքերը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին միջազգային ընտանիքին յանձնէ»:

Նշենք, որ ամերիկեան «Տը Տէյլի Քոլըր» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ «Քոնկրեսի որոշ անդամներ առաջարկած են սուրիական վարչակազմին 45 օր ժամանակ տալ` քիմիական զէնքի արգիլման մասին համաձայնագիրը ստորագրելու եւ մնացած քիմիական նիւթերու պաշարը ոչնչացնելու համար»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ քիմիական զէնքի օգտագործումը անպատիժ չի կրնար մնալ եւ պէտք չէ Ասատի` քիմիական զէնքի օգտագործման հերքումին հաւատալ: Ան ըսաւ, որ «Քերրիի հետ համաձայնեցանք, որ Սուրիոյ համար միայն քաղաքական լուծում կրնայ ըլլալ, եւ Ռուսիոյ հետ քաղաքական լուծումի մը համար աշխատանքը պիտի շարունակենք»` աւելցնելով, որ Լոնտոն պիտի շարունակէ Սուրիոյ դէմ հարուածին հարցով Ուաշինկթընին դիւանագիտական աջակցութիւն ցուցաբերել:

Լաւրով. «Սուրիան Հարուածելը Ահաբեկչութեան
Տարածման Պիտի Առաջնորդէ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ սուրիացի իր պաշտօնակից Ուալիտ Մոալլեմի հետ: Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին  Լաւրով յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ հարուածը շրջանին մէջ «ահաբեկչութեան տարածման» պիտի առաջնորդէ` վստահեցնելով, որ Դամասկոս պատրաստ է խաղաղութեան բանակցութեանց մասնակցելու:

«Հետզհետէ աւելի մեծաթիւ քաղաքագէտներ եւ պետական այրեր մեզի համակարծիք են, որ Սուրիոյ մէջ ուժի օգտագործման դիպաշարը դրացի երկիրներուն մէջ ահաբեկչութեան տարածման պիտի ծառայէ», ըսաւ ան:

Հանդիպումին ընթացքին Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիա մտադիր է սուրիական ընդդիմութենէն պահանջել, որ յստակ կերպով ու առանց նախապայմանի համաձայն գտնուի «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցութեան: Ան վերահաստատեց Ռուսիոյ այն կեցուածքը, թէ սուրիական տագնապին խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի եւ այդ տագնապը զինուորական լուծում չունի:

Լաւրով ըսաւ, որ Ռուսիա եւ Սուրիա Միացեալ Նահանգներուն կոչ կ՛ուղղեն` իրենց ջանքերը խաղաղութեան խորհրդաժողովի գումարման վրայ կեդրոնացնելու եւ ոչ թէ զինուորական գործողութեան մը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման ամբաստանեց 11 սեպտեմբեր 2001-ին Միացեալ Նահանգներու դէմ յարձակում գործած «ահաբեկիչներուն» աջակցելու յանցանքով:

Ան աւելցուց, որ իր երկրին դէմ ամերիկեան որեւէ յարձակում պիտի վտանգէ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը, որուն կ՛ուզէ մասնակցիլ Դամասկոս` աւելցնելով, որ «Ասատ ինձմէ խնդրեց իր ողջոյններն ու երախտագիտութիւնը փոխանցել Փութինին` Քսաններու խմբակի վեհաժողովէն առաջ եւ վերջ Սուրիոյ նկատմամբ իր արտայայտած կեցուածքներուն համար»:

Մոալլեմ շեշտեց, որ Դամասկոս համոզուած է, որ «Միացեալ Նահանգներ խոհրդաժողով մը չեն ուզեր»` նշելով, որ Ամերիկայէն պատերազմի փողերու ձայն կը լսուի:

Մինչ այդ, Իրանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց հարցերով յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի յայտնեց, որ Իրան Սուրիոյ դէմ ապօրինի եւ անտրամաբանական յարձակումի մը դիմաց ձեռնածալ պիտի չմնայ:

Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածի ուշացումը կը նշանակէ, որ անիկա աւելի ուժգին պիտի ըլլայ, որովհետեւ Սուրիոյ նախագահին բաւարար ժամանակ տրուեցաւ իր ուժերը, քիմիական զէնքերը Սուրիոյ տարածքին վերադասաւորելու:

Ասատ. «Սուրիոյ Դէմ Զինուորական Հարուածներու
Պարագային Ամէն Բան Նախատեսելի Է»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ զգուշացուց, որ «Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածներու պարագային ամէն բան նախատեսելի է»` նշելով, որ «սուրիական պատերազմին մէջ ներքաշուիլը Միացեալ Նահանգներու շահերուն կը հակասէ»:

Ասատ ըսաւ, որ Սուրիա զանգուածային քանդումի զէնքերուն դէմ է, ըլլան անոնք քիմիական, թէ հիւլէական: Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ դէմ յարձակումին պարագային յոռեգոյնը պէտք է նախատեսել:

Ասատ ըսաւ, որ ամբողջ աշխարհը նախագահ Օպամայի վարչակազմին նկատմամբ յուսախաբութիւն կը զգայ: Ան նաեւ ընդգծեց,որ որեւէ հարուած Սուրիոյ մէջ Քայիտայի թեւին տրամադրուած ուղղակի աջակցութիւն մը պիտի ըլլայ:

Տումայի Նախագահը Ցաւ Կը Յայտնէ Քոնկրեսին Հետ
Սուրիոյ Շուրջ Երկխօսութիւն Տեղի Չունենալուն Համար

Տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին ցաւ յայտնեց, որ ռուս երեսփոխանները չկրցան ամերիկացի քոնկրեսականներուն հետ Սուրիոյ շուրջ երկխօսութիւն կատարել` աւելցնելով, որ «մեծ ցաւ կը զգանք, որովհետեւ ամերիկացի մեր գործընկերները այդ երկխօսութենէն զգուշացան, ինչ որ ամերիկեան Քոնկրեսի անդամներուն մօտ տկարութեան կէտ մըն է»:

Ան ըսաւ, որ բոլորը պէտք է յիշեն, որ սուտ պատրուակ մը օգտագործուեցաւ Իրաքի միջամտելու համար` նշելով, որ «Սուրիոյ շուրջ կացութիւնը տակաւին բարդ է»:

«Եթէ օտար բանակի մը ուժը օգտագործուի, այդ մէկը մեծ վնաս պիտի պատճառէ ՄԱԿ-ին եւ համաշխարհային ապահովութեան ամբողջ համակարգին», ըսաւ Նարիշքին` նշելով, որ Տուման աշնանային իր նստաշրջանի սկիզբը Սուրիոյ մէջ կացութեան վատթարացման շուրջ հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակէ:

Նարիշքին նշեց, որ Սուրիոյ դէմ ուժի օգտագործման աջակցող երկիրներուն թիւը անոր դէմ եղողներուն բաղդատմամբ շատ փոքր է, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նման երկիրներու բնակչութեանց մեծամասնութիւնը իրականութեան մէջ Սուրիոյ դէմ արտաքին զինուորական գործողութեան դէմ է:

Միւս կողմէ, ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, 250 հրեայ ղեկավարներ, ներառեալ` Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի նոր դեսպան Ռոն Տրամըր Քափիթոլ Հիլ ուղղուած են եւ աշխատանք կը տանին քոնկրեսականները համոզելու Սուրիոյ դէմ հարուածին զօրակցելու:

«Սի.Էն.Էն.»-ի կատարած մէկ հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ թէեւ 10 ամերիկացիներէն 8-ն կը հաւատայ, որ Ասատի վարչակարգը իր ժողովուրդին դէմ քիմիական զէնք օգտագործեց, սակայն լայն մեծամասնութիւն մը չ՛ուզեր, որ Քոնկրեսը Սուրիոյ դէմ հարուածը արտօնող բանաձեւը որդեգրէ: 10 ամերիկացիներէն 7-ն կը յայտնէ, որ այդպիսի հարուած մը Միացեալ Նահանգներու շահերուն համար նկատառելի նպատակներ պիտի չիրագործէ: Նոյնքան թիւով ամերիկացիներ կը հաւատան, որ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին մէջ ներքաշուիլը Միացեալ Նահանգներու շահերուն չի նպաստեր:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )