ՔԱԿ Իր Զինեալներուն Թուրքիայէն Հեռացումը Կ՛առկախէ

ԱՖՓ եւ «Ռոյթըրզ» կը հաղորդեն, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) յայտարարած է, որ Անգարայի հետ խաղաղութեան հոլովոյթի ծիրին մէջ իր զինեալները Թուրքիայէն հեռացնելու առնչութեամբ մայիսին սկսած գործողութիւնը առկախած է` թրքական կառավարութիւնը ամբաստանելով խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ գոյացած համաձայնութեան ծիրին մէջ քայլերը չգործադրելու յանցանքով:

ՔԱԿ-ի առնչուած «Ֆըրաթ Նիուզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ կուսակցութիւնը նշած է, որ իր որոշումին պատճառը «քրտական հարցին մէջ որեւէ յառաջդիմութիւն չարձանագրելու թրքական կառավարութեան կեցուածքն է»` աւելցնելով, որ թրքական ուժերուն հետ գոյութիւն ունեցող զինադադարին յանձնառու պիտի մնայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )