2014-Ի Մոնտիալ. Այսօր` Հայաստան – Դանիա
Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 10 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Դանիան: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Լիբանանի ժամանակացոյցով:
Երէկ եւ նախանցեալ օր Հայաստանի հաւաքականը` Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ իր փորձերը կատարեց բարձր տրամադրութեամբ` պատրաստուելու համար վաղուան մրցումին:
Երէկ իր կատարած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան ըսաւ, որ ինք եւ իր մարզիկները ներկայիս Պրազիլի աւարտականներուն տոմս ապահովելու մասին չեն մտածեր, այլ կեդրոնացած են Դանիոյ դէմ կատարուելիք մրցումին վրայ միայն:
Երէկ ArmSport.am լրատուական կայքէջը յայտնեց, որ այս մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանէն:
Մրցումին նկարահանումը պիտի ապահովէ Գերմանիայէն ժամանած նկարահանողներու խումբը: