Քերրիի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին. Նախագահ Սլէյման Մերժեց Սուրիոյ Դէմ Զինուորական Հարուածը

Նախագահ Սլէյման եւ Շարպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիէն:

Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս քիմիական զէնքերու օգտագործումին պատճառած տագնապն ու այդ մասին ամերիկեան վարչակազմին կեցուածքները, ինչպէս նաեւ այս առումով ներկայիս ընթացող դիւանագիտական ջանքերը:

Նախագահ Սլէյման Քերրիի հետ հաղորդակցութեան ընթացքին վերահաստատեց, որ Լիբանան կը դատապարտէ քիմիական զէնքերուն օգտագործումը եւ անհրաժեշտ կը գտնէ յանցագործներուն դէմ պատժական տնօրինումները, որոնք պէտք է որդեգրուին ՄԱԿ-ին կողմէ, հեռու` արտաքին զինուորական որեւէ հարուածէ կամ միջամտութենէ:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց նաեւ, որ նման տագնապներու ընթացքին անհրաժեշտ է պաշտպանել քաղաքացիները, ինչ համայնքի կամ նահանգի որ պատկանին անոնք, յատկապէս քրիստոնեաները, որոնք մեծ վտանգներու կ՛ենթարկուին ի մասնաւորի Մաալուլա, Պլուտան եւ սուրիական այլ գիւղաքաղաքներու մէջ:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց սերտելու այն միջոցները, որոնք յարմարագոյնը պիտի ըլլան` օրինական եւ միջազգային առումով քաղաքացիներու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու:

Նախագահ Սլէյման կարեւոր նկատեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ օժանդակեն Լիբանանին 25 սեպտեմբերին Լիբանանի օժանդակող երկիրներու խմբակին կատարելիք խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու քայլերը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Նաժի Պուսթանի եւ Զիատ Պարուտ:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ ինք երբեք չի միտիր իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել. ան շեշտեց, որ ինք կը փափաքի նախագահի պաշտօնը իր լաւագոյն պայմաններուն մէջ յանձնել:

Նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ եթէ իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի, ապա ինք պիտի վիճարկէ այդ որոշումը:

Նախագահ Սլէյման կարեւոր նկատեց ազգային միասնականութեան ու քաղաքական բոլոր կողմերը միախմբող կառավարութեան մը կազմութիւնը եւ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը ի դերեւ ելած են:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ինք համաձայն է, որ Հըզպալլա մաս կազմէ կառավարութեան` աւելցնելով, որ ինք կը մերժէ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի դրութիւնը:

Սուրիոյ դէմ պատերազմի պարագային Հըզպալլայի հաւանական միջամտութեան ակնարկելով` նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ Հըզպալլա խոհեմ է եւ Լիբանանը նման տագնապի միջամուխ չի դարձներ:

Ան աւելցուց, որ ինք կը պահանջէ Հըզպալլայէն չմիջամտել, սակայն դժբախտաբար պատերազմի ընթացքին ոչինչ կարելի է երաշխաւորել:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )